
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 20 Փետրուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատմաբան Գէորգ Մելքոնեան նշած է, որ արցախեան շարժման 25ամեակը հայ ժողովուրդի պատմութեան փառապանծ էջերէն է. հայ ժողովուրդը միաւորման պարագային «դատապարտուած է» յաջողութեան, նշած է ան։
«Արցախեան շարժումը պատահական չի ձեւաւորուել, այն մարմնաւորում է մեր ժողովրդի տասնամեակներով սպասուած իղձերի իրականացումը: Արցախցիներն անգամ խորհրդային բռնաճշնումների տարիներին չվախեցան միաւորուել ու պայքարել իրենց անկախութեան համար: Իսկ սա ասում է մի բան. Արցախը երբեք չի կարող լինել Ադրբեջանի կազմում որեւէ կարգավիճակով», յայտնած է ան։
Ազատամարտիկ Դուշման Վարդանի մայրը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ ուրախ է, որ այսօրուան երիտասարդները արցախեան ազատամարտին ընթացքին նահատակուած իրենց զաւակներուն, անոնց թափած արեան եւ ապագայի յաղթանակներու ժառանգորդներն են: «Ամէն հայ պէտք է առաջնորդուի այն գաղափարով, որ Հայաստանը իւրաքանչիւր հայի հայրենիքն», դիտել տուած է ան։
Հերոսի մօր համաձայն՝ թշնամին չի կրնար պայքարել ժողովուրդի մը դէմ, որ ոտքի կանգնեցաւ եւ իր հողը պաշտպանեց արեան գնով: «Մենք ունենք ուժեղ բանակ: Մենք աշխարհի խոշոր տէրութիւններին ապացուցել ենք, որ մենք հայ կանք եւ կը մնանք: Իսկ հայրենիքի համար կռուելն ու զոհուելը փառք ու պատիւ է», նշած է Շամեանը:
Միջազգայնագէտ Մենուա Սողոմոնեան եւս յայտնած է, որ Արցախի ինքնորոշումը այլեւս կայացած փաստ է: «Միջազգային հանրութիւնը ռացիոնալ եւ պրագմատիկ շահերից ելնելով չի ուզում համաձայնել Արցախի սահմանադրական, իրաւական կարգավիճակի հետ: Պէտք է իրատես գտնուել եւ հասկանալ, որ Արցախի հարցում փոխզիջման գնալն անհնար է», ընդգծած է Սողոմոնեան՝ նշելով, որ դրացի Ատրպէյճանի նախագահին գործելաոճը տարբեր չէ անոր պապերու «մշակութասպան» գործելաոճէն: