
ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».– Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Գագիկ Խաչատրեան 20 Փետրուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ հարկային մարմնի 160 աշխատակիցներ լայնածիր ստուգումներու սկսած են «Ալեքս Գրիգ» ընկերութեան մէջ: Անիկա կը պատկանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանին:
«Բոլոր ոլորտներում բաւականին մեծ ստուերայնութիւն ունենք: Այս ծրագրերն ուղղուած են դաշտը մի ստանդարտի բերելուն, որպէսզի ո՛չ հարկային կառոյցներում աշխատողները, ո՛չ կարողութիւններ ունեցող մարդիկ չստեղծեն արտօնեալ դաշտ», յայտնած է Գ. Խաչատրեան: