ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի արուարձաններէն մէկուն մէջ 20 Փետրուարի երեկոյեան հայ մը առեւանգուած է։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան։
Առեւանգուած հայը մօտ վաթսուն տարեկան Ներսէս Աղայեանն է: Զայն առեւանգած են հանրային փոխադրակառքէն. զինեալները բարձրացած են փոխադրակառք, ստուգած են ուղեւորներուն անձնագիրները, ապա Ներսէս Աղայեանը իջեցուցած ու տարած են անյայտ ուղղութեամբ: Անոր ազատ արձակման համար փրկագին կը պահանջուի:
Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ միւս հայ առեւանգեալներուն՝ Գէորգ Գարաքուլեանին եւ հայ հոգեւորականին մասին տեղեկութիւն չկայ։
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին՝ Ռէյիսեան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս կացութիւնը հանդարտ է, թէեւ մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.