ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի Մէջ Հայ ոսկերիչներու միութեան կազմակերպած »Co/art« ցուցահանդէսը հանդիսաւոր կերպով աւարտեցաւ Փետրուարի 18ին, 15 միլոն դոլար արժող ամենամեծ դեղին ադամանդի ցուցադրութեամբ: Այդ ադամանդին վրայ աշխատած են 9 ամիս. անիկա 200 քարաթէն նուազած է 110ի՝ մաքրագոյն գեղեցկութեան:
Ըստ »Նուվել տ՛Արմէնի«ի՝ փակման արարողութեան ընթացքին Հայ ոսկերիչներու միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան եւ քարի սեփականատէր Յակոբ Բարդաղլեան՝ »HB Group«էն, կտրած են ժապաւէնը »ԷնթերՔոնթինանթալ« հիւրանոցէն ներս:
Ցուցահանդէսին մասնակցած են 23 ոսկերիչներ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն, որոնք ներկայացուցած են իրենց լաւագոյն գործերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.