ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ», «Անատոլու».- Դամասկոսի իշխանութեանց դէմ զինեալ պայքար մղող Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ Լիբանանի Հերմելի եւ Քսայրի շրջաններուն մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի զինուորական դիրքեր ռմբակոծած է Հինգշաբթի, Փետրուար 21ին, միաժամանակ սպառնալով ռմբակոծել նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի դիրքերը:
Միւս կողմէ, Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտարարեց, որ Սուրիական ազատ բանակը Լիբանանի դէմ ապահովական ոչ մէկ գործողութիւն պիտի կարենայ կատարել, աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն պաշտպանութիւնը պետութեան պարտականութիւնն է:
Մինչ այդ, Ռուսիա բուռն կերպով դատապարտեց իր դեսպանատան մօտ Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած պայթումը եւ «Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներուն եւ արմատականներուն վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր պետութիւններէն եւ կողմերէն պահանջեց ահաբեկչական արարքներու անմիջական դադրեցումը», որպէսզի Սուրիոյ մէջ համապարփակ երկխօսութիւն կատարելու մթնոլորտ ստեղծուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.