ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի «Եունիփրէ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Ալեքսանդր Թօփչեանի «Պանք Օթոման» վէպը ռուսերէնով՝ Անահիտ Թօփչեանի թարգմանութեամբ եւ փոխուած վերնագիրով՝ «Պանք Օթոմանի Գրաւումը»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՓանԱրմինեըն.նեթ»ը (PanArmenian.net): Ըստ վերջինիս՝ խորհրդային տարիներուն, հայ հեղինակներէն առնուազն 10-12 գիրք կը տպագրուէր Մոսկուայի մէջ: Պատկերը այսօր փոխուած է կտրուկ ձեւով: Մոսկուան, առաջուան պէս, այլեւս պարտաւորուած չէ թարգմանելու եւ ներկայացնելու անկախացած հանրապետութիւններու հեղինակները: Այսօր որոշողը շուկան է կամ՝ գործի գեղարուեստական մակարդակը: Տուեալ պարագային, հաւանական է, որ որոշիչը եղած է վերջինը:
Ապացոյց, որ անկախութենէն ետք ստեղծուած արձակ կամ չափածոյ գործերէն թերեւս ոչ մէկը այսպիսի ուշադրութեան չարժանացաւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ դուրսը: 2008ին Երեւանի մէջ տպագրուելէ ետք, վեց ամիս անց՝ 2009ին, վէպը դասական ուղղագրութեամբ Պէյրութի մէջ լոյս ընծայեց «Արծիւ» հրատարակչութիւնը, իսկ 2010ին զայն թերթօնով ամբողջութեամբ տպագրեց ՀՅԴ օրգան՝ «Երկիր» օրաթերթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.