
ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».- Երկուշաբթի, Փետրուար 25ին, Թուրքիոյ կառավարութեան շէնքին մէջ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Գերմանիոյ անոր պաշտօնակից Անկելա Մերքելի միջեւ հանդիպման մասնակցած են նաեւ Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդները:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, թէ իբրեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ ժողովին մասնակցած է պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, որ Հայոց պատրիարքարանին եւ Հայ համայնքին անունով անդրադարձած է պոլսահայ համայնքը յուզող խնդիրներու: Աթէշեան ընդգծած է, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը զուրկ է իրաւաբանական կարգավիճակէ՝ անդրադառնալով նաեւ անկէ բխող խնդիրներուն:
Արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան նոյն գիշեր Անգարայէն Պոլիս վերադարձած է: