ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Հակառակորդներու միջեւ կռիւը, միայն զէնքի ու բռնութեան կիրառումով չ՛ըլլար: Տարբեր աստիճանաւորումներ կան կռիւ մղելու: Խօսքի կռիւը, կամ բանավէճը, երբեմն այնքան սուր պայքարի կը վերածուի, որ միտքի տրամաբանական զարգացումով ընթանալու փոխարէն, նախատինքի ու հայհոյութեան կը վերածուի: Ապա, սուր բանավէճ մը կրնայ նաեւ ձեռքի կռիւի փոխակերպուիլ, երբ յանկարծ այդ հակառակորդները իրարու հանդիպին առանձին կամ՝ հրապարակային վայրի մէջ:
Հակառակորդներ առհասարակ քննութեան կ՛ենթարկեն միւսին կարողութիւնը: Ասոր ամէնէն պարզ օրինակը, երկու երկիրներու միջեւ հաւանական պատերազմի նախօրեակին կատարուած ռազմական քննութիւնն է: Ներկայ յառաջադէմ աշխարհի լրտեսական գործիքներով, արբանեակային կենդանի նկարահանումներով, անօդաչու ինքնաթիռներու արագ սաւառնումներով, հակառակորդ երկիրներ կը լրտեսեն միւսին ունեցած ոյժը, ռազմական տարբեր բաժանմունքները, ճակատամարտելու հնարաւորութիւնները եւ այլ կարելիութիւնները:
Բանավէճով կռուելու պարագային, ինչքան ալ ծանօթ ըլլան իրարու երկու հակառակորդ անձերը, կռուի ընթացքին ի յայտ կու գայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կարողութիւնը, համաձայն անոնց իմացական փայլութեան:
Երբեմն մէկուն կողմէ ցափռտուքի վերածուած գրութիւնը, պարզապէս երգիծական գրութեամբ կը պատասխանուի հակառակորդին կողմէ: Սա շատ վտանգաւոր պահ է, որովհետեւ պատասխանողը կրնայ կորսնցնել իր մտապաշարի բարձրութիւնը, եւ իյնալ հակառակորդի ստոր լեզուամտածողութեան ու ցածրորակ բառապաշարի դաշտին մէջ, ու անոր հետ տապլտկիլ փողոցային տիղմի մէջ: Այս մասնաւոր պարագային, մակարդակի անկումի հետեւանքով, կրնան տուժել դեռ գրական տուեալ սեռը, ընթերցողը, ու մանաւանդ հանրային կարծիքը տուեալ անձերուն մասին: Իսկ միակ շահողը այս ամէնուն մէջ, կ՛ըլլայ բուն իսկ հակառակութիւնը, որ թշնամութիւն կը ծնի:
Կռիւի տեսակներուն մէջ ամէնէն ծանրը ու ամէնէն մասնագիտականը, թերեւս ռազմական գործողութիւնները նկատուին: Սակայն, անոնք միայն արեան հեղումի ու նիւթական քանդումներու ու վնասներու հետեւանքներով արձանագրուած արդիւնքներ կու տան: Կայ աւելի ծանր ու աւելի մասնագիտական կռուատեսակը, որ հոգեբանական կռիւն է:
Ըմբշամարտի տարբեր տեսակներու դիտորդներ, կռուադաշտ մտնող մարզիկներուն ունեցած ոյժին մասին առաջին իսկ վայրկեաններէն կարծիք կը յայտնեն, դիտելով անոնց նայուածքը: Հոգեբանական կռիւը այն պահուն կը սկսի, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ ընկճել դիմացինը, իր խոր նայուածքով մտնելով անոր հոգեկան աշխարհէն ներս: Պատահած է նաեւ, որ իսկապէս զօրաւոր ու անպարտելի նկատուող կողմը, հոգեբանական այս պայքարին մէջ պարտուելով, նաեւ կորսնցնէ խաղը: Հոս ալ սակայն, կեդրոնացումի պակասը կրնայ ժխտական արդիւնք տալ: Ան որ կը դիմէ հոգեբանական պայքարի, պէտք է իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ միայն իր հակառակորդի ոյժին, կարողութեան, պայքարելու կամքին ու տկարութիւններուն վրայ: Տեսնուած է յաճախ, որ ըմբշամարտի մրցադաշտ մտնողներէն մէկը, հակառակորդի աչքերուն մէջ «կը կարդայ» անոր տկար կէտը, ու առաջին իսկ հարուածով կը գտնէ անոր թոյլ կողմը եւ անդադար հարուածելով, կը զգետնէ զայն:
Կռուի մէջ, վախկոտները յատուկ դասակարգ կը կազմեն: Ոմանք պիտի սիրէին ըսել, թէ վախկոտները բնա՛ւ կռուի չեն մտներ: Մենք հակառակ ենք այդ կարծիքին, յատկապէս այն պատճառով, որ ամէն մարդ իրեն յատուկ քաջութիւն մը կ՛ունենայ առհասարակ:
Կենդանական աշխարհին մէջ շատ բացայայտ երեւոյթ է ասիկա: Որսորդ առիւծին դիմաց երկչոտ եղնիկը անգամ, երբ անել կացութեան մատնուի ու զգայ թէ փախուստի ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ, իբրեւ վերջին փորձ, իր ամբողջ ուժերը հաւաքելով, կը ջանայ կոտոշներով վախցնել իր վրայ յարձակողը: Վստահաբար այդ պահուն անոր զգացած սարսափը անչափելի է, սակայն կեանքը պաշտպանելու իր մեծագոյն ճիգը ի գործ կը դնէ ան:
Կենդանական իւրաքանչիւր տեսակ, իրեն յատուկ ինքնապաշտպանական «զէնք» ունի: Ամէնէն անմեղը՝ ոչխարը անգամ, փոքրիկ կոտոշներ ունի տկար ու անզօր իր գլխուն վերեւ, հարկ եղած պահուն գործածելու համար: Ծովայինները եւս, փուշ, թունալից հեղուկ, իրենց յատուկ ատամներ, փաթթուելու ու խեղդելու մկաններ ու այլ ինքնապաշտպանութեան եւ որսի միջոցներ ունին, որոնցմէ շատերը դեռ ծանօթ չեն գիտական աշխարհին:
Մարդոց միջեւ կռուի պարագային, երբեմն խիղճը իր բարերար դերակատարութիւնը կ՛ունենայ: Կողմերէն մէկը կրնայ խղճալ միւսին՝ մարդ էակի նկատմամբ վսեմ գաղափարներ ունենալով: Անշուշտ մարդիկ իրենց հոգե-իմացական կազմաւորումով կը տարբերին իրարմէ: Ամէն մարդ ուրիշին վնասելու դիտում չունենար, նոյնիսկ անոր հետ թշնամանալէ ետք: Ոմանք անտեսումի քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրեն իրենց թշնամիներու նկատմամբ, ո՛չ թէ անպայման վախնալով անոնց ոյժէն կամ հակառակութենէն, այլ՝ պարզապէս անոնց վնասելու դիտում չունենալու պատճառով:
Անտեսելն ու հեռանալը լաւագոյն լուծումներն են երբեմն, առաջքը առնելու համար հաւանական արիւնահեղութեան: Սակայն, ինչպէս վերեւը ըսուեցաւ, կողմերը նոյն հոգե-իմացական կազմաւորումը կրնան չունենալ, եւ անոնցմէ մէկը՝ նուազ կրթուածը, կրնայ «կռիւ փնտռել», ձեռնոց նետել, ու ցեխի մէջ քաշել զինք անտեսողը: Այս պարագային դարձեալ փորձութեան դիմաց կը գտնուի վսեմութիւն ունեցող կողմը: Պատկերաւոր բացատրութիւն կայ այս մասին, որ առակային արժէք ունի նաեւ:
Փողոցին մէջ իրարու դէմ ելլող հակառակորդներ, տեսնելով որ փայտ կամ հարուածելու ուրիշ իր չկայ, գետնէն քարեր կը վերցնեն իրարու վրայ նետելու եւ թշնամին փախցնելով նահանջի մատնելու համար: Երկուքէն ան, որ վեհութիւնը ունի թշնամին անտեսելու ու վերջ դնելու կռուին, ամէնէն խոշոր քարին կ՛երկարէ ձեռքը, իբրեւ թէ զայն պիտի նետէ թշնամիին գլխուն: Հակառակորդը երբ կը տեսնէ այդ, արդէն կ՛իմանայ թէ նոյնիսկ երբ նետուի այդ քարը, իր գլխուն պիտի չհասնի, եւ ինք իրեն կը մտածէ ըսելով.
_ Նետելու քար չէ՛ ատիկա:
Այն ատեն ան կը հասկնայ թէ դիմացինը իրեն հարուածելու նպատակ չունի, ու ամօթահար կը հեռանայ:
Ուրեմն, վերցուցած «քար»իդ չափը կրնայ համոզել թշնամիդ, թէ՝ ի՞նչ է քու նպատակդ: Եթէ ձեռքդ կը մեկնես ծանր քարին, այդ չի՛ նշանակեր թէ անպայման մեծ հարուած կ՛ուզես հասցնել թշնամիիդ: Այլ՝ կ՛ուզես պարզապէս հեռացնել զայն քու շրջապատէդ, հոգեբանական պատերազմ մղելով անոր դէմ:
Ամէնէն վայրագ ու կատաղի շուներն անգամ, հոգեբանական նոյն կռիւին մէջէն պարտուած դուրս կու գան, երբ տեսնեն թէ իրենց հակառակորդը փայտը լքած, անտարբեր կանգնած է, կամ հանդարտ քայլերով կը հեռանայ, անտեսելով իր լորձնաշուրթն հաջոցները: