ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Առողջապահութեան մարզին մէջ պետական ծախսերու կրճատումներուն հետեւանքով ստեղծուած բացը մասմաբ փակելու համար, Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը որոշած է գործակցիլ քաղաքին մէջ գործող ոչ շահաբեր կազմակերպութեան մը հետ, քաղաքի ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն առողջապահական սպասարկութիւններ տրամադրելու նպատակով:
Արդարեւ, «All For Health, Health For All» ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւնը, որ արդէն իսկ երեք դարմանատուներ ունի քաղաքին մէջ, Ապրիլ 1էն սկսեալ պիտի սկսի իրականացնելու թմրեցուցիչի գործածութեան ու այլ մոլութեանց դէմ ծրագիր մը՝ օգնելու համար յատկապէս մոլութիւններով տարուած քաղաքի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Նոր դարմանատունը պիտի սկսի գործելու պատմական «Cedar House» կառոյցին մէջ (141 S. Cedar St.), որ կը պատկանի քաղաքապետութեան:
Նախաձեռնութիւնը փոքր կրնայ թուիլ ոմանց, սակայն քաղաքի գործավար Սքաթ Օչօուան կը յայտնէ, թէ ծրագիրը ապագային նախատեսուած նման ծրագիրներու նախաքայլն է, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ նուազ գումարներով հասնիլ քաղաքացիներու առողջապահական կամ այլ կարիքներուն:
Ծրագիրին գլխաւոր թիրախը պիտի ըլլան հայ ու սպանախօս երիտասարդներն ու անոնց ընտանիքները, որոնք մոլութիւններէ ձերբազատելու կարիքն ունին:
Ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւնը արդէն իսկ որոշ գումար մը ապահոված է ծրագիրին համար եւ քաղաքը անկէ ամսական միայն 500 տոլար պիտի գանձէ՝ փակելու համար կառոյցը գործածելու ծախսերը: «All For Health, Health For All»ը աշխատանք կը տանի նաեւ դաշնակցային ու գաւառային նպաստներ ստանալու՝ իր գործունէութիւնը ընդարձակելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.