
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի, Ապրիլ 12-14, ֆրանսական «Տըլէեաման» նուագախումբը երեք համերգներ պիտի տայ Կլենտէյլի «Լունա» թատերասրահին մէջ: Իւրաքանչիւր ներկայացումէ առաջ ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Լոս Անճելըսէն երգիչ Սթիւ ՄըքՔորմիք: Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերու համերգները պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ Կիրակի օրուանը՝ ժամը 7ին:
Հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան իւրայատուկ միաձուլում մը ներկայացնող «Տըլէեաման»ը հիմնուած է 2000 թուականին, հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ, գլխաւորութեամբ Արետ Մատիլեանի:
Համերգներու տոմսերուն սակը 25 տոլար է: Տոմսեր ապահովելու համար, այցելել http://www.itsmyseat.com/Deleyaman կայքէջը կամ դիմել (818) 500-7200 թիւին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.deleyaman.com կայքը:
«Լունա» թատերասրահին հասցէն է՝ 3706 San Fernando Rd Glendale, CA: