
Իր տեղեկութիւնը «Զաման»էն քաղելով՝ «Մարմարա» Մարտ 6ին կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Գերմանիոյ մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին խօսած է իսլամ, քրիստոնեայ եւ հրեայ կրօնքներու միասնաբար ապրելու կարելիութիւններուն մասին եւ ներողութիւն խնդրած է փոքրամասնութիւններու նկատմամբ անցեալին մէջ գործուած անիրաւութիւններուն համար՝ միաժամանակ կոչ ընելով անոնց, որ, եթէ կը փափաքին՝ թող Թուրքիա վերադառնան, պնդելով, թէ ներկայիս սրբագրութիւններ կը կատարուին փոքրամասնութեանց դէմ անիրաւութիւններուն կապակցութեամբ:
Միւս կողմէ, սակայն, ցոյց տալով, թէ որքա՛ն մակերեսային են նման «ներողութիւններ»ը՝ ասորական «Acsatv» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Շուէտի մէջ, Եւրոմիութեան հետ Թուրքիոյ գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ ցնցիչ եւ վիրաւորական յայտարարութիւն մը կատարած է ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին նկատմամբ՝ զայն համեմատելով՝ գիջութեան հետ: Ան այս պոռթկումը ունեցած է, երբ ասորական ծագում ունեցող շուէտացի խոր-հրդարանական մը նեղ կացութեան մատնած է զինք: Սակայն, «զգայուն» նախարարը, իր յայտարարութեան ստեղծած լռութիւնը ի՛նք իսկ խզելով՝ փորձած է կացութիւնը մեղմացնել՝ ներողութիւն խնդրելով հանդիպման ներկայ եղող Թուրքիոյ դեսպանէն եւ ըսելով, թէ իր խօսքը յարմար չէր, կնոջ մը ներկայութեան…