ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 6ին, Վենեզուելլայի Ուկօ Չաւեզի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ անոր դագաղին ընկերացան, երկիրի զինուորական գլխաւոր վարժարանի ճամբուն վրայ: Դիակը հոն պիտի մնայ երեք օր, մինչ պատրաստութիւններ կը տեսնուին մեծ շուքով կատարելու համար նախագահին յուղարկաւորութիւնը: Վենեզուելլայի փոխնախագահ Նիքոլաս Մատորօ Երեքշաբթի օր գուժեց Չաւեզի մահը: Չաւեզ աւելի քան երկու տարի պայքարած էր քաղցկեղի դէմ: Չաւեզ յայտնի դարձած է Վենեզուելլայի մէջ ժողովրդավարական ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան հիման վրայ կառավարման համակարգ մը ստեղծելու քայլով ու ջատագովն էր Լատին Ամերիկայի երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական համարկումին: Ան խիստ քննադատող մըն էր կայսերապաշտութեան, համաշխարհայնացման ու Միացեալ Նահանգներու դրամատիրական կարգերուն: Վենեզուելլայի կառավարութիւնը եօթնօրեայ սուգ հռչակած է եւ ըստ սահմանադրութեան՝ նախագահական ընտրութիւններ պէտք է կատարուին ամիս մը ետք:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ Չաւեզի մահէն ետք Ուաշինկթըն «շահագրգռուած է Վենեզուելլայի հետ կառուցողական յարաբերութիւններով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.