
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թերուար» եռեակը, իր ուժերը միացնելով Պրայըն Ուալշի (քլարինեթ) հետ, Կիրակի, Մարտ 10ին, երեկոյեան ժամը 5ին պիտի ներկայացնէ իր «Խորհրդաւոր անցարգելներ» համերգներու շարքին յաջորդ ելոյթը, «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կեդրոնի «Թրբանճեան» սրահին մէջ (543 Arden Avenue, Glendale, CA, 91203): Պիտի ներկայացուին Տիգրան Մանսուրեանէն, Արթուր Ավանեսովէն, Յարութիւն Տելլալեանէն, Ալպան Պըրկէն ստեղծագործութիւններ:
Եռեակը բաղկացած է դաշնակահար Ծովիկ Մարգարեանէն, թաւջութակահար Տերիք Սթայնէն եւ Մարք Մենզիէսէն, որ ջութակով, ջութով կամ դաշնակով կը բերէ իր մասնակցութիւնը:
Մուտքի սակը 20 տոլար է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-9997 թիւին:
Նոյն համերգը պիտի ներկայացուի նաեւ Շաբաթ, Մարտ 16ին, կ.ա. ժամը 11ին, «ՔելԱրց»ի «Ուայլտ Պիսթ» սրահին մէջ: