
Ուրբաթ, Մարտ 22, 2013ին, ժամը 8ին, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը իր Գործադիր մարմինի վարչութեան, Մշակութային եւ Մխիթարեան վարժարանի սանուց յանձնախումբերու համագործակցութեամբ, Միութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը՝ նիւթ ունենալով «Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեան եւ ուսումնասիրութեան յայտագիրները Միացեալ Նահանգներուն մէջ». այս ուղղութեամբ՝ որքա՞ն եւ մինչեւ ո՞ւր յառաջդիմած ենք…:
Ընթացքին խօսք պիտի առնէ պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամ: Ան նախագահն է Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնին, Մեսեչուսեցի «Գլարք» համալսարանին մէջ: Սոյն համալսարանը կը հայթայթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան միակ պատմագիտական յայտագիրը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին: Փրոֆ. Թաներ Աքչամ ընկերաբանութեան գիտական ուսումնասիրութեանց աշխատանքին սկսած է Համպուրկի մէջ:
Աքչամ 11 գիրքեր գրած է պատմութեան եւ ընկերաբանութեան մասին, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ յօդուածներ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ թրքերէն լեզուներով: Ան ճանչցուած է որպէս առաջին թուրք պատմագէտը, որ գրած է հատոր մը «Քաղաքական բռնաբարումն ու տանջանքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» նիւթով: Լայնածաւալ ձեւով ճանչցուած իր մէկ այլ հատորն է «A shameful act, The Armenian Genocide and the Turkish Responsibility»:
Դասախօսութեան քն-նարկման բաժինը պիտի կատարէ փրոֆ. Ռիչըրտ Հրայր Տէքմէճեանը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ (USC) համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու ամպիոնի, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց հիմնարկի հիմնադիրն ու տնօրէնը: Փրոֆ. Տէքմէճեան եղած է Ամերիկեան բանակի վեթերան, աշխատած է իբրեւ խորհրդատու՝ կարգ մը գործակալութիւններու, ընկերութիւններու եւ օտար պետութիւններու: Փրոֆ. Տէքմէճեան ունի դոկտորի տիտղոս «Քոլոմպիա» համալսարանէն. անոր ուսուցումները սկզբնականօրէն կեդրոնացած են աշխարհի ղեկավարութեան, ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութիւններու, ահաբեկչութեանց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեանց եւ Հայկական հարցի ուսումնասիրութեան վրայ:
Ձեռնարկի գլխաւոր դասախօս փրոֆ. Աքչամ, նուիրումով լծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ծալքերը ուսումնասիրելու լուրջ աշխատանքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար ակադեմականներ եւ պատմագէտներ պատրաստելով: Աքչամ կը շեշտէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցումը խնդրայարոյց հարց է երկրագունդի տարածքին: Սակայն այստեղ կայ լուրջ մտահոգութիւն մը, որն է՝ նիւթական յատկացումներու պակասը, որ իր կարգին կը սահմանափակէ ուսանողներուն թիւը, որոնք մեր ապագան են: Սոյն խոստմնալից թեկնածուներն են, որոնք պիտի հայթայթեն լաւագոյն հետազօտութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց զարգացման եւ յառաջացման ի նպաստ:
Նկատի ունենալով այժմու Թուրքիոյ նենգամիտ մօտեցումը՝ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելով ամերիկեան համալսարաններու մէջ զարգացնել այնպիսի յայտագիրներ, որոնք կը քաջալերեն Ցեղասպանութեան ուրացումը, այդ մօտեցումը արդէն իսկ ակադեմական շրջանակները վարակելու վտանգի ճամբուն վրայ է: Այս միտումին դէմ պայքարելու ամենակարեւոր միջոցն է՝ պատրաստել նոր պատմագէտներ, որոնք պիտի արգիլեն սոյն ուրացման մուտք գործելը ուսման շրջանակներ: Աքչամ կ՛ուզէ սոյն մարզով հետաքրքրուած ուսանողներուն համար վերոյիշեալ ահազանգը կանխել՝ դրամահաւաք կատարելով, որպէսզի որակաւոր ուսանողներու համար կրթաթոշակներ ապահովուին: Սոյն ուսանողներն են, որոնք, ըստ Աքչամի, իրենց կատարած հետազօտութիւններով պիտի հայթայթեն լաւագոյն ձեւով ուսումնասիրուած պատասխաններ՝ ուրացողներուն համար: Անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց ուսումնասիրութիւնները կատարելու եւ մեր դատը պաշտպանող պատմագէտներ դառնալու ճամբուն վրայ կը դիմագրաւեն նիւթական տագնապ ու անորոշութիւն: Նաեւ, անոնք են, որոնք պիտի պահեն ուսումնասիրութիւններու մղիչ ուժը՝ դառնալով ապագայ Վ. Տատրեաններ, Ռ. Յովհաննէսեաններ եւ Աքչամներ:
Իսկ նման դասախօսական ձեռնարկի մը կազմակերպման բուն նպատակն է՝ մեր գաղութին մէջ իմացութիւն ստեղծել «Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց յայտագիրները՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ» նիւթին շուրջ: Մենք կը հաւատանք, որ սոյն հասկացողութիւնը հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ այս աշխատանքին հանդէպ: Սակայն տակաւին կայ իրականութիւն մը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը», որ հետզհետէ դարձած է աւերող չարիք մը մեր կեանքին մէջ, եւ փրոֆ. Թաներ Աքչամի ջանքը՝ պատմագէտներ պատրաստելու ուղղութեամբ, շատ աւելի դժուար դարձած է նիւթական գետնի վրայ:
Հետեւաբար, համայն հայութեան եւ մեր պարտականութիւնն է, իբրեւ հայեր, ճամբայ բանալ անոնց, որպէսզի կարենան այդ մեծ պատասխանատուութիւնը ստանձնել ամբողջովին, մեծ եռանդով, ինչպէս նաեւ՝ իրենց կատարելիք հետազօտութիւններով միջազգային եւ գիտական շրջանակներու մէջ հեղինակաւոր յարաբերութիւններ մշակել: Անո՛նք պիտի ըլլան նոր վերազարթօնքի մը նուիրեալ պատմագէտները:
Զոհողութեան ճամբով մեր Դատը ճանաչում գտնել տալու համար, մեր նշանաբանը մեր գիտակցութեան մէջ չդառնա՛յ խօսք, չմնա՛յ գիր:
Մենք, իբրեւ Պոլսահայ միութիւն, կը հրաւիրենք մեր հայ ժողովուրդը ունկնդրելու այս յոյժ կարեւոր դասախօսութիւնը՝ զոյգ փրոֆեսէօրներու կողմէ տրուած, մեր Միութեան սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306: Մուտքը ազատ է եւ ձեռնարկի աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ