
ԸՐՎՅԱՆ.- Յասմիկ Փիլիպոսեան յօդուածով մը կը տեղեկացնէ, թէ Փետրուար 25ի երեկոյեան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ հակահայ քարոզչութիւն կատարելող Ատրպէյճանցի ուսանողներու միութեան կազմակերպիչները եւ Խոջալուի մէջ այսպէս կոչուած «ցեղային զտման» փորձին մասին ֆիլմ մը պատրաստած Թամըս Կոլց նեղ կացութեան մատնուած են՝ չկարենալով պատասխանել համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՅԴ կոմիտէութեան, ՀԵԴ ուխտին ու Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ իրենց կատարուած հարցումներուն:
Ֆիլմին մէջ կատարուած էր այն պնդումները, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լայնախոհ են եւ հանդուրժողական քաղաքականութիւն կը ցուցաբերեն փոքրամասնութեան նկատմամբ: Հարց-պատասխանի ժամանակ, հայ ուսանող մը հարց տուած է, թէ այս պնդումները ինչպէ՞ս կարելի է համեմատել Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հայերու ջարդերուն մասին հատոր մը գրած ատրպէյճանցի հեղինակ Աքրամ Այլիսլիի հալածանքին կամ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ատրպէյճանցի սպան հերոսացնելու քայլերուն հետ: Իբրեւ պատասխան՝ Կոլց ոտքի կանգնելով բանաստեղծութիւն մը արտասանած է՝ իր անհեթեթութեամբ ապշեցնելով ներկայ ուսանողները: Այլ հայ ուսանող մը նաեւ յիշեցուցած է, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս արժանացած է «Տարուան անձը» ընտրուելու «պատիւին»՝ Կազմակերպեալ ոճրագործութեանց եւ զեղծարարութեանց ուսումնասիրութեան ծրագիրին կողմէ, որուն իբրեւ պատասխան՝ Կոլց ըսած է, թէ Ալիեւ իր գործելաձեւը պէտք է փոխէ:
Յատկանշական է նաեւ, որ ներկայ ատրպէյճանցիները գրեթէ լուռ մնացած են ձեռնարկին ընթացքին: