ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի ուսուցիչներու միութեան զօրակցութիւնը ապահովելէ ետք, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան իր թեկնածութիւնը դրած Զարեհ Սինանեանը կրցած է ապահովել նաեւ քաղաքի կրթական մարզի շարք մը կարեւոր ներկայացուցիչներու զօրակցութիւնը:
Արդարեւ, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ Քրիսթին Ուոլթըրզ ու փոխնախագահ Նայիրի Հայրապետեան, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան նախագահ դոկտ. Արիմնէ Յակոբեան յայտարարած են, թէ զօրավիգ պիտի կանգնին Սինանեանի ընտրապայքարին:
«Հպարտ եմ զօրակցական այս կոչերով: Վերջին քանի մը շաբաթներուն, հանդիպումներու շարք մը ունեցած եմ Կլենտէյի կրթաշրջանէն ներս գործող ուսուցիչներու եւ հոն աշակերտներ ունեցող ծնողներու հետ, աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու համար կրթական մարզի բարեկարգման նպատակով իմ ներկայացնելիք երկարամեայ ծրագիրը: Նաեւ համոզուած եմ, որ պէտք է միջոցներ որդեգրել՝ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին ու Կլենտէյլի համայնքային համալսարանին, ինչպէս նաեւ քաղաքապետութեան միջեւ կապերը ամրապնդելու նպատակով, աւելի լաւ հասկնալու համար աշակերտութեան ու այդ կառոյցներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները», կը յայտնէ Սինանեան:
«Զարեհ շատ լաւ հասկցած է, թէ յոյժ կարեւոր կապ մը գոյութիւն ունի վարժարաններու հզօր համակարգի մը եւ առողջ ու աշխոյժ համայնքի մը միջեւ, այդ պատճառով ալ, ան արժէքաւոր գործակից մը պիտի ըլլայ մեր վարժարաններն ու քաղաքը աւելի լաւ վայր մը դարձնելու աշխատանքին մէջ», կը յայտնէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ Քրիսթին Ուոլթըրզ:
«Իբրեւ դասախօս ու Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ՝ կարիքը կը զգամ քաղաքապետական խորհուրդին մէջ մեր վարժարաններու եւ աշակերտներու ջատագովներու ձայներուն: Ականատես եղած եմ քաղաքէն ներս Զարեհի տարած գործունէութեան եւ անոր կարեւոր ներդրումներուն, այդ պատճաով ալ որոշած եմ զօրակցիլ անոր ընտրութեան», կ՛աւելցնէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի փոխնախագահ Նայիրի Հայրապետեան:
«Զարեհ Սինանեան շատ ուղղամիտ անձ մըն է, որ իսկապէս նուիրուած է Կլենտէյլին: Ան ցոյց տուած է, թէ կարելիութիւնը ունի յաջողապէս կատարելու միջնորդի դերակատարութիւն՝ իրարու մօտեցնելով զանազան խմբաւորումներու կեցուածքները: Անոր ղեկավարման ձիրքերը, մաքուր նկարագիրը եւ օրինական հարցերու մօտիկ ծանօթութիւնը, զինք կը դարձնեն Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող լաւագոյն թեկնածուներէն մէկը, եւ այդ պատճառով ալ նեցուկ կը կանգնիմ անոր ընտրութեան», կ՛եզրակացնէ Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան նախագահ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.