
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց ելեւմուտքի գլխաւոր պաշտօնատարը՝ Ճան Չենկ, իր վստահութեան քուէն տուած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող Զարեհ Սինանեանին՝ նշելով, թէ ինք եւս նեցուկ պիտի կանգնի անոր ընտրապայքարին. այս մասին կը տեղեկացնէ Սինանեանի ընտրապայքարի գրասենեակը:
«Զարեհը ժրաջան աշխատանք տարած է Կլենտէյլի քաղաքին համար, իբրեւ քաղաքին զբօսավայրերու ու համայնքային բարգաւաճման ծրագիրներու յանձնաժողովներու անդամ: Անոր հետ զրուցելէս ետք նկատեցի, թէ Կլենտէյլի ապագային նկատմամբ անոր տեսլականը հիմնուած է բազմազանութեամբ յատուկ այդ քաղաքին իր մօտիկ ծանօթութեան վրայ: Ան նաեւ կը գիտակցի, թէ կենսոլորտի պահպանումն ու գործարարներ ներգրաւելու աշխատանքը եւս յոյժ կարեւոր է քաղաքի ապագայ զարգացման համար: Զարեհը իմ ամբողջական աջակցութիւնը կը վայելէ, դառնալու համար Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նորագոյն անդամը», կը յայտնէ Չենկ:
Եօթը տարի առաջ իր պաշտօնը ստանձնած Ճան Չենկը յատկանշական աշխատանք տարած է նահանգային ելեւմտային տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ թափանցիկ ու քաղաքացիներուն հաշուետու դարձնելու ուղղութեամբ: Անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան որքա՛ն մեծ վստահութիւն ունի Կլենտէյլ քաղաքի տնտեսական ապագան ամուր հիմերու վրայ դնելու նպատակով՝ Սինանեանի ծրագիրներուն նկատմամբ:
Այս առիթով, Սինանեան շեշտեց, թէ ամէն ջանք պէտք է տարուի, որպէսզի ամավարկէն վերցուին աւելորդ ծախսերը ու կասեցուին որեւէ ձեւի շահագործումներ, ինչպէս՝ բնական հարստութեան շահագործումը:
Ապրիլ 2ին կայանալիք Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց կը մասնակցին 12 թեկնածուներ՝ լեցնելու համար 5 հոգինոց խորհուրդին երեք թափուր աթոռները: