ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սահմանադրական դատարանին մէջ նախագահական նախկին թեկնածուներ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Անդրիաս Ղուկասեանի դիմումներու գործով տեղի ունեցող քննութեան ընթացքին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի իրաւախորհրդատու Կարէն Մեջլումեանը եւ ղեկավարման պատասխանատու Զարուհի Փոստանջեանը ներկայացուցած են շարք մը միջնորդութիւններ, իսկ դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան նկատել տուած է, որ եթէ այսպէս շարունակուի, ապա «Սերժ Թանգեանն էլ միջնորդութեամբ կը գայ դատարան»: Զարուհի Փոստանջեան պահանջած է Սահմանադրական դատարան բերել 1988 ընտրատեղամասերու պարկերը եւ բոլորին ներկայութեան հաշուել քուէները:
Սահմանադրական դատարանի անդամ Ֆելիքս Թոխեանը զարմանք յայտնած է այն մասին, թէ ինչպէս կարելի է այս մէկը թեքնիք իմաստով կազմակերպել, եթէ նկատի առնենք, որ գործին քննութիւնը արդէն իր աւարտին կը մօտենայ։ «Ընդամէնը երեք օրուայ ընթացքում կարող ենք հանել այդ քուէաթերթիկները եւ հաշուել: Շատ մեծ ցանկութեան դէպքում էլ ամէն ինչ հնարաւոր է՝ ուղղակի պէտք է կիրառել Սահմանադրութիւնը», յայտնած է Փոստանջեան։ Ի պատասխան՝ Գագիկ Յարութիւնեան ըսած է, որ այդ ձեւով կը խախտուի Սահմանադրութիւնը, որ տասը օր սահմանած է այս գործի քննութեան համար եւ յորդորած է Փոստանջեանին յանձնարարութիւններ չտալ դատարանին:
Նշենք, որ ըստ օրէնքով սահմանուած կարգին, Սահմանադրական դատարանը պարտի այսօր հրապարակել իր վճիռը Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դիմումին կապակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.