ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Կայսրութիւնը հակահարուած կու տայ», սակայն՝ ոչ թէ գիտաերեւակայական ժապաւէնի, այլ ֆրանսական դատարանի մէջ:
Արդէն քանի մը տարի է, որ ֆրանսահայ համայնքը կը փորձէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունուի՝ Ողջակիզումի ժխտման համար պատիժ սահմանող օրէնքի նմանութեամբ:
Թէեւ Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ ծերակոյտը հաստատած են նման օրէնք մը, եւ նախագահ Հոլանտն ու նախկին նախագահ Սարքոզին աջակցած են անոր, սակայն հայկական ջանքերը կասեցուեցան թրքական ազդեցիկ քաղաքական եւ տնտեսական շրջանակներուն կողմէն:
Թրքական ծագում ունեցող Ֆրանսայի քաղաքացի Սիրմա Օրան-Մարց առաջարկուող օրէնքը գլխիվայր շրջելով՝ անարգելու մեղադրանքով Ֆրանսայի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է ֆրանսահայ Լորան Լէյլեքեանին դէմ: «Ֆրանս-Արմէնի» հանդէսի նախկին խմբագիր եւ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպահայերու դաշնութեան նախկին գործադիր տնօրէն Լէյլեքեան «Մարցը կը յարձակի» վերնագիրով ծաղրական խմբագրական մը գրած էր հանդէսի կայքէջին մէջ՝ դատապարտելով թրքական ժխտողականութիւնը ֆրանսական հող փոխադրելու փորձերը:
Զաւեշտալի է, որ Օրան-Մարց փրոֆեսէօր Պասկին Օրանի դուստրն է, որ Թուրքիա կ՛ապրի եւ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ առանց այդ եզրը օգտագործելու, քանի որ թրքական օրէնսդրութեամբ կը պատժուին բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Անցեալ ամիս դատարանը իր ապշեցուցիչ դատավճիռով մեղաւոր ճանչցաւ Լէյլեքեանը՝ պարտաւորեցնելով անոր վճարել ընդամէնը 7.5 հազար եուրօ (10 հազար տոլար). 4 հազար եուրօ Օրան-Մարցին՝ բարոյական վնասի եւ 3.5 հազար եուրօ դատական ծախսերուն համար՝ հակառակ դատավարութեան ընթացքին անոր խուսափողական եւ անտրամաբանական վկայութիւններուն: Օրան-Մարց աւելի կանուխ կորսնցուցած էր Վիլիւրպանի քաղաքապետ Ժան-Փօլ Պրեթի դէմ բացած դատը, որ պահանջած էր անկէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ նախքան զինք ընդգրկելը իր կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակին մէջ:
Օրան-Մարց հրաժարած էր եւ հեռացած՝ ընտրապայքարէն: Դատարանը այդ դատավճիռին անդրադարձած էր թրքական պետութեան «ժխտողականութեան ընդարձակ ծրագիրին՝ հզօր, անարգ եւ համատարած». նախադասութիւն մը, որ հետագային Լէյլեքեանը մէջբերած էր իր խմբագրականին մէջ:
Դատարանին մէջ Լէյլեքեանի ի նպաստ վկայութիւն տուին երեք նշանաւոր անձեր՝ ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշեպլուան, ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան յայտնի փորձագէտ Իվ Թեռնոն եւ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպահայերու դաշնութեան նախկին նախագահ Հիլտա Չոպոյեան: Օրան-Մարց Լէյլեքեանի կողմէ կը մեղադրուէր Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողի դէմ թրքական ծայրահեղական Գորշ գայլեր խումբին կազմակերպած ցոյցին մասնակցելու եւ Ցեղասպանութեան ժխտման օրէնքին դէմ խնդրագիր ստորագրելուն համար: Օրան-Մարցին ի նպաստ վկայութիւն տուին՝ Փարիզի մէջ գործող ATA թրքական ընկերութեան տնօրէն Մուրատ Էրփույեան, Անգարայի մէջ գտնուող ժխտողական հետազօտական կեդրոնի ֆրանսացի գիտաշխատող Մաքսիմ Կոյին, ֆրանսացի նախկին ուսուցիչ Ալեն Մասքարուն, որ հայցուորը եւ անոր ամուսինը՝ Ժան-Փաթրիք Մարցը կը ճանչնար Անգարայէն:
Յուսանք, որ Լէյլեքեանի անմեղութիւնը կ՛ապացուցուի, երբ ան բողոքարկէ այս վիրաւորական մեղադրական դատավճիռը: Ակնյայտ է, որ դատաւորը ծաղրի ենթարկած է ֆրանսական արդարադատութիւնը՝ կողմնակից ըլլալով Ցեղասպանութիւնը ժխտողին եւ հակադրուելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգին: Դատապարտելով Լէյլեքեանը, որ իբր թէ իր խմբագրականին մէջ Օրան-Մարցը անարգած է, դատաւորը կ՛որոշէ զրկել զայն խօսքի ազատութենէն, յատկապէս լրագրողի՝ կարծիք յայտնելու իրաւունքէն:
Ֆրանսացի դատաւորը պէտք է հասկնար կարծիքի եւ լրատուական նիւթի միջեւ եղած տարբերութիւնը: Բացի այդ, դատաւորը անտեսեց դատախազութեան խնդրանքը՝ Լէյլեքեանի դէմ քրէական գործ չյարուցելու եւ զայն դատապարտելէն հրաժարելու վերաբերեալ:
Զաւեշտալի է, որ այն ժամանակ, երբ ֆրանսահայ համայնքը կը փորձէ պատժել Ցեղասպանութիւնը ժխտողները, թուրք ժխտողը դատի կու տայ հայ մարդը: Այս այլանդակ իրավիճակը լաւագոյն ապացոյցն է այն բանին, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող օրէնք ընդունի:
Մինչ Օրան-Մարց կցկտուր պատասխաններ կու տար դատարանին՝ յաճախ զայրացնելով դատաւորը, Լէյլեքեան յստակ, հակիրճ եւ համոզիչ փաստարկներ կը ներկայացնէր յօգուտ իրեն: Ահա թէ ինչո՛ւ դատավճիռը բոլորովին անսպասելի էր:
Արդեօ՞ք թրքական ազդեցութեան երկար ձեռքը հասած էր ֆրանսական դատական համակարգին:
Երեք տարի առաջ Վիլիւօրպանի քաղաքապետին դէմ իր առաջին դատավարութեան պարտութենէն ետք, Օրան-Մարց խոստացաւ շարունակել իր դատավէճը՝ յայտարարելով, որ անիկա «միայն առաջին փուլն էր»: Ուստի խիստ անհրաժեշտ է, որ Լէյլեքեանի դէմ կայացուած դատավճիռը վերանայուի հեղինակաւոր, բարձրակարգ փաստաբանի կողմէ կազմուած բողոքի միջոցով, որպէսզի այս դատական սխալը ուղղուի եւ թրքական ժխտողներու կողմէ այլ հակահայկական դատական հայցերու առաջքը առնուի:
Ֆրանսահայ համայնքը պէտք է լուռ չմնայ, ան պէտք է իր զայրոյթը արտայայտէ այս անարդար դատավճիռին դէմ եւ պահանջէ պատժել դատաւորը՝ Ֆրանսայի օրէնքները խախտելու եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անարգելու համար:
Ժամանակն է, որ հայերը որոշակի վճռակամութիւն ցուցաբերեն Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը