
«Ղարաբաղ Բացարձակապէս Մաս Չէ Կազմած 1920ի Ազրպէյճանի Կազմին».
Բենիամին Պչաքճեան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի Արցախ-æաւախք յանձնախումբին Երեքշաբթի, 12 Մարտի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Արցախի մասին շահեկան ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:
ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին անունով Կարպիս Յովակիմեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Արցախ-æաւախք յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Կիւլեանին: Յանձնախումբի ամփոփ պատմականը ներկայացնելէ ետք Խաչիկ Կիւլեան յայտնեց, որ 1990էն ծնունդ առած «Արցախ ֆոնտ»ը պարտք զգաց 1994ի զինադադարէն ետք եւս շարունակել իր գործունէութիւնը՝ կեդրոնանալով յատկապէս վերաբնակեցման աշխատանքին վրայ: «Սակայն այս աշխատանքը նիւթականի կը կարօտի, հետեւաբար հրամայական է նեցուկ կանգնիլ Ղարաբաղի հայ գիւղացիին: Վերջապէս, հայրենի հողին գոյապահպանումը ձեռք-ձեռքի միասնական ճիգերով կ՛իրականանայ, եւ այս մէկը երախտիք ու հպարտութիւն կ՛առթէ մեզի, ընդգծեց Խաչիկ Կիւլեան: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր-բանախօս՝ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»էն Բենիամին Պչաքճեանը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ Բենիամին Պչաքճեան զեկուցեց «Արցախ ֆոնտ»ի հիմնադրութեան, գործունէութեան, իրագործումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Սահիկներու ընկերակցութեամբ ան ներկայացուց Ղարաբաղի պատմական եւ այժմու իրավիճակի հիմնական փուլերը: Ղարաբաղի առնչուող իւրաքանչիւր հանգրուանի համապատասխան քարտէսներ ներկայացնելով, Պչաքճեան պահանջեց մերժել ու անտեսել խորհրդային շրջանին Ստալինի կողմէ խեղաթիւրուած ու պարտադրուած Ղարաբաղի քարտէսը՝ ընդգծելով, որ Ղարաբաղ երբեք մաս չէ կազմած 1920 թուականի անկախ Ազրպէյճանի կազմին: Վերյիշելով զօրավար Անդրանիկի կողմէ Ղարաբաղի ազատագրումը՝ Պչաքճեան յայտնեց, որ խորհրդային վարչակարգի հաստատման սկզբնաւորութեան յայտարարուեցաւ, թէ Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը մաս կը կազմեն Հայաստանի, սակայն Ստալինի մատիտի խաղով անոնք վերածուեցան այսպէս կոչուած ինքնավար շրջաններու՝ շրջապատուած ազրպէյճանցիներով:
Պչաքճեան վերյիշեց Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարի փուլերը՝ 1988ին ու անկէ ետք՝ նշելով, որ Ղարաբաղի ազատատենչ պայքարը պսակադրուեցաւ 2 Սեպտեմբեր 1991ին յայտարարուած անկախութեամբ՝ կանխելով նոյնիսկ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը՝ 21 Սեպտեմբեր 1991ին: Ան թուեց Ղարաբաղի յետանկախութեան շրջանի հիմնական հանգրուանները՝ նշելով անոր այժմու վարչական եօթը բաժանումները: Ապա ան յիշեց 2006էն ի վեր գործող «Արցախ ֆօնտ»ի հիմնական իրագործումները՝ «Նոր կեանք, նոր յոյս» Արցախի դպրոցներու կազմածներու հայթայթում, «Ասպետ» ճամբարի ծրագիր, «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» եւ այլն՝ պարզելով իւրաքանչիւր ծրագիրի արձանագրած նուաճումներն ու ապագայի հեռանկարները:
«Մենք պատմութեան առջեւ պատասխանատու կ՛ըլլանք, եթէ կորսնցնենք այն, ինչ որ իրագործեցինք Արցախի մէջ», ըսաւ Պչաքճեան՝ ընդգծելով, որ մէր երկիրի վերակառուցումը ազգային միասնական ճիգերով միայն կ՛իրականանայ: