
ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր անդրանիկ ճաշկերոյթը պիտի իրականացնէ Կիրակի, Ապրիլ 7ին, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկի «Սթարվիու» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ:
Ձեռնարկին ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Հայ Դատի իրագործումներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ծանօթացում պիտի կատարուի ապագայի գործունէութեան:
«2012ը մեր մասնաճիւղի ամէնէն արդիւնաբեր տարիներէն մէկն էր, եւ այս ձեռնարկը բնական յաջորդ քայլն է մեր գործունէութեան եւ լաւ միջոց մը՝ ի մի բերելու համայնքը, որ իր կարգին առիթը ունենայ իր նպաստը բերելու Հայ Դատի գործունէութեան», կը յայտնէ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի ատենապետ՝ իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին շարք մը ազդեցիկ պաշտօնատարներ. անիկա առիթ մը պիտի ըլլայ մեծարելու համայնքային ղեկավարներ ու ընտրեալ պաշտօնատարաներ: «Մեր համայնքին մէջ կան շարք մը անձեր, որոնք կենսական դերակատարութիւն ունեցած են համայնքին վիճակը բարելաւելու աշխատանքին մէջ: Մեր այս անդրանիկ ճաշկերոյթին կ՛ուզենք նախադէպ հաստատել, եւ անոր ու յաջորդներուն ընթացքին կ՛ուզենք մեծարել բոլոր անոնք, որոնք նուիրուած են Հայ Դատի գործին», կը յայտնէ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Բարսեղեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 533-1918 թիւին կամ info@ancasfw.org հասցէին: