
«Ազդակ»ի կազմակերպած մամլոյ 79րդ լսարանի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 14 Մարտի երեկոյեան ժամը 7ին, լիբանանահայ երէց թէ երիտասարդ մտաւորականութիւնն ու մեծ թիւով ազգայիններ ներկայ եղան շահեկան զեկուցական հանդիպումի մը՝ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հրակ Աւետանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ օրուան նիւթին, որ կը կեդրոնանայ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց վրայ:
«Յատկապէս անկախութենէն ետք, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները փոփոխութիւններ կրած են», ըսաւ Աւետանեան՝ նշելով, որ զանազան ազդակներ դերակատար եղած են այդ փոփոխութեան, ուր սակայն Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համախմբումն ու մանաւանդ որոշումները էական են: Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին:
Դոկտ. Յոսէփեան աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց մասին՝ պատմական յետադարձ ակնարկով հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
ՀՅԴի գաղափարախօսներէն՝ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանին վերագրելով իր բառերը, դոկտ. Յովսէփեան նշեց, որ 1932ը իբրեւ անկիւնադարձային կարեւոր թուական կը նշուի, երբ Միացեալ Նահանգներ՝ Ռուզվելթ նախագահի օրով, ճանչցաւ Խորհրդային Միութիւնը՝ նոր էջ մը բանալով Սփիւռքի պատմութեան հոլովոյթին մէջ: Մինչ այդ, Խորհրդային Միութեան հաւանական փլուզումին բերումով Խորհրդային Հայաստանի վերանկախացումը յուսացող հայ քաղաքական մտածողութիւնը ընթացաւ նոր ուղղութեամբ: Յատկապէս դաշնակցական ղեկավարներ գործուղուեցան կազմակերպելու Սփիւռքը, ինչպէս՝ Գարեգին Նժդեհի ուղեւորութիւնը դէպի Միացեալ Նահանգներ՝ կազմակերպելու տեղւոյն հայ երիտասարդութիւնը:
Սփիւռքի կազմակերպման մտապատկերին գծով կային երկու օրինակներ. հրեական մօտեցումի օրինակը, որ 1948ին Իսրայէլի պետութէան հիմնումէն ետք կը ձգտէր զարկ տալ այդ պետութեան վերելքին՝ առաւելաբար օգտագործելով արտասահմանի (հրեական սփիւռքի) մարդուժն ու անոր կարելիութիւնները: Իսկ երկրորդ օրինակը պաղեստինեան կեթոյական կղզիացած վիճակն էր. պաղեստինցիներուն ղեկավարները կը փորձէին տեղայնացումէ հեռու՝ նուազագոյն տարողութեամբ «հաստատուիլ» եւ գոյատեւել արտասահմանի մէջ, որպէսզի յետագային դիւրին ըլլայ պաղեստինցիներու տունդարձը:
Հայկական Սփիւռքի պարագային վերոյիշեալ երկու օրինակներու, տարազներու տեսակ մը խառնուրդն էր, որ «որդեգրուեցաւ»: Աւելի՛ն. Սփիւռքը տակաւին ունէր եւ ունի իր «ենթասփիւռքները», ենթահամայնքները, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու հայութեան պարագային:
Բանախօսը շեշտը դրաւ Հայաստան-Սփիւռք միասնականութեան վրայ, որ առանց գաղափարական միասնականութեան, շատ դժուար պիտի ըլլայ իրագործել: Ան նշեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական համագումարի պարագան, որ 1960ական թուականներուն ճամբայ ելած էր, սակայն յետագային դարձած էր միակողմանի խմբակցութեան պաշտպան՝ դուռ բանալով անոր զանազան միաւորներու հեռացումին:
Դոկտ. Յոսէփեան այս գծով շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք կամրջումի անհրաժեշտութիւնը՝ գէթ գաղափարական հարցերու գծով համազգային կեցուածք որդեգրելով: «Հայաստանի ժողովուրդին մօտ գոյութիւն ունեցող զգացումները, մօտեցումները անպայման չեն արտայայտեր Հայաստանի ղեկավարութեան մօտեցումները», ընդգծեց Յովսէփեան՝ նշելով, որ Հայաստանի պետութեան եւ Հայաստանի ժողովուրդի ըմբռնումները նոյնը չեն: Այս ծիրին մէջ ան նշեց հիմնական առաջնահերթութիւններ, ինչպէս.
– Ենթակայական համազգային խնդիրներ յառաջ քշուին: Մշակութային յարաբերութիւններու ճամբով համազգային խնդիրներ յառաջ քշուին:
– Քաղաքական կուսակցութիւններ գործի անցնին եւ ստեղծեն ազգային գաղափարախօսութեան հիմքը: Այս իմաստով ՀՅԴի գաղափարախօսութիւնը ունի իր մէջ տուեալներ, զորս կարելի է յետագային հանրաքուէի ճամբով յառաջ քշել,

տեղ հասցնել եւ մեր առաջնահերթութիւնները ճշդել:
«Ազգային մեր գաղափարական միասնութիւնը կայ, պատրաստ է, բայց ուղղակի պէտք է մեքանիզմը, հոլովոյթը ճշդել», ընդգծեց դոկտ. Յոսէփեան՝ նշելով այս գծով ամերիկեան «երկկողմանի դիւանագիտութեան» տեսութիւնը (Թրեք Թու Տիփլոմըսի), ուր հայ-թրքական գաղափարական ուղղակի մերձեցման դժուարութեան լոյսին տակ, ամերիկացիք փորձեցին հայ-թրքական մշակութային կապերու «զարգացման»՝ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ձախողութենէն ետք:
«Կարծրատիպերէն անդին, հրաւէրներէն, լոզունգներէն անդին, անհրաժեշտ է փշրել թապուները», շեշտեց Յովսէփեան՝ կրկին ընդգծելով Հայաստան-Սփիւռք համազգային գաղափարախօսական միասնութիւնը:
Այս գծով ան իբրեւ օրինակ նշեց «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր Յարութ Սասունեանի տեսակէտը, ըստ որուն, Սփիւռքը պէտք է ունենայ իր կառոյցները, որոնք հաւասարապէս յարաբերին Հայաստանի պետական շրջանակներուն հետ, եւ այս՝ որպէսզի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները բնականոն ընթացք ստանան:
Այս ծիրին մէջ, դոկտ. Յովսէփէան նշեց, որ ինք հարցազրոյցի մը առիթով Հայաստանի մէջ եւս այս հարցը արծարծած էր՝ շեշտը դնելով մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն ճշդման վրայ ու զանոնք «հռչակագիրով» մը ներկայացնելու ժողովուրդին: Ի պատասխան անոր այս առաջարկին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան դոկտ. Յովսէփեանին յղած է նախապէս սփիւռքեան կարգ մը միաւորներու կողմէ պատրաստուած մէկ «հռչակագիր»ին պատճէնը, որ, ըստ դոկտ. Յովսէփէանի՝ «հիանալի վաւերաթուղթ մըն էր»:
Զեկուցումէն ետք տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ի պատասխան «Ազդակ»ի այն հարցումին, թէ ինչ էր ՀՅԴի քարոզչական մեքենային դերը անցնող 20ամեակին, Հայաստանի մէջ ՀՅԴի գաղափարախօսութեան տարածման գծով, յատկապէս Խորհրդային Միութեան աւելի քան 70ամեայ գաղափարախօսութիւնը փոխելու եւ «բաց»ը լեցնելու իմաստով, դոկտ. Յովսէփեան իր խոր համոզումը յայտնեց, որ Հայաստանի ժողովուրդը խորապէս կը հաւատայ ՀՅԴի գաղափարախօսութեան՝ նշելով, որ կարելի է, ըստ առիթի եւ կարիքի, ՀՅԴի գաղափարախօսութեան վայելած այդ վարկը վերածել քաղաքական դրամագլուխի: