
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին ըսած է, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն միասնական համաձայնութեամբ եւ հիմնարար փոփոխութիւններով:
«Ակնյայտ է, որ նախագահական ընտրութիւններից յետոյ երկրում ստեղծուած իրավիճակը պահանջում է հանգուցալուծում, դիմակայութեան սրումը, զիջումների չգնալը մեզ որեւէ տեղ չեն հասցնելու: Այդ ճանապարհն ընդհակառակը, աւելի է խորացնելու մեր հասարակութեան մէջ եղած անջրպետը», յայտնած է ան եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է կատարել հիմնարար փոփոխութիւններ. բան մը, որուն, ըստ անոր, կը գիտակցին բոլորը, նաեւ՝ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը:
«Եթէ չկարողանանք այս մթնոլորտը լիցքաթափել, նուազեցնելու ենք նոր իրավիճակի զարգացման տեղափոխման զարգացումները եւ ունենալու ենք հիասթափութիւն, արտագաղթ, կորցնելու որեւէ համազգային համապետական լուրջ խնդիր լուծելու կարողութիւնը: Պէտք է լուծելի ճեղք գտնել եւ այդ ճեղքը հնարաւոր է միայն միասնական համաձայնութեամբ: Ե՛ւ պարտք, ե՛ւ պատասխանատուութիւն ունենք բոլորս՝ ե՛ւ ընդդիմութիւնը, ե՛ւ հասարակութիւնը, այդ պարտքից խուսափել չենք կարող», նշած է պատգամաւորը:
Աղուան Վարդանեան նշած է, որ ՀՅԴն միշտ յայտարարած է, թէ իրենք Հայաստանի մէջ թշնամիներ չունին, տարբերութիւններ, տարակարծութիւններ՝ գուցէ, բայց ոչ թշնամութիւն. առ այդ ան նկատել տուած է, որ միայն քաղաքական համաձայնութեամբ կարելի է փոխել այս իրավիճակը։ Ապա ան ներկայացուցած է ՀՅԴին առաջարկները:
«Հիմքեր կան, եթէ բոլոր կողմերը տրամադրուած են: Մենք ունենք մեր ճանապարհային քարտէզը, քաղաքական օրակարգը եւ կարծում եմ, որ կարելի է այդ ճանապարհով առաջ գնալ: Մեր տրամաբանութեամբ պէտք է փոխել ընտրական օրէնսգիրքը, գնալ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգի, բացառել կրկնակի քուէարկութիւնը եւ ընտրացուցակները հրապարակել, երկրում առկայ եւ բացակայ ընտրողներին տարանջատել», յայտնած է ան։
Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է առաւելագոյնը 2 տարուան ընթացքին կայացնել սահմանադրական հանրաքուէ, փոխել Սահմանադրութիւնը, անկէ ետք կատարել Ազգային ժողովի ընտրութիւններ եւ ի վերջոյ ձեւաւորել իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, միասնական համակարգ, ուր ընդդիմութիւնը պիտի ունենայ իշխանութեան վերահսկելու գործիք: «Դա է միակ ճանապարհը», հաստատած է ան:
Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աղուան Վարդանեան յայտարարած է, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴն պիտի մասնակցի շատ կազմակերպուած կերպով եւ ամէն ինչ պիտի ընէ ընտրողներուն ձայներու առաւելագոյն քանակ ապահովելու համար:
Անոր համաձայն, նախընտրական քարոզարշաւը եւ կուսակցութեան մօտեցումները՝ այս կամ այն հարցին նկատմամբ, ընտրողները պիտի համոզեն քուէարկելու ՀՅԴի օգտին: «Այս անգամ պէտք է վստահել Դաշնակցութեանը եւ քուէարկել մեր կուսակցութեան օգտին: Դա մեզ համար պատուի եւ պատասխանատուութեան հարց է»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՛նչ է պատճառը, որ քաղաքական ուժերը, որոնց կարգին նաեւ Դաշնակցութիւնը, չեն աճապարեր իրենց ցանկերը ներկայացնելու Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովին, հակառակ անոր որ դիմումներու ընդունման ժամկէտը կ՛աւարտի 21 Մարտին՝ Վարդանեան նշած է, որ հաւանաբար իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ թեքնիք խնդիրներ ունի: «Վերջ ի վերջոյ, ցուցակները մեծ են, պէտք է հաւաքել բոլոր անհրաժեշտ փաստաթղթերը: Կարծում եմ՝ բոլորն էլ ժամանակին կը ներկայացնեն անհրաժեշտ փաստաթղթերը»:
Խօսելով ընդդիմադիր ճակատին միասնական ցանկով ներկայանալու ջանքերու ձախողութեան մասին՝ Վարդանեան յայտնած է. «Իսկապէս, մենք մտածում էինք, որ Երեւանի աւագանու ընտրութիւնների կարող են այն հարթակը դառնալ, որն ընդդիմադիր ուժերին միաւորուելու, այդ ընտրութիւններում քաղաքական պայքարի ճանապարհով գնալու հնարաւորութիւն կը տար եւ ՀՅԴն դրա համար արել է ամէն հնարաւորն ու անհնարը»։
Անոր համաձայն, քննարկումներ տեղի ունեցած են «Ժառանգութեան» եւ ԲՀԿի հետ՝ թէ՛ միասին, թէ՛ առանձին-առանձին, սակայն մօտեցումների տարբերութիւնները թոյլ չտուեցին միաւորուել եւ միասնական ցուցակ կազմել:
«Դաշնակցութեան խիղճը մաքուր է, քանի որ մենք արեցինք ամէն ինչ, որպէսզի քաղաքական ուժերը համաձայնութեան գան: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ առանձին կը մասնակցի այդ ընտրութիւններին, սակայն դա չի նշանակում, որ համագործակցութիւնը կը դադարեցուի: Արդէն Երեւանի աւագանու ընտրութիւններից յետոյ, հնարաւոր է, բարենպաստ պայմաններ ստեղծուէն համատեղ աշխատանքի համար», ընդգծած է Վարդանեան: