
ՊԷՅՐՈՒԹ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Մարտ 19ին յայտարարեց, թէ Հալէպ նահանգին մէջ նոյն օրը տեղի ունեցած է քիմիական նիւթերով յարձակում մը՝ զայն յոյժ վտանգաւոր իրադարձութիւն մը նկատելով: Յարձակումին հետեւանքով առնուազն 16 զոհ արձանագրուած է եւ վիրաւորուած են 100է աւելի ուրիշներ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, թէ յարձակումին պատասխանատուն ընդդիմութեան զինեալները եղած են, իսկ «Ալմայատին» կայանը հաղորդեց, թէ յարձակումի զոհերուն մեծամասնութիւնը սուրիացի զինուորներ եւ քաղաքայիններ էր:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոապի աւելի ուշ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Քաթար կը կրեն սուրիական ընդդիմութեան կողմէ Հալէպի դէմ քիմիական նիւթերով յարձակումին «բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւնը»:
Ան աւելցուց, թէ զինեալներ Հալէպի Խան Ասալ գիւղին դէմ արձակած են քիմիական մահացու նիւթեր պարունակող հրթիռ մը:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ հաւաքուած եւ Սուրիոյ «ժամանակաւոր կառավարութիւն» մը կազմելու աշխատանք տանող ընդդիմութեան ներկայացուցիչները «վարչապետ» ընտրած են Ղասսան Հիթթօն, որ իր առաջին յայտարարութեան մէջ պնդած է, թէ պատրաստ չէ բանակցելու նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Իր կարգին, ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ՝ քննարկելու համար սուրիական տագնապի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այդ տագնապի քաղաքական լուծում մը գտնելու ջանքերը:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իպրահիմի յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու համար, միջազգային մակարդակի վրայ եւ առնչակից կողմերուն հետ լուրջ քննարկումներ կը կատարուին», սակայն ցարդ «յառաջդիմութիւն չկայ. Մարտ 26-27ին նախատեսուած արաբական վեհաժողովին կը սպասենք՝ տեսնելու, թէ տագնապի լուծման համար ինչ կրնանք առաջարկել», աւելցնելով, որ ինք կառչած կը մնայ տագնապի քաղաքական լուծման:
Նեպիլ Արապի Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացման պատասխանատուն ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը նկատեց՝ յայտնելով, որ «լուծումին բանալին Ապահովութեան խորհուրդին ձեռքն է, իսկ Արաբական լիկան երկու տարիէ ի վեր ծագած կռիւին դադրեցման համար որեւէ կողմի վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցները չունի»:
Մինչ այդ, արաբ դիւանագէտ մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած է, որ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մոազ Խաթիպ Տոհայի մէջ գումարուելիք արաբական վեհաժողովին ընթացքին գրաւէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աթոռը: Այդ քայլէն ետք, արաբական երկիրները իրենց մօտ Սուրիոյ դեսպանատուները պիտի յանձնեն սուրիական ընդդիմութեան: Կը նախատեսուի, որ այդ որոշումը գործադրուի 5 երկիրներու կողմէ՝ Քաթար, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Սուտան եւ Թունուզ: Լիբանան, Իրաք եւ Ալճերիա այդ որոշումին կ՛ընդդիմանան:
Նաեւ, ՄԱԿի մարդասիրական գործողութիւններու համակարգման վարչութեան զեկուցման մէջ կը նշուի, թէ Սուրիոյ մէջ աւելի քան 4 միլիոն քաղաքացի մարդասիրական անմիջական օգնութեան կարիքն ունի, իսկ գաղթականներուն թիւը բարձրացած է 1.1 միլիոնի եւ կը շարունակէ աւելնալ: