ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը թեւակոխած է նոր փուլ, որուն սթափ ընկալումը եւ առարկայական արժեւորումը անհրաժեշտ պայման են՝ քաղաքական հետագայ զարգացումները յետընտրական ժամանակաշրջանի անորոշութեան եւ անելի շարունակուող անձկութենէն, մանաւա՛նդ քաղաքացիական աննախատեսելի ցնցումներու մղձաւանջէն վնասազերծելու համար։
Քաղաքական ներկայ պահու ներքին ուժականութիւնը եւ անոր մէջ խմորուող պայթումի վտանգը չեն ուզեր հասկնալ, կամ՝ պարզապէս անտեսել կը փորձեն բոլոր անոնք, որոնք, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի – ստեղծուած դժուարին կացութեան ամբողջ բարդութիւնը կը թերագնահատեն, անոր եռեւեփումի ահաւոր տարողութիւնը կը նսեմացնեն եւ, այդ հիման վրայ, հայ քաղաքական մտքի այսօրուան գլխաւոր օրակարգը կը հաւասարեցնեն Րաֆֆի Յովհաննիսեան «նախագահական թեկնածու»ի հետագայ քայլերուն հանրային քննարկումին ու վիճարկումին։
Ոչ մէկ տարակոյս, որ ներքաղաքական ու նախընտրական ծանօթ խմորումներու եւ համապատասխան ուժերու դասաւորման բերումով՝ մեր ժողովուրդին դժգոհ եւ նկատառելի զանգուածը, ի՛ր քուէով եւ անսպասելիօրէն աշխոյժ ու միասնական զօրաշարժով, Րաֆֆի Յովհաննիսեան գործիչին շնորհեց «ընդդիմադրութեան միասնական թեկնածու»ի վստահութեան մեծ դրամագլուխը։
Բայց այդքանով կ՛ամբողջանայ եւ կը փակուի Հայաստանի ներ– քաղաքական այսօրուան մեծ տագնապին միայն պարագայական երեսը։
Հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ բաց կը մնայ առանցքային բուն խնդիրը, որ պետութեան եւ ժողովուրդի միջեւ խզման ու օտարացման, այլեւ առճակատման ծանրակշիռ տագնապն է։
Պետութեան եւ իշխանութեան նոյնացմա՛ն դէմ է ծաւալած, էապէ՛ս, ժողովրդային բողոքի շարժումը եւ անհիմն ու անհեթեթ է որեւէ փորձ, որ կը նոյնացնէ ընդդիմադրութիւնն ու Րաֆֆի Յովհաննիսեան գործօնը։
Ա՛յն պահէն, որ ընդդիմադրութեան մայր հոսանքէն զատորոշուելով՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեան առաջադրեց նախագահական իր թեկնածութիւնը, իսկ մեր ժողովուրդը անսաց նոյնինքն Րաֆֆիի կամ սեփական թեկնածու չառաջադրած ընդդիմադիր ուժերու քուէարկութեանց անպայման մասնակցելու յորդորներուն, այդ պահէն իսկ Հայաստանի ներքաղաքական մեծ տագնապը գլորեցաւ դէպի իր ներկայ անելային փուլը։
2013ի նախագահական ընտրութիւնը թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՝ ընդդիմադրութեան կողմէ յառաջ մղուեցաւ այն կարգախօսով, որ օրինապահ ընտրապայքարի ճամբով հնարաւոր է հասնիլ իշխանափոխութեան, այլեւ համակարգային արմատական փոփոխութեան ուղին հարթել։
Աւելի՛ն. ՀՀ գործող նախագահի վերընտրութեան մերժումը եղաւ քաղաքական այն ընդհանուր եզրը, որ կեցուածքներու միասնականութիւն առաջացուց ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն ու քաղաքական կազմակերպ խմբաւորումներէն մինչեւ ժողովրդային լայն խաւերը, որոնք հաւատացին իրենց քաղաքացիական քուէին ժողովրդավարական անկասելի ուժին եւ Փետրուար 18ին քուէատուփ դիմեցին՝ սեփական պետութիւնը օրուան իշխանութիւններու միահեծան տիրակալութենէն օրինապահ պայքարով ձերբազատելու հաւատքով ու հաստատակամութեամբ։
Պետութեան հետ նոյնացած իշխանաւոր ուժին քաղաքական հաշիւներուն անկասկա՛ծ սատարեց այն իրողութիւնը, որ ընդդիմադրութեան կողմէ արձակուեցան օրինապահ պայքարով ընտրական յաղթանակ նուաճելու յորդորներ։ Իշխանութեանց բեմադրած նախագահական ընտրապայքարին օրինականութիւն ապահովեց նաեւ ընդդիմադրութեան յորդորներուն աշխուժօրէն արձագանգող ժողովրդային դժգոհ զանգուածին ինքնավստահութիւնը, որ հակառակ պետական ողջ մեքենայի եւ իշխանութեանց լծակներու ճնշումին՝ հաւատաց, որ օրինապահ պայքարով կարելի է եւ պէ՛տք է արմատական բարեփոխման հասնիլ մեր երկրին մէջ։
Բայց նոյն այդ օրինապահ ընտրապայքարը իշխանութեանց նախապատրաստած բեմագրութիւնն էր, որ պաշտօնական արդիւնքներով ընտրական փայլուն յաղթանակ մը շնորհեց գործող նախագահին։
Իսկ ընտրապայքարն ու անոր պաշտօնական արդիւնքները իբրեւ պետական միջոցներու չարաշահումով ձեռք բերուած կեղծ յաղթանակ մերժող ժողովրդային յետընտրական բողոքի ալիքը, երբ դէմ յանդիման կանգնեցաւ քաղաքացիական իր քուէին արժեզրկման փաստին, յանկարծ յայտնուեցաւ անձրեւէն փախչողի եւ կարկուտի տակ ինկողի աննախանձելի վիճակին մէջ։
Մեծ պետութիւնները եւ անոնց հետեւելու ամէն պատճառ ունեցող միջազգային ընտանիքը փութացին պաշտօնապէս շնորհաւորելու գործող նախագահին վերընտրութիւնը՝ նշելով եւ դատապարտելով հանդերձ նախագահական ընտրութիւնը խոցելի դարձնող թերութիւնները, յատկապէ՛ս բացակայութիւնը ժողովրդավարական ընտրապայքարի երաշխիքներուն, ինչպէս՝
– Ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերուն թեկնածու չառաջադրելու փաստը։
– Քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու կամայականօրէն ուռճացուած համրանքը։
– Իշխանութեանց կողմէ պետութեան հաշւոյն ընտրազանգուածին ամէն կարգի գրաւիչ ծառայութիւններ մատուցանելու խոստումները։
– Ընտրապայքարի քարոզարշաւին մէջ ցայտուն դարձած առանձնաշնորհումներու եւ անհաւասար հնարաւորութեանց դրսեւորումները։
Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներուն պաշտօնական շնորհաւորանքով ալ իր պսակումը ստացաւ նախագահական ընտրապայքարի այս օրինապահ–անօրինական բեմադրութիւնը…
Այսպէ՛ս. պաշտօնական աշխարհը կարծեց, թէ վարագոյրը իջած է եւ ամէն ինչ աւարտած է այլեւս։
Եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ շուարած մնաց նախ մեր ժողովուրդը, որ հակառակ սեփական պետութեան միջոցաւ իր վրայ բանեցուած ամէն կարգի ճնշումներուն՝ յաջողած էր քուէներուն առնուազն 37 տոկոսը կեդրոնացնել Րաֆֆի Յովհաննիսեանի վրայ։
Ազատութեան Հրապարակին վրայ նոյնքան շուարած մնաց ժողովուրդի ընտրած «ընդդիմադրութեան միասնական թեկնածուն», որ ինչպէս ընդդիմադրութեան թեկնածու չառաջադրած ուժերը, նոյնպէս եւ ինք արդարօրէն գինովցած էր, որ մեր ժողովուրդը քաղաքացիական այս աստիճան վճռականութիւն եւ ինքնավստահութիւն դրսեւորեց։
Բայց յետոյ ի՞նչ։
Ո՞ւր կ՚երթանք։
Պատասխան ոչ ոք ունի, գոնէ առայժմ։
ՀՀ գործող նախագահը ըստ երեւոյթին պատրաստ չէ խոնարհելու սեփական ժողովուրդի կամքին առջեւ։
Հետեւաբար, անիմաստ է ՀՀ նախագահէն յուսալ կամ սպասել անելէն դուրս գալու ելքի որեւէ պատասխան։
Անելի առջեւ կանգնած է նաեւ ինք՝ ժողովուրդի 37 տոկոսին վստահութեան քուէն շահած նախագահական թեկնածուն, որ պայքարը օրինապահ հունի մէջ պահելու իր վարքագծով՝ յայտնուած է հացադուլի օրինակով յուսահատական քայլերու դիմելու աւելիով անել վիճակի մէջ։
Ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերը յայտնապէս փակուած կը համարեն նախագահական ընտրապայքարի փուլը եւ, ժողովրդային դժգոհութեան ալիքէն խրախուսուած, կ՛ուղղուին դէպի Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեանց փորձաքարը։
Այսինքն՝ Ազատութեան Հրապարակին վրայ կամ առօրեայ կեանքի տաղտուկներուն մէջ, քաղաքական առումով ծանրագոյն այս պահուն բուն բեռը ուղղակի մնացած է ժողովրդային բողոքի շարժման ուսերուն։
Բեռը՝ օրինապահ պայքարը շարունակելու, բայց յաջողութեան երաշխիք չունենալու հիասթափութեան։
Պետութիւնը կամայականօրէն իւրայիններուն «սեփականաշնորհած» իշխանութեան մը դէմ՝ ժողովրդային բողոքի շարժումը օրինապահ պայքարով տեղ հասնելու ի՞նչ հեռանկար կրնայ ունենալ, երբ օրինականութեան բոլոր կռուանները պատանդ ինկած են մէկ ու միակ քաղաքական կամքի ձեռքը։ Նախագահական իշխանութեան այս համակարգով՝ ամբողջապէս կեդրոնացման դատապարտուած են օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները, ոտնակոխուած է անոնց միջեւ ժողովրդավարական հակակշռի երաշխիքները, իսկ չորրորդ իշխանութիւնը կանգուն պահելու կոչուած զանգուածային լրատուամիջոցները, արդէն տարիներէ ի վեր, կոյր գործիքի վերածուած են իշխանութեանց ձեռքը։
Նման համակարգի մը մէջ, ի՞նչ օրինապահութեան մասին կրնայ խօսք ըլլալ։
Միայն ժողովրդավարական ըմբոստացման առջեւ ուղի հարթող օրինապահ պայքարը կրնայ այս անելէն դուրս բերել Հայաստանը։
Ժողովրդային բողոքի շարժումը ի վիճակի է իր ելքը գտնելու եւ օրինապահ պայքարին ու ժողովրդավարական ըմբոստացման միջեւ անհրաժեշտ համարկումը նուաճելու։
Դժուարին, այլեւ սիզիֆեան յարատեւ շունչ պահանջող այդ մագլցումին ի վիճակի է մեր ժողովուրդը, որուն պէտք է խնայել գոնէ ներքին ջլատում առաջացնելու կոչուած բարոյալքման թունաւորումները։
Ի վերջոյ ժողովրդային բողոքի շարժման բարոյալքումին կը հետամտին բոլոր անոնք, որոնք Ազատութեան հրապարակին վրայ անվեհեր կանգնած ժողովուրդին, ինչպէս եւ հացադուլ յայտարարած ժողովուրդի թեկնածուին շարունակ «իրատեսութիւն» կը քարոզեն, նախագահական ընտրութեան էջը փակուած նկատելու «իմաստուն խրատներ» կը հրամցնեն եւ, աւելի ահաւորը, «հայաստանցի»ի եւ «սփիւռքցի»ի կեղծ հակասութիւններ կը հրահրեն։
Մօտաւոր անցեալին նմանօրինակ թունաւորումները ցմրուր չարաշահեցին «ղարաբաղցի»ի եւ «հայաստանցի»ի կեղծ հակասութիւնները, իսկ այսօր հանրային կարծիքը կը փորձեն իր ներքին միասնութենէն եւ ուժականութենէն պարպել՝ իբր թէ «անմեղութեամբ» հրապարակ նետելով այնպիսի վերագրումներ, թէ «սփիւռք»ը ոչ այնքան ժողովրդային բողոքի շարժման զօրակցելու, այլ սփիւռքի ծնունդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանին աջակցելու համար բողոքի հաւաքներ կը կազմակերպէ եղեր…
Երբ քաղաքական այս աստիճան խաթարուած պետական իշխանութեան համակարգ մը իր արատներէն մաքրելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած ենք ազգովին՝ փաստօրէն կրակի հետ կը խաղան վառօդի տակառին ուղղութեամբ հրձիգութիւն կատարողները։
Օրինապահ պայքարով ժողովրդավարական ըմբոստացում առաջացնելու ժողովրդային բողոքի շարժումը վառօդի տակառ է, ըստ ամենայնի՛, եւ ամբողջ Հայաստանի ու հայութեան կայունութեան եւ անվտանգութեան հետ կը խաղան քաղաքական այս պահուն ծանրութիւնը արհամարհողները։
Ելք տուէ՛ք իր քուէին վճռականօրէն տէր կանգնած ժողովուրդին։