ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովը 66 թեր, 6 դէմ, 25 ձեռնպահ քուէներով ընդունած է «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ Ազգային ժողովի յատուկ նիստ գումարելու որոշման մասին նախագիծը:
Կը նախատեսուի, որ գործող նախագահ եւ նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի երկրորդ ժամկէտով երդմնակալութեան արարողութիւնը եւս այդ օրը, այդ վայրին մէջ տեղի ունենայ:
Ասիկա կը հաստատէ աւելի վաղ կատարուած այն ենթադրութիւնը, որ Սարգսեան վերապահ պիտի մնայ երդմնակալութիւնը օփերայի շէնքին մէջ կատարելէ, թէեւ ան առաջին նախագահական երդմնակալութիւնը կատարած էր այնտեղ։ Սակայն այս անգամ կացութիւնը փոխուած է, եւ գործող նախագահը կը խուսափի օփերային կից հրապարակին վրայ իր հացադուլը շարունակող ընդդիմութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.