
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ Ապրիլին Երեւանի մէջ բացումը պիտի կատարուի բանաստեղծութեան պուրակին: 20 Մարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը նշեց, որ պուրակը պիտի ըլլայ կայանալիք փառատօնին մնայուն արժէքներէն մէկը:
«Շուրջ 30 երկրներից Երեւան ժամանած հիւրերը կը տնկեն մէկական ծառ: Պուրակում կ՛անցկացուեն տարատեսակ միջոցառումներ: Պօէզիայի պուրակը, անկեղծ ասած, ես համարում եմ կայանալիք փառատօնի մնայուն արժէքներից մէկը», յայտնեց Անանեանը: Անոր համաձայն, Երեւանի կեդրոնին մէջ բանաստեղծութեան պուրակի ստեղծման նախաձեռնութիւնը ի՛րն է, իսկ պուրակի բացումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է կարգ մը երիատսարդ գործիչներուն կողմէ:
«Պօէզիայի պուրակը, բնականաբար, պէտք է լինի քաղաքի կենտրոնում եւ ունենայ բացօթեայ հարթակ, որպէսզի տարբեր սերունդների մեր գրողները կարողանան ազատ կարդալ իրենց բանաստեղծութիւնները, եւ անմիջական շփումների միջավայր ստեղծուի: Պուրակը կը լինի կամ Մաշտոցի պողոտային յարող պուրակում, կամ էլ Օղակաձեւ զբօսայգում: Բայց կարծում եմ՝ լաւագոյն տարբերակը կը լինէր Մաշտոցին յարող պուրակը: Պէտք է հասկանանք, որ մեզ համար կարեւոր է դրա բացումը», նշեց Անանեան։
Նշենք, որ Երեւանի մէջ 19 Ապրիլին մեկնարկող Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին պիտի մասնակցեն աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ 50է աւելի անուանի գրողներ:
Անանեան դիտել տուաւ, որ փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ երկու գրողներ Թուրքիայէն՝ Արթուր Պարամօղլուն եւ ազգութեամբ քիւրտ Իրֆան Պապաօղլուն: Ան նշեց, որ շուրջ հինգ ցամաքամասէ մասնակից ընդգրկող միջազգային փառատօնին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Նոպէլեան մրցանակի յաւակնոդ գրող Ատոնիսը՝ Լիբանանէն: Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին մասնակցող գրողներուն շուրջ 100 ստեղծագործութիւններ պիտի ամփոփուին անգլերէն եւ հայերէն զուգադիր թարգմանութեամբ գիրքին մէջ: Յիսուն-յիսուն յարաբերակցութեամբ, բացի արտասահմանցի հեղինակներէն, տպագրուող գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն նաեւ Արցախի եւ Սփիւռքի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները: