
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշի դէմ թրքական Աշխատաւորական կուսակցութեան բացած դատի առաջին նիստը տեղի ունեցած է Հինգշաբթի, Մարտ 21ին:
Ըստ «Ակօս»ին՝ դատական նիստին ընթացքին Քոփթաշի իրաւունքները պաշտպանած է «Ակօս»ի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուն:
Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեք Քոփթաշի դէմ դատը բացած էր՝ 2011ի Օգոստոս 26ին հրապարակուած եւ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը քննադատող յօդուածի մը կապակցութեամբ:
Փերինչեք կը պնդէ, թէ Քոփթաշը իր յօդուածով վիրաւորած է զինք եւ կուսակցութիւնը:
«Ակօս»ի փաստաբանը նիստին ընթացքին նշած է, որ այդ յօդուածին մէջ վիրաւորական տարրեր չկան, այլ յօդուածին պարունակութիւնը զուտ քննադատական է:
Դատական յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Մայիս 14ին, երբ դատարանը արդէն ուսումնասիրած պէտք է ըլլայ կողմերուն ներկայացուցած փաստերը:
Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարը 10 հազար թրքական լիրա բարոյական փոխհատուցում կը պահանջէ Քոփթաշէն: