
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
Կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոկլիոյի՝ Հռոմի Ֆրանսիս պապ դառնալէն քիչ անց, հայկական եւ թրքական լրատուամիջոցները շտապեցին իրենց հանրութեան տեղեկացնելու, որ արժանթինցի արքեպիսկոպոսը զանազան առիթներով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Երբ Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսը 2004ի Ապրիլ 23ին այցելեց Պուէնոս Այրես, կարտինալ Պերկոկլիոն միացաւ անոր տիեզերական պատարագին եւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին: Կարտինալը ըսաւ. «Մենք միասնական ենք Ցեղասպանութեան՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան, վիշտին մէջ. Ցեղասպանութիւն, զոր հզօր կայսրութիւնները կը ձգտին լռութեան մատնել եւ քողարկել՝ կարելի բոլոր միջոցներով»:
Նախորդ շաբաթ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Հռոմի Ֆրանսիս պապին յղած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ «քաղցրութեամբ յիշեցուց» Արժանթինի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն եւ միասնական աղօթքներուն մասին, եւ կաթողիկէ քահանայապետը գովաբանեց իբրեւ «քաջ, իմաստուն եւ արդարամիտ հովիւ»:
Կաթողիկոսը անդրադարձաւ կարտինալ Պերկոկլիոյի՝ «հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած անկեղծ սիրոյն», աւելցնելով՝ «ուրախութեամբ ենք հաստատում, որ մեր եկեղեցիների պատմական յարաբերութիւնները յատկանշուած են եղբայրական ջերմութեամբ: Մեծապէս կարեւորում ենք այն առաջընթացը, որ արձանագրել են մեր եկեղեցիները մեր եւ մեր նախորդների շրջանում՝ փոխադարձ այցերով, կրթական եւ բարեսիրական բազում ծրագրերով»:
2006ի Ապրիլ 22ին Պուէնոս Այրեսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 91րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն կարտինալ Պերկոկլիօ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ անվերապահօրէն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ «հայ ժողովուրդի եւ ամբողջ մարդկութեան դէմ օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ծանրագոյն ոճրագործութիւն»:
2011ին, երբ Արժանթինի դաշնակցային դատարանը, ի պատասխան վերապրող Գրիգոր Հայրապետեանի հայցին, Թուրքիան մեղաւոր ճանչցաւ հայերուն դէմ գործած Ցեղասպանութեան համար, կարտինալ Պերկոկլիոն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով «ցեղասպանութեան նողկալի ոճիրը, զոր թրքական պետութիւնը կատարած է հայ ժողովուրդին դէմ 1915-1923 թուականներուն»:
Այժմ հայերն ու թուրքերը իրենք իրենց հարց կու տան, թէ Ֆրանսիս պապը իր նոր պաշտօնի ստանձնումէն ետք պիտի կրկնէ՞ արդեօք այն խօսքերը, զորս ան արտասանած է իբրեւ կարտինալ Պերկոկլիօ: Հայերը շատ ուրախացած էին, որ իրենց արժանթինահայ համայնքի մտերիմ բարեկամը ընտրուած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ: Մինչդեռ թրքական մամուլը մեծ մտահոգութիւն յայտնած էր, որ «նորընտիր պապը կրնայ (հայկական) լոպպիստական խումբերու ազդեցութեան տակ իյնալ»:
Այժմ ան կը գտնուի Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրագոյն մակարդակին վրայ, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ Ֆրանսիս պապը ի՛նչ դիրք պիտի որդեգրէ Հայկական հարցին նկատմամբ: Պէտք է յիշել, որ Հռոմի պապը ունի երկու տարբեր առաքելութիւններ՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի ինքնիշխան քաղաք-պետութեան առաջնորդութիւնը: Այլ խօսքով, ան թէ՛ հոգեւոր առաջնորդ է, թէ՛ պետութեան ղեկավար: Հետեւաբար, խնդիրի բնոյթին համաձայն, միշտ չէ, որ ան կրնայ արտայայտել կարտինալ Պերկոկլիոյի տեսակէտները: Երբեմն-երբեմն քաղաքական դրդապատճառներէ մեկնելով՝ ան կրնայ դիրքորոշուիլ այնպէս, որ շեղի իր անձանական տեսակէտներէն եւ իր կեցուածքը համընկնեցնէ Վատիկանի արաւել աշխարհիկ շահերուն: Հռոմի պապը, իբրեւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, հաւանաբար ստիպուած ըլլայ գործելու իբրեւ ոեւէ այլ քաղաքական գործիչ, ինչպէս՝ նախագահ Օպաման, որ ընտրութիւններէն առաջ բան մը ըսաւ, իսկ յետոյ փոխեց խօսքը:
Սակայն, իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ եւ բարձր բարոյական արժէքներով օժտուած անձնաւորութիւն, Հռոմի պապը չի կրնար պարզապէս անտեսել իր մէջ խորապէս արմատաւորուած համոզումները կամ հակասել անոնց:
Գիտակցելով, որ Հռոմի բոլոր պապերը իրարու նման չեն, հետաքրքրական է վերանայիլ վերջին պապերու յայտարարութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը երկու առիթով օգտագործած է Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը՝ 2000ի Նոյեմբեր 9ին եւ 2001ի Սեպտեմբեր 27ին: Սակայն, ի տարբերութիւն իր նախորդին, Պենետիքթ ԺԶ. հրաժարած է օգտագործել այդ եզրը՝ նախընտրելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակել իբրեւ «նահատակութիւն» եւ «անասելի տառապանք»:
Ֆրանսիս պապի պարագային հայերը կարիք չունին պնդելու, որ ան օգտագործէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը, քանի որ Վատիկանը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ուստի, իմաստ չունի պահանջել իւրաքանչիւր նորընտիր պապէ՝ դարձեալ վերահաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Կարեւորը այն է, որ Ֆրանսիս պապը չնահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր նախապէս որդեգրած դիրքորոշումէն. փոխարինող բառերն ու մեղմաբանութիւնները պատշաճ չեն ըլլար:
Նկատի առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ Վատիկանի դրական դիրքորոշումը՝ աւելի լաւ կ՛ըլլայ դուրս ելլել այս հարցի շրջանակներէն եւ փնտռել այլ ոլորտներ, ուր Հռոմի պապը կրնայ նեցուկ ըլլալ, ինչպէս՝ անվտանգութեան երաշխիքներ պահանջելու սուրիահայերու եւ այլ քրիստոնեաներու համար: Նաեւ պէտք է ջանքեր գործադրուին ամրապնդելու համար Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ բարեկամական կապերը, եւ Վատիկանի պետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը