
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրեր առաջ, հայ մամուլը գուժեց մահը հայրենի մտաւորական, երգիծաբան, բանաստեղծ, բազմաթիւ հատորներու հեղինակ, «Խորենացի» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալներու շքանշանակիր, ՀՀ Ազգ. ժողովի պատգամաւոր եւ տասնամեակներու վրայ երկարող «Ոզնի» երգիծաթերթի խմբագիր Արամայիս Սահակեանի վաղաժամ մահը:
Անձնապէս բախտը չեմ ունեցած զինք մօտէն ճանչնալու: Միայն, շատ պղտոր կը յիշեմ, տասնամեակներ առաջ, Լոս Անճելըս իր այցելութեան ընթացքին, հրապարակային ձեռնարկի մը ընթացքին, բարեկամ մը մեզ իրարու ծանօթացուց: Այսչափ:
Ինչո՞ւ սակայն, երբեմն հարց կու տամ ես ինծի, ինչո՞ւ այսպէս եւ այսչափ մարդիկ իրարմէ հեռու պէտք է մնան:
Հաստատապէս, կը պատճառաբանէ միտքս, մեր ժամանակի վազքը մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ հետեւանք, այսպէս կոչուած արժանաւոր մարդոց, նաեւ մեր մտերիմներուն, յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը ծանօթանանք եւ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, նաեւ մեր վիշտը:
Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ մը իրադարձութիւններու կամ հանդիպած հետաքրքրական անձնաւորութիւններու, ակամայ, վերարժեւորում կը կատարենք տարիներու հեռաւորութիւնէն:
Ինչ կրնանք ընել: Այս այսպէս է. մեզ կը համոզենք, որովհետեւ չկայ, ցարդ գոյութիւն չունի կամ չեմ տեսներ նման մարդոց հետ մօտէն կամ հեռուէն հաղորդակցելու, կապուելու կամ հանդիպելու հնարաւորութիւններ ստեղծողն ու մթնոլորտը:
Հաւանաբար այսպէս է: Չգրուած օրէնք՝ իրարմէ հեռու եւ անջատ:
Կարծես իւրաքանչիւր մտածող միտք, իր շրջապատէն ներս փակուած, խարսխուած մնացած է կամ կը սիրէ մնալ եւ յաճախ ալ դժբախտաբար՝ իրարու նկատմամբ անտարբեր:
Կրկին միտքս գնաց այլ ուղղութեամբ:
Վերադառնանք:
Այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս՝ սուգը մեծ է, որովհետեւ ոչ եւս է տարիներէ ի վեր հայ գրականութեան ածուին մէջ վար ու ցանք ընող մշակներէն՝ Արամայիս Սահակեանը:
Իսկապէս վաղահաս եւ անժամանակ մեկնում:
Բայց, այս բոլորի կողքին, կրնամ խոստովանիլ, թէ տարիներէ ի վեր բաւական մօտէն ծանօթացած եմ իր հիւմուրոտ գրիչին, բանաստեղծական տողերուն, սրամիտ խօսքերուն, երգի բառերուն, մէկ խօսքով՝ իր ստեղծագործական աշխատանքներուն եւ տաղանդին:
Անոր համար կրնամ շեշտել, թէ իր օրով «Ոզնի»ն դարձաւ իսկապէս եւ լիարժէք ոզնի մը:
Իր մտային կարողութեամբ եւ գրիչի հմտութեամբ, իր ասպարէզի շրջագիծը ընելով հայ գիրն ու գրականութիւնը, տարբեր չէր կրնար ըլլալ միւս տաղանդաւորներէն:
Այսպէս, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեամբ եւ կշռոյթով ան գործեց յանուն հայ գիրին, հոգի դրաւ իր տողերուն, իր լեզուով, իր յատուկ ծիծաղով եւ ինքնածին հիւմուրով:
Միշտ եւ ամէն առիթներով գնահատեց ճիշդն ու ճշմարիտը, քննադատեց վատն ու սխալը: Ուրախացաւ հայրենիքին արձանագրած նուաճումներով ու նաեւ տագնապեցաւ անոր ձախորդութիւններով, առանց սակայն մոռնալու մեր գրականութեան տափաստանը:
Իւրաքանչիւր հանդիպողի յոյսի իր մաղթանքներուն ան խառնեց իր ժպիտը ու այդ բոլորը ճերմակի վրայ սեւով՝ թուղթին յանձնեց:
Անոնք, որոնք ապրեցան իր մտերմութիւնը եւ հետեւեցան Սահակեանի կեանքի հանգրուաններուն, անպայման ինծի հետ պիտի հաստատեն, թէ ինք եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, իր գրիչով եւ գրականութեան նուիրումով:
Անոր համար սիրած էի զինք, յարգելով իր անձն ու գործերը, իր տաղանդն ու ստեղծագործութիւնները:
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք, թէ ժամանակի թաւալումով շատ բան կը փոխուի մեր կեանքին մէջ: Այսպէս, մեզմէ անկախ, մեր շուրջէն առյաւէտ կը բացակային այնպիսի դէմքեր ու կերպարներ, որոնք տիպար օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց գոյութեան ողջ ընթացքին։
Երբեմն անոնց բացակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, ոչինչ ու ոչ ոք կրնայ լեցնել ու փոխարինել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իսկապէս անփոխարինելի եղած էր։
Արամայիս Սահակեանը այդ սերունդին պատկանող հաւատքով, նուիրումով ու սիրով զսպանակուած անձերէն մէկն էր, իր նուիրեալ ծառայութեամբ, որ իր դիմաց լայնօրէն բացաւ յաւերժութեան ճամբան:
Իրողութիւն է, թէ ժպիտը մարդուն կեանքի ամէնօրեայ ալիքներուն մէջ, անոր փրկարար օղակներէն մէկը հանդիսացած է: Այսպէս, անելի մատնուած վիճակներ, հարցեր կը թեթեւնան նոյնիսկ կ՛անյայտանան, երբ ծիծաղով մօտենանք կամ նոյնիսկ երբ ծիծաղիլ փորձենք անոնց վրայ:
Սահակեանի տողերուն մէջ նոյն այս հիւմուրին ներկայութիւնը միշտ եղած էր ցանկալի, որովհետեւ լսողն ու կարդացողը անպայմանօրէն կը կարծէր, թէ այդ ծիծաղելի խօսքերը իրեն չէին վերագրուած:
Աւելին՝ իր ստեղծագորութիւններէն դատելով կրնանք հետեւցնել նաեւ, թէ ինք կը հաւատար թէ ժպիտը կամ աւելի ճիշդ՝ հիւմուրը, մարդուս հետ ծնած կ՛ըլլար: Իսկ մարդը այդ հիւմուր ըսուածը ընդունէր կամ ոչ, իր իւրաքանչիւր քայլափոխին իրեն պիտի հետեւէր:
Իրեն համար աշխարհը զաւեշտ մըն էր, անհեթեթ բաներով լեցուն: Իր գրիչին դիմաց անհնար էր փակել երգիծանքի ճամբան, որովհետեւ միակ ուղին էր, որ մարդս դէպի ինքնաճանաչում կ՛առաջնորդէր:
Այս մէկուն ջատագովներէն մէկն էր Սահակեան եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր մահը:
Հասկցողին համար իր երգիծանքը լաւ աղբիւր էր ծիծաղի եւ գիտակցութեան, որովհետեւ Սահակեանի հիւմուրը կը նպաստէր նաեւ մարդակերտումի:
Անոր համար իր կորուստը մեծ է ու ցաւալի:
Իր յիշատակին նուիրուած այս տողերը, թող իմ կողմէս ըլլան նաեւ երախտագիտութեան ակամայ ուշացած տուրք մը:
Յարգանք իր յիշատակին: