ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէն տարի գարնանամուտին, իր ձմեռնային թմփիրէն արթնցող բնութեան մէջ ծաղկող կակաչները կը յուշեն գիրկ ու ծոց եղած մայրերը, որոնց նկատմամբ սէրն ու երկիւղալից յարգանքը բնական մղումով կ՛արտաբերուին մարդկային

հոգիէն:
Իր ծնած զաւակներուն դաստիարակութեան անփոխարինելի աշխատանքը մօր ուսերուն դրած է Աստուած, իբրեւ անոր գլխաւոր պարտականութիւնը: Այլ խօսքով, մարդը կրթելու Իր աշխատանքը փոխանորդաբար Աստուած յանձնած է մօր, այն սպասումով, որ ան իր խիղճի պարտքը նուիրումով կը կատարէ:
Ցարդ անհամար էջերով մօր նուիրուած գրութիւններ կան, իւրաքանչիւր ազգի լեզուով, ու իւրաքանչիւր մշակոյթի ըմբռնած մօտեցումներով արձանագրուած: Եթէ ոչ Աստուած, գէթ Անոր պաշտօնակատար անձնաւորութեան համազօր ներկայացուած է մայրը ընդհանրապէս:
Կենդանական աշխարհին մէջ տեսնուող բնազդային սէրը ու գուրգուրանքը իր ծնած ձագերուն նկատմամբ, մտածել կու տայ, թէ մարդ էակն ալ որոշ բնազդային մղումով, կապուած կը մնայ իր ծնած զաւակներուն, հոգալով անոնց ու հովանաւորելով զանոնք, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ մինչեւ մահ:
Սակայն, պէտք չէ՛ ընդհանրացնել մայրութեան նկատմամբ տարածուած այս հասարակաց գաղափարը: Անպատասխանատու մայրեր կամ պատահաբար մայրացած կիներ մինչեւ իսկ իրենց նորածինները խեղդամահ ըրած եւ կամ աղբի տակառներուն մէջ ձգած են անխղճութեամբ: Ներկայ լրատուամիջոցները բարոյական ամէն հասկացողութիւն մէկդի դրած, իբրեւ օրուան ամէնէն զգայացունց լուրը, նման տեղեկութիւնները մինչեւ իսկ պատկերասփռուած կը հաղորդեն աշխարհին: Անբնական այդ կացութիւնները օրինակ չեն կրնար ծառայել, ճիշդ է, սակայն պէտք է նաեւ ուսումնասիրել այդպիսի մայրերու հոգեբանական վիճակը, տեսնելու համար, թէ ինչպէ՞ս կը նոյնանան այնտեղ իրենց մայրական գորովն ու այդ դաժան վարմունքը:
Այս ծայրայեղ օրինակէն անցնինք աւելի հասկնալիին: Դիտաւորեալ կամ պատահական յանցագործութեան պարագային ձերբակալուող ու բանտարկուող մայրերու պարագան նաեւ պէտք է յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնել: Որովհետեւ մօր բանտային կարգավիճակը միայն անոր անձին չի՛ վերաբերիր, այլ իր ծնած զաւակներուն, որոնց միտքին մէջ գտնուող մեծագոյն օրինակը փուլ կու գայ այդ բանտարկութեամբ եւ անոնց կեանքը բռնող բարոյական սիւնը կը տապալի ահեղ կործանումով:
Կանանց արգելարանի բանտապետուհին կը վկայէր ըսելով, թէ ինք ալ մայր ըլլալով, այցելուներու համար այնպիսի պայմաններ ստեղծած էր՝ գեղեցիկ ընդունելութեան սրահ, լուսաւոր ու գեղանկարներով զարդարուած, որպէսզի այնտեղ իրենց մօր տեսութեան եկող անչափահաս զաւակները չզգան, թէ բանտ եկած են: Զաւակները այն տպաւորութիւնը պէտք է ունենան, թէ այլ հաստատութիւն է իրենց այցելած վայրը, ուր առժամաբար կը գտնուի իրենց մայրը:
Քաղաքակիրթ աշխարհին այս տնօրինումը միայն մանկավարժական մօտեցում չունի: Որովհետեւ այնտեղ միայն մէկ անձ չէ, որ կը փճանայ հոգեպէս ու նաեւ ֆիզիքապէս: Բանտարկուած մօր հետ ակամայ բանտարկուած կ՛ըլլան նաեւ իր զաւակները, որոնք թէեւ ազատութեան մէջ, սակայն զրկուած կը մնան իրենց ամէնէն էական պաշտպանէն, յոյսէն, քաջալերողէն ու սիրող հովանաւորէն:
Դարձեալ, քաղաքակիրթ աշխարհը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի բարոյական օրինակելի տիպարը չքանդուի երեխաներու ըմբռնողութեան մէջ: Նոյն բանտապետուհին կը վկայէր, թէ բանտարկեալ մայրեր իրենց երեխաներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին միշտ կը խօսին այն գուրգուրանքին, խնամքին ու սիրոյ մասին, զոր կը տածէին իրենց նկատմամբ: Ի՞նչ փաստելու համար արդեօք: Պարզապէս հաստատելու, որ իրենք չեն թերացած ու կը շարունակեն սիրել իրենց զաւակները, եւ թէ պարագաներու բերմամբ միայն հիմա զրկուած են այդ սէրն ու գուրգուրանքը գործնապէս արտայայտելէ: Սա կեղծիք չէ՛ անշուշտ, այլ մայրական սրտէն բխած բնական արտայայտութիւն:
Աւելի չափահասներու պարագային, ըստ նոյն աղբիւրին, մայրեր կը փորձեն արդարացնել իրենց անձը իրենց զաւակներուն դիմաց, ո՛չ թէ անպայման փախչելու համար իրենց սպասող արդար դատաստանէն, այլ՝ իրենց զաւակներու հոգիին մէջ չքանդելու համար մօր անխոցելի կերպարը: Որովհետեւ զաւակներու ակնոցով դիտած, մայրը չի՛ սխալիր, ան չի՛ գայթակղիր, արդարութեան հոգին չի՛ կորսնցնէր, անոր հաւասարութեան կշիռքը բնաւ սխալ ցոյց չի՛ տար, ճշմարտութիւնը անոր մօտ բնաւ չի՛ խեղաթիւրուիր, ո՛չ ալ անոր յոյսի լապտերին բոցը կը մարի:
Բանտարգելութենէն տարբեր, մանուկներու դաստիարակութեան մէջ աւելի մեծ ոճիր է, զանոնք խաբելը, հօր կամ մօր մասին սխալ պատկերացում սերմանելով անոնց մատղաշ հոգիին մէջ:
Այսօրուան աշխարհը անհանդուրժողութեան բազմաթիւ օրինակներով լեցուն է, որու հետեւանքով նաեւ ընտանիքի ամէնէն զօրեղ միջնաբերդը՝ հօր եւ մօր սէրը փուլ կու գայ: Անբնական այս կացութեան զոհ կ՛երթան զաւակներ, որոնք նոր տեսակի որբութեամբ, աշխարհի կէսը գրեթէ որբանոցի վերածած են:
Դժբախտ իրավիճակը առաւել եւս դժբախտացնելու ցանկութիւն ունեցողներ, աւելի՛ կը հրահրեն կացութիւնը դուրսէն, չարանենգ ուրախութեամբ հրճուելով ուրիշին դժբախտութեամբ: Վատթարագոյն է սակայն այն, երբ նոյն կիրքին գոհացման առարկայ կը դառնան անչափահաս երեխաներ, նոյնինքն մօր կամ հօր կողմէ, անոնց բերնէն իսկ լսելով միւսին հասցէին ուղղուած վատ արտայայտութիւններ, կարծելով թէ այդպիսով իր սեփական պատկերը աւելի պիտի պայծառանայ իր զաւակներու միտքին մէջ: Ափսոս որ չարաչար կը սխալին անոնք:
Առանց արեան հեղումի ոճիր է այս, որ կը կիրարկուի միայն տգէտ ծնողներու եւ անոնց շրջապատի նոյնքան տգէտ հարազատներու միջոցաւ, որուն համար անպայման Աստուծոյ դատաստանին առջեւ հաշիւ պիտի տան: Մանուկի լոյծ ուղեղին ու Աստուածադրոշմ հոգիի սպիտակ պաստառին վրայ նման մուր քսողներ չեն կրնար անպատիժ մնալ: Որովհետեւ ոեւէ մարդու ծնած զաւակը, վերջին հաշուով իրեն չի՛ պատկանիր, այլ՝ Աստուծոյ: Ան իր հոգեկան, մտային, բարոյական ու ընկերային ամբողջական ազատութիւնը ունի, ու պէտք է իբրեւ այդպիսին ապրի, սկսեալ իր գիտակից տարիքէն: Ահա այդ ազատութիւնն է, որ չափահաս տարիքին կրնայ ամբողջութեամբ հակառակ ուղղութեան մէջ դնել անձը, եւ նոյնիսկ իր վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած ծնողին խօսքին առանց կարեւորութիւն տալու, ձեւաւորել անոր անձնական տեսակէտը բոլոր հարցերու մասին:
Ուրեմն, դաստիարակութիւնը մինչեւ որոշ տեղ կրնայ իր զօրաւոր ազդեցութիւնը ունենալ: Ատկէ անդին, Աստուածապարգեւ ազատութիւնը, տրամաբանութեան եւ հոգիի ներքին ձայնին հետ միասին պիտի վճռեն տուեալ անձի կեանքին ուղղութիւնը:
Զո՜ւր տեղ կը յոգնին եւ մանաւանդ անիմա՜ստ տեղ ոճրագործի վատ անունին կ՛արժանանան այն ծնողները, որոնք աւելի խելացի կարծելով իրենց անձը, կը ջանան յաւելեալ ազդեցութիւն ունենալ փորձել իրենց անչափահաս երեխաներուն վրայ: Պիտի գայ օրը, երբ դէպքերու վերլուծումն ու Աստուածային երկնատուր շնորհքի լոյսը պիտի լուսաւորեն երեխային միտքը, զանազանելու համար չարն ու բարին, ճշմարտութիւնն ու սուտը, իրաւն ու կեղծը եւ արդարն ու անիրաւը: Ուրեմն լաւ է ծնողական տիպար ձեռքերով այս աւելի՛ քան ոճիրը չգործել: