ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Մարտ 22ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Իսրայէլ կատարած այցելութեան աւարտին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն, 2010ին տեղի ունեցած թրքական նաւու մը վրայ յարձակումին կապակցութեամբ, որուն ընթացքին 9 թուրքեր սպաննուած էին: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» թերթին յայտնած են, որ Եգիպտոսի մէջ իսլամականներուն իշխանութեան գալու լոյսին տակ, Իսրայէլ կ՛ուզէր Թուրքիոյ հետ կապերը բարելաւել, իսկ Թուրքիա կը գիտակցէր, որ Իսրայէլը պոյքոթի ենթարկելը զինք կը զրկէ շրջանի տագնապները լուծելու նպատակով միջնորդութիւն կատարելու կարելիութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Mart ou Gin yen, oush gam Ganokh bedk aer Neroghoutuine!!!