ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Ես ԲՀԿ մտայ այդ կուսակցութիւնն աւելի ուժեղացնելու նպատակով, քանի որ այն արդէն ունէր կարեւոր կառոյցներ ու ամենակարեւորը՝ հեղինակութիւն ժողովրդի աչքում», հաստատած է ԲՀԿի պատգամաւոր, արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան՝ «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
«Ես վստահ եմ, որ շուտով ԲՀԿում կը լինեն փոփոխութիւններ, որոնցից յետոյ կուսակցութիւնն աւելի կ՛ուժեղանայ: Ճիշդ է, կան հարցեր, որոնց հետ համամիտ չեմ ԲՀԿում, բայց ամէն կուսակցութիւն պիտի ունենայ իր ներքին դիսցիպլինան ու եթէ որոշում ես կուսակցութիւն մտնել, պիտի ինչ որ կերպ ենթարկուես դրա կանոններին», դիտել տուած է Վարդան Օսկանեան:
Ինչ կը վերաբերի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մէջ Գագիկ Ծառուկեանի գործօնին, Վարդան Օսկանեան նշած է. «Նոյնիսկ ամենաժողովրդավար երկրներում չկայ այնպիսի կուսակցութիւն, որում որոշումները կայացուեն առանց կուսակցութեան ղեկավարի կարծիքի»:
Օսկանեան նաեւ անդրադարձած է երկրին մէջ սակաւապետութեան դէմ պայքարին ու անոր ԲՀԿի մասնակցութեան. «Այո՛, ԲՀԿն կը պայքարի օլիգարխիայի դէմ: Բայց հարցը պէտք է դրուի այսպէս՝ ԲՀԿն կը մասնակցի այդ պայքարին, իսկ ինքնին պայքարը պէտք է ղեկավարի իշխանութիւնը», դիտել տուած է Վարդան Օսկանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.