ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Աւելի քան քառասուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտներ՝ աշխարհի ինը երկիրներէ եկած, Մարտ 22-23 հաւաքուած էին Երեւանի մէջ, մշակելու համար ռազմավարութիւն մը՝ իրաւական հիմնաւորումներով ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու, հակազդելու թրքական ժխտողականութեան եւ կազմակերպելու ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրներ եւ թանգարանային ցուցադրութիւններ: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող Պետական յանձնաժողովին կողմէ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան գիտաժողովին յղած իր ուղերձին մէջ ափսոսանք կը յայտնէր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը ճանապարհ հարթած էր հրէական Հոլոքոսթին համար: Ան յոյս կը յայտնէր, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը առիթ պիտի հանդիսանայ ի ցոյց դնելու հայերու միասնականութիւնն ու հաստատակամութիւնը ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցով, ապահովելու արդարութեան վերականգնումը եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պայքարի ու մաքառման նոր եղանակներ: Նախագահը կ՛ողջունէր այն փաստը, որ թուրք հասարակութեան առաւել գիտակից տարրերը կը քանդեն լռութեան եւ ժխտողականութեան պատը ու քննադատ մօտեցում կը ցուցաբերեն իրենց երկիրի մերժողական քաղաքականութեան: Նախագահը գիտաժողովի մասնակիցները կը յորդորէր առաջարկներ ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող Պետական յանձնաժողովին:
Ստորեւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնենք վերոնշեալ գիտաժողովին մասնակցած փորձագէտներուն մեկնաբանութիւնները.
Իսրայէլցի գիտնական Եայիր Աուրոն քննադատեց Իսրայէլի պետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն համար, մատնանշելով, սակայն, որ Իսրայէլի հասարակութեան ստուար մէկ զանգուածը կընդունի զայն: «Հոլոքոսթի ընթացքին նոյն ողբերգական ճակատագիրին արժանանալով, Իսրայէլը պէտք է ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնը», ըսաւ փրոֆ. Աուրոն:
Լոս Անճելըսէն պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Պետական յանձնաժողովին կոչ ուղղեց ձեռնարկելու գեղարուեստական եւ մշակութային քայլեր, քան ակադեմական գիտաժողովներ՝ աւելի շատ մարդիկ գրաւելու համար ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան առաջարկեց ստեղծել համահայկական ֆիլհարմոնիք նուագախումբ, որպէսզի շրջի աշխարհը 2015 թուականի Ապրիլ 24էն առաջ: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը աւելի լաւ կը նախապատրաստուի Հարիւրամեակի ձեռնարկներու հակազդումին, քան հայերը՝ անոնց ձեռնարկումին:
Պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան գիտաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց թանգարանի ընդարձակման ծրագիրները մինչեւ 2015 թուական:
Նիւ Եորքէն փրոֆ. Տատրեան յայտնեց, որ երբ ուրացող պետութիւնը թոյլ է, անիկա առաւել դիւրութեամբ կ՛ընդունի իր ոճիրները: «Որովհետեւ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ ուժեղ երկիր մը, անիկա պիտի չընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը», նկատեց Տատրեան:
Հալէպէն գիտաշխատող Միհրան Մինասեան առաջարկեց, որ յիշատակման ձեռնարկները դիտարկուին յոյներու եւ ասորիներու հետ միասին: Ան նշեց, որ թուրք ուրացողները չեն մեղադրեր այս երկու ցեղային խումբերու անդամները ռուսական բանակին միանալու կամ զինուած խումբեր ձեւաւորելու համար, սակայն անոնք եւս զանգուածային բռնութեան եւ ցեղասպանութեան զոհեր դարձան:
Երեւանէն փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեան բացատրեց, որ հակառակ տարածուած կարծիքին, Օսմանեան կայսրութիւնը եւ ոչ թէ Ուրուկուէյը եղած է առաջին պետութիւնը, որ դատավճիռներով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1919-1926 թուականներուն: Ուրուկուէյի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1965ին:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի միջազգային պայմանագիրներու բաժինի վարիչ Վլատիմիր Վարդանեան նշեց, որ Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու հայեցակարգը առաջին անգամ օգտագործուած է 1915 Մայիս 24ին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կողմէ հրապարակուած համատեղ հռչակագիրին մէջ՝ թրքական իշխանութիւնը նախազգուշացնելով, որ անոնք պատասխանատուութիւն պիտի կրեն հայկական ջարդերուն համար: Նոյն կերպով, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, նիւրենպերկեան դատարանը պատերազմի նացի յանցագործները մեղադրեց Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու, այլ ոչ թէ ցեղասպանութիւն իրագործած ըլլալնուն համար: Վարդանեան առաջարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծել մշտապէս գործող պետական մարմին՝ իրաւական հիմնաւորումներու հետազօտութեան եւ մշակման ուղղութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած Թուրքիայէն պահանջները միջազգային դատարաններուն մէջ հետապնդելու համար:
Պոլիսէն նշանաւոր թուրք իրաւապաշտպան Ռակըփ Զարաքօլու, որ յաճախ բանտարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր հրատարակելուն համար, խօսեցաւ «Թուրքիոյ մէջ աճող ժխտողականութեան արտադրութեան մասին»: Ան միտք յայտնեց, որ ժխտողականութիւնը կը խրախուսէ ահաբեկչութիւնը Թուրքիոյ մէջ:
Իբրեւ ցեղասպանութեան գիտաժողովի մասնակից, ելոյթս աւելի շատ «արդարութեան հետապնդման» մասին էր քան՝ «ցեղասպանութեան ճանաչման», զոր արդէն յաջողութեամբ իրագործած ենք: Արդարութեան հայեցակարգը կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդի բոլոր պահանջները Թուրքիայէն՝ բարոյական, նիւթական հատուցում եւ տարածքներու վերադարձ:
Ես նաեւ առաջարկեցի, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով որեւէ յատուկ քայլ ձեռնարկելէ առաջ, նախ հանդէս գալ միասնական պատգամով եւ նպատակներով: Այլապէս, մենք կրնանք խառն ուղերձներ յղել Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան՝ չյստակացնելով, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը փափաքինք եւ կը ձգտինք իրագործել 2015, Ապրիլ 24ին:
Ի վերջոյ, հայկական պահանջատիրութիւնը 2015ին չ՛աւարտիր: Հայերը պէտք է յամառօրէն հետամուտ ըլլան Թուրքիայէն իրենց արդար իրաւունքները պահանջնելու՝ մինչեւ Հայ Դատի «արդարութեան» իրագործումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը