
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ կատարուած է Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդներէն մէկը՝ Ոտնլուայի արարողութիւնը: Արարողութեան ընթացքին ընթերցուած են Սուրբ գիրքէն հատուածներ, ապա Յովհաննէս Պլուզ վարդապետի «Սիրոյ մասին» խրատը, որմէ ետք կաթողիկոսը խաչով ու Աւետարանով օրհնած է խորանին վրայ դրուած ջուրը եւ իւղը: Ապա Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ծունկի եկած է եւ շարականներու երգեցողութեամբ լուացած ու իւղով օծած է ոտքերը տասներկու անձերու, որոնք կը խորհրդանշեն Յիսուսի 12 աշակերտները։ Անոնց մէջ էին եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, աբեղաներ, սարկաւագներ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներ, Երեւանի պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժանմունքի ուսանողներ, Մայր Աթոռի Էրնեկեան հանրակրթական դպրոցի աշակերտներ, զինուորներ եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ մանուկ մը: