
ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Շողարթ» ցուցադրասրահը կը տեղեկացնէ, թէ սեփականատէր Շողեր Պաղտուտ Թիլքեանի առաջնորդութեամբ, արուեստի դասեր սկսած են տրմադրուելու ցուցադրասրահէն ներս, ուր տարբեր տարիքի աշակերտներ կարողութիւնը պիտի ունենան արուեստով արտայայտուելու՝ ծանօթանալով գծելու եւ ներկելու զանազան ոճերուն, մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ: Դասերը կը տրամադրուին Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2: Երկու ժամնոց մէկ դասաւանդումը 40 տոլար է, չորսը՝ 150 տոլար:
Նաեւ, «21էն 101 տարիքի չափահասնելու համար», ցուցադրասրահը կազմակերպած է «Ստեղծագործական գիշերներ», Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը երեկոյեան ժամը 7էն 9: Ընթացքին ստեղծագործելու առիթներ պիտի շնորհուին մասնակիցներուն: Մէկ երեկոյի մասնակցութեան սակը 40 տոլար է, իսկ 4ինը՝ 150:
Ցուցադրասրահը Շաբաթ (կ.ե. 4-6) ու Կիրակի (կ.ե. 1-3 կամ 4-6) տրամադրելի է նաեւ արուեստներու վրայ կեդրոնացած խրախճանքներու համար, առնուազն 10 հոգիի մասնակցութեամբ: Մասնակցութեան սակը 20 տոլար է իւրաքանչիւրին համար, եւ առաւել 5 տոլար՝ ուտեստեղէն տրամադրուելու պարագային:
Ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 1515 W. Magnolia Blvd. Burbank, CA, 91506:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 567-4278 կամ (818) 726-3635 թիւերուն, կամ այցելել www.shoghartgalleryca.com կայքը: