ՊԸՐՊԵՆՔ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու Առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ առաքելական, Ղըպտի ուղղափառ եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցիներուն, Հինգշաբթի, Մարտ 14ին իր հերթական ժողովը գումարեց Սրբոց Ղեւոնդեաց տաճարին մէջ, Պըրպենք։
Աղօթքէ եւ կէսօրուան ճաշէն ետք, ժամը 1ին առաջնորդ սրբազան հայրեր Եուճին արք. Քափլան (Ասորի ուղղափառ), Սրաբիոն եպիսկոպոս (Ղըպտի ուղղափառ)՝ հիւրընկալ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ իրենց ընկերակցող եկեղեցական հայրերու մասնակցութեամբ անցան տարեկան ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն։ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ժողովէն բանաւոր կը բացակայէր։
Եպիսկոպոսաց սոյն հանդիպումին, իբրեւ առաջնորդ սրբազանի ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը եւ Քրեսենթա Հովիտի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը։
Ժողովը քննարկեց յառաջիկայի ծրագիրներ եւ գործակցական աշխատանքներու կարելիութիւններ։ Լսելէ ետք Ուղղափառ եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ երիտասարդաց յանձնաժողովներու զեկոյցները՝ ժողովը արձանագրեց հետեւեալ կէտերը.
ա. Ժողովը գնահատանքով արտայայտուեցաւ միջկիրակնօրեայ դպրոցներու յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր կազմակերպած կիրակնօրեայ դպրոցներու տարեկան 8րդ հաւաքին մասին, որ տեղի ունեցած էր Շաբաթ, Մարտ 2ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ 150 աշակերտներու։
բ. Թելադրուեցաւ, որ Ուղղափառ եկեղեցիներու Միջերիտասարդաց յանձնախումբը աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը եւ նախորդ տարիներու նման, յառաջիկայ ամիսներուն դաստիարակչական ծրագիրներով հաւաքներ կազմակերպէ։ Որոշուեցաւ նաեւ չորս առաջնորդարաններուն կողմէ մէկական ներկայացուցիչ նշանակել՝ երիտասարդաց աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով։
գ. Միջհոգեւորականաց միատեղ պատարագ ու միօրեայ լսարանային դաստիարակչական հանդիպումներ ծրագրելու օրակարգը քննարկելէ ետք, ժողովը յարմար նկատեց, որ Զատկական տօներէն ետք սոյն հարցը ուսումնասիրուի եւ գործնական որոշումներ տրուին այդ ուղղութեամբ։
Հաւաքական յիշատակի նկարով եւ աղօթքով՝ ժողովը փակուեցաւ կ.ե. ժամը 3ին։
Եպիսկոպոսաց յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յուլիս 9ին, Ս. Եփրեմ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ (Ասորի ուղղափառ), Պըրպենք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.