
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Հերի Ռիտ եւ կինը Երեքշաբթի, Մարտ 26ի յետմիջօրէին այցելեցին Լաս Վեկասի նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, Ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի, Շինարարական յանձնախումբի անդամներ Գօգօ Տարագճեանի, Լեւոն Կիւլպէնկեանի ու եկեղեցւոյ Օծման յանձնախումբի անդամ Վրէժ Թասլաքեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ ազգային բարերար Գըրգ Գըրգորեանի կողմէ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Dream Fund»ի ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըր։
Նախքան եկեղեցի մուտքը, յարգելի հիւրերը մոմավառութիւն կատարեցին։ Տէր հայրը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւններուն մասին։ Շինարարական յանձնախումբի անդամները բացատրութիւն տուին եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքներուն մասին. ծերակուտականը խորապէս տպաւորուեցաւ՝ իմանալով, որ եկեղեցւոյ շինութիւնը ամբողջացած է միայն եօթը ամսուան ընթացքին։
Վրէժ Թասլագեան լուսաբանութիւններ տուաւ Լաս Վեկասի հայ համայնքին ապրած աճին մասին, իսկ Լինտի Շումախըր յայտնեց, թէ «Dream Fund»ը կը նպաստէ եկեղեցւոյ կից կանգնող Հայ կեդրոնի Շաբաթօրեայ վարժարանին, որպէսզի անիկա օժտուի հայերէն լեզուի ու պատմութեան դասաւանդման արդիական միջոցներով։
Ատրուշան Արմէնեան հիւրերուն լուսաբանութիւններ տուաւ Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ու անոր պատմականին մասին՝ նշելով, որ անոր հիմերը դրուած են Յովհաննու Մկրտիչի աճիւններուն վրայ։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ եկեղեցին Ցեղասպանութեան տարիներուն քանդուած է Թուրքիոյ բանակայիններուն կողմէ. վերջապէս, ան յիշեցուց, որ ամերիկեան խորհրդարանի թիւ 306 օրէնքը կը պահանջէ, որ Թուրքիոյ պետութիւնը իսկական իրաւատէրերուն փոխանցէ քրիստոնեաներէն բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածները:
Այցելութեան աւարտին, Աւետիս քահանայ ծերակուտական Ռիտին նուիրեց մանրատիպ խաչքար մը։ Յարգելի հիւրը, իր կարգին, խոստացաւ ամերիկեան խորհրդարանը խորհրդանշող դրօշակ մը նուիրել Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, որպէսզի բարձրացուի Լաս Վեկասի առաջին հայկական եկեղեցւոյ վերեւը։