ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Քրիստոնէական եկեղեցին, գարնան ծաղկունքի հետ վերանորոգուող բնութեան նման, ամէն տարի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով վերածաղկունք կ՛ապրի: Յարատեւ կրկնուող արարողութիւնները, ծէսն ու հոգեթով շարականները հոգելից ապրումներու ու մխիթարութեան կ՛առաջնորդեն հաւատացեալ սիրտերը, որոնք կը վերանորոգուին Քրիստոսի հրաշազան Յարութեան խորհուրդով ու կը զօրանան:
Դարերու խորքէն եկող մահուան սարսափը, նոյնիսկ ասպետներու հոգիէն դժուար կարողանար մարդ դուրս բերել, կեանքի քաղցրութեան եւ անմահութեան անգերազանցելի զոյգ գաղափարները նկատի ունենալով:
Մահը իր համայնակուլ բնութեամբ, մենատիրական իշխանութիւն տարածած էր համայն աշխարհի վրայ, որմէ փախուստի միջոց, կամ այդ կացութեան դարման ու մխիթարութեան սպեղանիք չէր կրցած գտնել մարդը անցնող հազարամեակներուն ընթացքին, սկսեալ աշխարհի ստեղծագործութեան վաղ ժամանակներից:
Անմահութեան փառքէն զրկ-ուած մարդը, կուրութեան խաւարի մէջ աչազուրկին պատկերացուցած ճանապարհով կը քալէր խարխափելով, սակայն միշտ ունենալով յոյսը վերապրումի, յարութեան ու յաւիտենութեան: Հեթանոսական գերեզմաններուն մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած գործածական իրերն ու զարդեղէնները, կեանքի շարունակականութեան ըղձանքի խոր վկայութիւններ են, որոնք ակամայ կ՛արտաբերուին մարդկային հոգիէն:
Ո՛չ ոք կը փափաքի մեռնիլ…
Սա պարզ իրողութիւն է, կեանքին արժէքը վեր հանող ու մարդու գիտակցական վիճակը արժեւորող: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իր կեանքը զոհաբերած մարտիկին նկատմամբ մատուցուող բացառիկ յարգանքը, «Կեանք» իրականութիւնը լուսարձակի տակ բերելու համար է: Որովհետեւ ան իր ամէնէն թանկագին գանձը՝ իր կեանքը, կը զոհաբերէ հայրենիքի փրկութեան բագինին: Եւ ո՞վ է այն մարդը, որ իր կեանքին արժէքը չի՛ գիտեր…:
Այսպիսով առաւել եւս կը մեծնայ Քրիստոսի կատարած զոհաբերութիւնը խաչին վրայ, որովհետեւ Քրիստոս պարզ զինուոր չէր, որ իր կեանքը զոհաբերեց երկիրի փրկութեան համար, ոչ ալ սովորական մահկանացու էր, որ իր ընտանիքին, իր հարազատներուն, իր ընկերներուն համար զոհուեցաւ: Այլ՝ Ան Աստուած էր, որ մեղաւոր համայն մարդկութեան փոխարէ՛ն զոհուեցաւ, վճարելով անոնց ազատագրութեան փրկագինը:
Խաւար, վախ, մահ եւ անորոշութիւն:
Ահա չորս կացութիւններ, որոնք յար եւ նման կը թուին ըլլալ, սակայն փոքր նրբութիւններով կը տարբերին իրարմէ:
Մեր իմացած մէկ վայրին մէջ, նոյնիսկ մեր տան սենեակներուն մէջ գտնուած միջոցին երբ խաւարի մէջ մնանք, դարձեալ խարխափելով կը յառաջանանք, միշտ վախնալով տեղ մը բախուելէ, որովհետեւ լոյսին բացակայութիւնը պահ մը կը դանդաղեցնէ մեր ինքնավստահ քայլերը, կը կրճատէ մեր տեսողութիւնը եւ կը ստիպէ առաւել արթուն եւ զգօն ըլլալ:
Մահուան ստուերին մէջ քալելը, նոյնքան եւ առաւե՛լ եւս խաւարի մէջ ըլլալուն կը նմանի, որովհետեւ բոլորիս համար անցանկալի մահուան պատճառով, նաեւ անորոշութեան վախ կը ծնի մեր հոգւոյն մէջ: Մահուան երկիւղը այնպիսի մէգ է, որ աշխարհի քամին չէր կրնար փարատել, ինչքան ալ ուժեղ փչէր: Ատիկա այնպիսի մառախուղ է, որ ո՛չ մէկ միտք չկրնար ցրուել, բուժելու համար հոգիի այն վէրքը, զոր դարերէ ի վեր ժառանգած է մարդ էակը:
Մահուան անորոշութիւնը պարզաբանելու եւ անկէ ունեցած մարդուն վախը փարատելու համա՛ր յաղթանակ տարաւ Քրիստոս մահուան վրայ: Մարդկային հոգին կը խայթուէր ամէն անգամ, երբ մահը իր սուր մանգաղով կեանք կը հնձէր մարդոց շարքերէն: Այդ խայթոցէն յառաջացած ցաւը, բոլորս ալ գիտենք, որ այնքան երկար կը յամենայ մնալ մեր հոգիին վրայ: Մեր հարազատներէն մէկուն վերջին հրաժեշտ տալը, երբեմն անյուսութիւն կը բերէ մեր վրայ, ու ինչքա՜ն կը տառապեցնէ մեզ: Ֆիզիքական կեանքի վախճանէն ետք զգացուող անորոշութիւնը, սարսափեցուցած էր մարդկութիւնը, որուն հետեւանքով մահը դարձած էր մենատէրը այս աշխարհի, վախցնելով մինչեւ անգամ ամէնէն հզօր արքաները ու աշխարհակալ կայսրերը:
Քրիստոս իր մահով, մա՛հը սպանեց: Այս է քրիստոնէութեան բերած դրական լուծումը մահուան անպարտելի գաղափարին: Ամէնէն հզօր տիրակալներու հոգիներն ալ ցնծութեան մէջ պէտք է ըլլան, ի տես այս յաղթանակին: Իսկ մենք՝ Քրիստոսի անունը կրողներս, Անոր հետեւողներս, Իր բանաւոր հօտին հաւատարիմ հետեւորդներս ինչքա՜ն պէտք է գօտեպնդուինք, որ անմահութեան այնքան ըղձալի կարգավիճակը վերստին շնորհուեցաւ մեզի:
Անմահութենէն զրկուած մարդուն, դարձեալ անմահութեան պատմուճան հագցուց Աստուած Իր Միածին Որդիին միջոցաւ: Այնպիսի շրջազգեստ, որ այնքան փափաքելի էր մարդուն համար: Այդ հանդերձէն մերկացած մարդուն տեսիլքը, երազը եւ մեծագոյն ցանկութիւնն էր վերատիրանալ իր նախկին փառքին: Ատոր գլխաւոր փաստը, մի՛շտ ապրելու, չմեռնելո՛ւ, անմահութեա՛ն հասնելու խոր ձգտումի առկայութիւնն է մարդու հոգիին խորքը: Եւ տրուեցա՛ւ մարդուն իր այդ ցանկութեան պատասխանը, սակայն ո՛չ թէ իր շնորհքով ու աշխատանքով, այլ՝ Աստուծմէ իբրեւ ձրի պարգեւ: Որովհետեւ Քրիստոս ի՛նք մերկացաւ իր աստուածային փառքէն, այդ փառքի մեծավայելչութեամբ հանդերձաւորելու մեղաւոր մարդը:
Անորոշութեան մէգն ու մառախուղը փարատեցաւ եւ մահէն ունեցած մարդկութեան վախը ջնջուեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեամբ:
Մարդկային պատմութեան մէջ աննախընթաց այս դէպքի տօնակատարութիւնը իւրաքանչիւր տարի, կը վերաթարմացնէ մեր քրիստոնէական հաւատքը: Երբ կ՛ողջունենք զիրար ըսելով՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, կը քաջալերենք, կը գօտեպնդենք, կը մխիթարենք զիրար, Անոր միջոցաւ մահուան վրայ տարուած յաղթանակը պանծացնելով, ու մեր փրկութեան եւ անմահութեան ապահովութիւնը գովերգելով կանխաւ:
Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ դուրս գանք մեզ շրջապատող միգամած խաւարէն եւ հաստատ քայլերով ուղղուինք դէպի անմահութիւն ու յաւերժութիւն: