
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մարտ 26ին դաշնակցային դատաւոր Տոլի Մ. Ճին անարդարացիօրէն, իրաւասութեան բացակայութեան պատճառաբանութեամբ, մերժեց Թուրքիոյ դէմ ամերիկահայերու ներկայացուցած հայցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերուն բռնագրաւուած կալուածներուն փոխհատուցման պահանջով:
Փաստաբաններ Պերճ Պոյաճեան, Մարք Կիրակոս, Արա Ճապաղջուրեան եւ Պրայըն Քապաթէք 29 Յուլիս 2010ին դատական խմբային հայց ներկայացուցած էին՝ Կարպիս Դաւոյեանի (Լոս Անճելըս), Հրայր Թուրապեանի (Նիւ Եորք) եւ այն բոլոր հայերու անունով, որոնց նախնիները անշարժ գոյք ունեցած են Թուրքիոյ մէջ: Դաւոյեանի եւ Թուրապեանի մեծ հայրերը սեփական հողատարածքներ ունեցած են Այնթապի եւ Ատանայի մօտակայքը: Դատին մէջ նաեւ մեղադրանք կը ներկայացուէր Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան եւ «Զիրաաթ» դրամատան՝ հայկական բռնագրաւուած կալուածներէն ստացած եկամուտներուն հաշուոյն անարդարօրէն հարստանալու համար:
Մինչ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ անոր երկու մեծ դրամատուները կ՛առարկէին, որ Միացեալ Նահանգներու դատարանները իրաւասութիւն չունին դատելու օտարերկրեայ իրաւաբանական անձերու ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան պատճառով, հայ հայցուորները կը պնդէին, որ դատավարութիւնը պէտք է ընթանայ՝ մեկնելով «Արտաքին ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան օրէնք»ին մէջ առկայ երկու բացառութիւններէ՝ «Առեւտրային գործունէութիւն» եւ «բռնագրաւում» բացառութիւններէն:
Դաշնակցային դատաւորը վճ-ռեց, որ այս երկու բացառութիւնները սոյն գործով կիրարկելի չեն: Անոր կարծիքով, դրամատուներու առեւտրային դերը Միացեալ Նահանգներու մէջ նուազագոյն եղած է եւ կապ չէ ունեցած ներկայացուած բողոքներուն հետ: Ան որոշեց, որ բռնագրաւման բացառութիւնը եւս անընդունելի է, քանի որ կալուածները չեն առնուած «Միջազգային օրէնքի խախտումով»: Ան նշեց, որ մասնաւոր սեփականութեան իւրացումը կը հակասէ միջազգային օրէնքին, եթէ, առաջին՝ անիկա չի ծառայեր հանրային նպատակներուն, երկրորդ՝ անիկա խտրութեան կ՛ենթարկէ կամ կ՛առանձնացնէ օտարերկրացիները, եւ երրորդ՝ օտարերկրեայ կառավարութիւնը փոխհատուցում չի վճարեր: Դատաւոր Ճին վճռեց, որ հայերը եղած են Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ՝ 1869 Յունուար 19ին ընդունուած «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի հիման վրայ, «որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերը կը համարէ իբրեւ օսմանեան տարրեր»: Ըստ դատաւորին, այս օրէնքը «ուժի մէջ մնաց մինչեւ 1927 թուականի Մայիս 23ը, երբ թիւ 1041 օրէնքը թրքական քաղաքացիութենէն զրկեց այն հայերը, որոնք փախած էին կամ տեղահանուած կայսրութենէն՝ այս հայցով խնդրոյ առարկայ հանդիսացող իրադարձութիւններուն ժամանակ»: Ան եզրակացուց. «Իրաւաբանօրէն, հայերը, որոնց ունեցուածքը վերցուած էր, եւ որոնք տեղահանուած էին Օսմանեան կայսրութենէն, այդ ժամանակ եղած են քաղաքացիներ»:
Դատաւոր Ճին այս որոշումները կայացնելու ընթացքին կատարեց շարք մը լուրջ փաստացի-իրական սխալներ եւ ապօրինաբար կիրարկեց օրէնքը: Անոր առարկութիւնը, թէ հայերը Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութիւններու ժամանակ եղած են Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ, այդ իսկ պատճառով Միացեալ Նահանգներու դատարանի տարր չեն հանդիսանար, լրիւ սխալ է: Ներքին գործոց նախարար Թալէաթը 1915 Սեպտեմբեր 9ի հեռագիրով արձակած էր հետեւեալ հրամանը. «Հայերուն համար Թուրքիոյ հողին վրայ ապրելու եւ աշխատելու իրաւունքները ամբողջովին ջնջուած են»: Այսպիսով, 1915 Սեպտեմբեր 9ի դրութեամբ Թալէաթը չեղեալ համարած էր հայերու՝ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ ըլլալու փաստը, զանոնք դարձնելով ոչ քաղաքացիներ իրենց ունեցուածքի բռնագրաւման ժամանակ: Միայն այս փաստը արդէն անվաւեր կը դարձնէ դատաւորի վճիռին հիմնական նախադրեալը, որ Դաշնակցային դատարանը իրաւասութիւն չունի Թուրքիոյ կողմէ իր քաղաքացիներու սեփականութեան բռնագրաւման նկատմամբ:
Բացի ատկէ, քանի որ օսմանեան քաղաքացիութիւնը պարտադրուած էր բնիկ հայերուն՝ իրենց տարածքները օսմանեան զօրքերուն կողմէ նուաճելէ ետք, հայերը ստիպուած՝ վերածուած էին դժկամ տարրերու օտար գրաւողի կողմէ: Դատաւորին սխալ դատավճիռը կը յանգեցնէ անհեթեթ եւ վտանգաւոր տեսակէտի, որ գրաւման տակ գտնուող ժողովուրդներու իրաւունքները կրնան խախտուիլ՝ զանոնք զրկելով միջազգային օրէնքի ապաւէնէն, այն պահուն, երբ նուաճող պետութիւնը զանոնք յայտարարէ իբրեւ իր քաղաքացիները:
Դատաւոր Ճին երկրորդ լուրջ սխալը արձանագրեց, երբ խճճուած փաստարկ ներկայացուց այն մասին, թէ օտար կալուածներու բռնագրաւումները կրնան իր դատարանի իրաւասութեան մէջ մտնել, եթէ անոնք իրականացած են ցեղասպանութեան գործողութիւններու ընթացքին, որովհետեւ «ցեղասպանութիւնը միջազգային օրէնքի խախտում է»: Սակայն ան վճռեց, որ հայկական դատական հայցը չի համապատասխաներ նշուած չափանիշներուն, քանի որ անիկա կը ներառէ «քաղաքական հարց»՝ կապուած արտաքին քաղաքականութեան հետ, որ գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու իրաւասութեան ծիրին մէջ է եւ ոչ թէ՝ դատական համակարգի: Ան ամբողջովին անտեսեց այն հանգամանքը, որ հայցը չէր ներկայացուած ցեղասպանութեան պահանջի տակ, այլ՝ իբրեւ միջազգային օրէնքի խախտում, որ կը ներառէ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնները, սակայն ոչ պարտադիր՝ ցեղասպանութիւնը: Ըստ երեւոյթին, դատաւորը տեղեակ չէր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը քանի մը առիթով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ անիմաստ դարձնելով իշխանութեան տարանջատման մասին իր առարկութիւնը:
Մեծ է հաւանականութիւնը, որ Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը չեղեալ կը յայտարարէ դատաւոր Ճիի անհիմն ու սխալ դատավճիռը: Հայցուորներուն փաստաբանները կրնան զգալիօրէն զօրացնել իրենց դատական գործը՝ մատնանշելով Ճիի դատավճիռին մէջ եղած որոշ փաստացի սխալները, ինչպէս նաեւ՝ ուղղելով իրենց հայցին մէջ առկայ թերութիւնները:
Դատական հայցերը ընդդէմ Թուրքիոյ՝ պէտք է ներկայացուին առաւելագոյն խնամքով, նախապատրաստութեամբ եւ մասնագիտականօրէն, քանի որ անոնք լուրջ ազդեցութիւն ունին ամբողջ հայ ժողովուրդին շահերուն վրայ, յատկապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախօրէին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը