ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա», «Առաւօտ», «Ա1+», «eMedia.am».– 4 Ապրիլին Պռոշեանի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքի ղեկավար Հրաչ Մուրադեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, իսկ 5 Ապրիլին կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Պռոշեանի պանթէոնին մէջ։
Յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար Երեւանի 15րդ թաղամասէն մինչեւ Պռոշեան գիւղ կազմակերպուած էր քայլարշաւ։ Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու անդամներ եւ Պռոշեան գիւղի դպրոցականներ Հրաչ Մուրադեանի ընկերներուն հետ ծաղիկներով եւ պաստառներով քալեցին մինչեւ գիւղապետին տուն: Գիւղին մէջ դպրոցները փակ էին, աշխատանքը կանգ առած էր։
Քայլարշաւի մասնակից Վարդան Բալեանը ըսած է, որ այդպիսով իրենք կ՛արտայայտեն իրենց կեցուածքը դէպքին նկատմամբ, իրենց բողոքը համակարգի դէմ եւ աջակցութիւնը զոհուածին հարազատներուն ու ընկերներուն:
«Նա այս փտած համակարգի հերթական զոհն էր ամենայն հաւանականութեամբ», յայտնած է Բալեանը:
«Երկրի քաղաքացին, նամանաւանդ այն քաղաքացին, որը իր կեանքն է նուիրել մեր հայրենիքին, Արցախի ազատագրմանը, այսօր զոհւում է ներքին թշնամու կրակոցից: Մենք մեր բողոքն ենք արտայայտում հէնց դրա դէմ», դիտել տուած է այլ մասնակից մը՝ Սիւզան Սիմոնեանը:
Հրաչ Մուրադեանի հարազատները, մարտական ընկերները, համագիւղացիներ եւ պարզապէս հազարաւոր քաղաքացիներ 5 Ապրիլին եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ վերջին հրաժեշտ տալու ազատամարտիկ, օրինակելի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանին: Յուզումի եւ վիշտի կողքին անոնք կ՛ուզէին գիտնալ ոճիրին պատասխանատուն՝ պահանջելով պատժել զայն։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեանը Հրաչ Մուրադեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանած դամբանականին մէջ կոչ ուղղեց բոլոր մարտական ընկերներուն՝ ցուցաբերել զսպուածութիւն եւ վստահութիւն յայտնեց, որ ոճրագործները պիտի պատժուին:
«Եթէ չպատժուեն, կը պատժուեն Աստծոյ կողմից, եթէ Աստուած չպատժի, կը պատժի Դաշնակցութեան Աստուածը», հաստատեց ան։
Նշենք, որ հոգեհանգիստի արարողութեան չէր համարձակած ներկայանալ Պռոշեանի տարածքային համակարգի ղեկավարը՝ Կոտայքի մարզպետ Կովալենկօ Շագալդեանը, որ նախօրէին անյարգալից արտայայտութիւններ ունեցած էր մամուլին մէջ:
Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ, 4 Ապրիլի երեկոյեան, ժամը՝ 20:00ին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի: 5 Ապրիլին եւս արդարութիւնը վերականգնելու պահանջով հրապարակին վրայ հաւաքուած էին բազում քաղաքացիներ:
«Առաւօտ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է. «Մեր պահանջը հետեւողական է լինելու, որ գործի բացայայտման ուղղութեամբ կոնկրետ քայլեր իրականացուեն: Եթէ այդքան արագ արդէն ձերբակալուածներ կան, յոյս է ներշնչում, որ այս գործը լիարժէք բացայայտում կ՛ունենայ»։
Թղթակիցը հարց տուած է, որ գիւղապետի սպանութեան յանցանքով համագիւղացիներու ձերբակալութիւնը՝ որպէս կասկածեալ, չի՞ շեղեր սպանութիւնը քաղաքական ենթահողէն դէպի կենցաղային հող:
«Անհանդուրժողականութեան, անարդարութեան, անպատասխանատուութեան մթնոլորտի պայմաններում այդպիսի յանցագործութիւնները եւ այդպիսի տեսակի նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւնները գնդակ են արձակուած պետականութեան նկատմամբ: Այդքանով քաղաքական հող ունի: Բայց կազմակերպիչների եւ այլնի տեսակէտից հիմքեր չունենք պնդելու նման բան: Ինչ վերաբերում է գործի շեղումներին եւ այլն, այս պահին նման պնդումներ չեմ կարող անել: Գործը նախաքննութեան փուլում է, հիմա չեմ տայ գնահատականներ, քննութեան ընթացքում, ըստ իրավիճակի, մեր գնահատականները կը տանք», դիտել տուած է Մինասեան:
Ան նաեւ ըսած է, որ թէեւ գիւղապետին վրայ մնայուն կերպով ճնշումներ բանեցուած են, բայց իրենք չեն ուզեր այդ ճնշումները սպանութեան հիմք ու պատճառ նկատել. «Հերոս անձնաւորութիւնը ոստիկանութիւն հաղորդագրութիւն տար, որ իր նկատմամբ լարուածութի՞ւն կայ: Քանի նման հերոս կայ, որ նման յայտարարութիւն կ՛անէր: Իր նկատմամբ, իր շուրջ ստեղծուող լարուածութիւնն ակնյայտ էր՝ կար, մենք չենք ուզում մտածել, որ յատկապէս դա է պատճառ հանդիսացել, բայց իր նկատմամբ, որպէս համայնքի դաշնակցական ղեկավարի, միշտ եղել է լարուածութիւն եւ իշխանութիւններն անընդհատ փորձել են խոչընդոտել նրան ընտրութիւններում»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.