
ԵՐԵՒԱՆ.– «Ժամանակակից հայ արձակի հիմնախնդիրները» նիւթով գիտաժողովը նախաձեռնելով՝ կազմակերպիչները կը փորձեն յստակացնել ու բացայայտել, թէ հայ արձակին, ընթերցողներու թիւի սակաւութեան, հայ գիրքին նկատմամբ անտարբերութեան եւ հետաքրքրութեան բացայայտութեան պատճառները ի՞նչ են եւ ի՞նչ կարելի է ընել։
«Մեր մտահոգութիւնները, մեր անհանգստութիւնը հասկանալու մեր գրականութիւնը, նրա տագնապները եւ թիրախները, տեղին էին: Իսկապէս կուտակուած ասելիք կար, որը մէկտեղելու անհրաժեշտութիւնը դարձել էր հրամայական», նշած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը:
Թատերագիր, թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեանի համաձայն, ժամանակակից հայ գրականութիւնը խայտաբղետ է: Անոր համաձայն, «այսօրուայ քննարկուող ամենակարեւոր նիւթը ժամանակակից հերոսի, սիւժէների ընտրութեան ու մատուցման, նաեւ ոճի խնդիրն է: Երիտասարդ գրողները իւրովի են լուծում այս խնդիրները, բայց այդ մօտեցումները հասկանալու համար ժամանակ է անհրաժեշտ»:
«Ժամանակի ընթացքում ժամանակի փիլիսոփայութիւնը, կոնցեպցիաները պէտք չէ փրկել հէնց այսօր ստեղծուող գրականութեան մէջ, ժամանակ ու տարածութիւն է պէտք՝ դրանք ամփոփելու, ընդհանրացնելու համար: Հետեւաբար՝ ընթերցողներն էլ ըմբռնողաբար են մօտենում սրան», յայտնած է Լեւոն Մութաֆեանը:
Արձակագիր Ռուբէն Յովսէփեան կարեւոր կը նկատէ գրական աշխարհի ներկայացուցիչներու նման հանդիպում-քննարկումները: Ըստ անոր, «գրականագիտութեան ակտիւացմամբ կ՛ակտիւանայ նաեւ գրականութիւնը»:
«Շատ-շատերն իրենց սենեակներում նստած՝ սպիտակ թղթի առջեւ, առանձնապէս կեանքի հետ կարգին յարաբերութիւն էլ չունեն, եւ էդ յարաբերութիւնը նաեւ գրականագէտների, քննադատների միջոցով պիտի լինի», դիտել տուած է Ռուբէն Յովսէփեան:
Երիտասարդ արձակագիր Նառա Վարդանեան քանի մը գիրքի հեղինակ է: Գիտաժողովին կը մասնակցի իբրեւ ունկնդիր՝ նոր առաջարկներու եւ դիտողութիւններու համար: