ՀԱՅԿՈՒՀԻ ՍԵՐՈԲԵԱՆ
Մայիս ամիսը գարնան գեղեցիկ ամիսներէն մէկն է, ուստի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղը Մայրերու տօնին առիթով մայրական սիրով եւ երախտագիտութեամբ կ՛ողջունէ աշխարհի բոլոր մայրերը:
Թուականէս 95 տարիներ առաջ՝ 1918ի գարնան, խումբ մը նուիրեալ հայուհիներ՝ յաղթահարելով կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, հիմնեցին Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղը հայաշատ Հոլիվուտի մէջ:
Ինչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն. ինչպէս ամէն տարի, այս տարին եւս Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին անուանակոչած է «Հայ կնոջ տարի», զոր ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղն ալ աւելի կազմակերպուած, հզօր ու տոկուն քայլերով, իր հիմնադրութեան 95ամեակին հետ միատեղ, Ուրբաթ, Մայիս 3, 2013ին պիտի տօնակատարէ՝ հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ռընեսանս» գեղատեսիլ սրահին մէջ, 1236 S. Central Ave., «քոքթէյլ»՝ ժամը 7ին, ընթրիք՝ ժամը 8ին, որմէ ետք պիտի կատարուի պատշաճ յայտագիր մը:
Օրուան բանախօսն է հանրածանօթ փրոֆ. Կարօ Մոմճեան:
Բանախօսութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ 95ամեակի մոմավառութիւն, կարկանդակի հատում եւ խրախճանք:
Այսօր, երբ կը պատրաստուինք ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի 95ամեայ տօնակատարութեան՝ մասնաճիւղիս բոլոր անդամուհիներով կը խոնարհինք մեր հին ու անգին հիմնադիրներու յիշատակին առջեւ, զոր մեզի կտակեց օրինակելի եւ հզօր հայ կանացի անզուգական միութիւնը եւ, ի տես անոնց, անցեալի կատարած գնահատելի աշխատանքները կը ջանանք նոյն տարողութեամբ անշեղ ու անթերի շարունակել:
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի մայրերուն եւ քոյրերուն, որ սիրով միանան մեր շարքերուն, որպէսզի լայնօրէն օժանդակենք Սփիւռքին եւ միասնական կամքով թիկունք կենանք մեր հայրենիքի անկախութեան:
Փա՜ռք ու պատի՜ւ քեզ ՀՕՄի մեր 95ամեայ «Մայր» մասնաճիւղ: Խունկ ու մոմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք եկան ու ծառայեցին այս կազմակերպութեան եւ մեկնեցան այս կեանքէն, որոնց օրինակներով պիտի շարունակենք առյաւէտ: