
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը Հայաստան-Սփիւռք վերամիասնութեան արդիւնքն է. այս հաստատումը կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը:
«Սա շատ կարեւոր գործընթաց է, եւ այն շարունակական բնոյթ է կրում: Եւ պէտք է ընդգծենք, որ մեր որդեգրած այս ռազմավարութիւնը շատ արդիւնաւէտ է, քանզի մենք միջազգային ճանաչման եւ երկկողմ յարաբերութիւնների հաստատման հարցում կարեւորում ենք ոչ միայն խոշոր պետութիւններին, այլեւ առանձին շրջանների», յայտնած է Բաբայեան՝ շեշտելով, որ Մէյնը Միացեալ Նահանգներու երրորդ նահանգն է, որ ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
Բաբայեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին եւ Մէյն նահանգի ներկայացուցիչներուն: