
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 4ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց առաջնորդարանի «Սիպիլ Աբրահամեան» ժողովասենեակի բացման արարողութեան: Բարերարուհիին ընկերուհիները aներկայ գնտուեցան բացման արարողութեան:
Ժողովասրահի բացման արարողութեան մասնակցեցան Խաժակ քհնյ. Շահպազեան եւ առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Մկրտիչ Քսաչիկեան: Առաջնորդը իր խօսքին մէջ գնահատեց բարերարուհի Սիպիլ Աբրահամեանի քրիստոնէական ոգին եւ իր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդարանի առաքելութիւններուն անոր արքայավայել օժանդակութեան համար: Առ ի գնահատանք, սրբազան հայրը մանրանկար մը նուիրեց բարերարուհիին: