ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ

Որքա՜ն շուտ կ՛անցնին տարիները. կարծես երէկ էր Ցեղասպանութեան 95ամեակը. այսօր արդէն 100ամեակը մեր շեմին է, կամ մենք կանգնած ենք 100ամեակի սեմին: 2013ի առաջին 3 ամիսները անցած են արդէն: Որքան արագ է կեանքը՝ մանաւանդ հասուն մարդոց համար, որոնք հազար ու մի խնդիրներ ունին լուծելիք. հազար ու մի ընտանեկան, ազգային, քաղաքական, դատական հանգոյցներ ունին քակելիք:
Միւս կողմէն մանուկներն ու անչափահասները կը գանգատին, թէ կեանքը որքան դանդաղ կ՛ընթանայ. դեռ որքա՞ն պէտք է սպասեն, որ մեծնան, դուրս գան մեծերու հովանիէն, դառնան անկախ, ինքնիշխան: Երկու պարագային ալ ճիշդ են հասկացողութիւնները. հակասութիւն պէտք չէ փնտռել այս երկու հակադիր ըմբռնումներուն մէջ:
Ճիշդ է, որ առօրեան իր սանձը անցուցած է սովորական մարդոց վզին եւ զանոնք կ՛առաջնորդէ իր պահանջքներուն, երբեմն նաեւ իր քմայքներուն համաձայն, սակայն գիտակից, յանձնառու մարդուն պարտականութիւնն է փորձել գոհացնել առօրեան, բայց երբեք չտարուիլ անոր հոսանքէն, այլ իր կեանքը, իր արարքները դասաւորել այնպէս որ իրագործուին նաեւ իր ազգային, հոգեկան, բարոյական պահանջները:
Ցեղասպանութեան 95ամեակէն գրեթէ անմիջապէս ետք կազմուեցաւ 100ամեակի պատկառելի յանձնախումբը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, զոյգ կաթողիկոսներուն եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Յանձնախումբը կազմուեցաւ: Արդէն շուրջ երեք տարին անցաւ, բայց շօշափելի գրեթէ ոչ մէկ գործ կայ հրապարակի վրայ, բացի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100ամեակի ծիրին մէջ եղող հրատարակչական աշխատանքներէն: Երանի ես անտեղեակ ըլլամ ու սխալած եմ դատումիս մէջ. բայց եթէ կատարուած աշխատանք կամ աշխատանքներ կան հանրութիւնը պէտք է տեղեակ պահուի:
Հոս զիս չարչրկող մտածում մը ընթերցողներու ուշադրութեան, մանաւանդ քննութեան կ՛ուզեմ յանձնել: Շատ հաւանաբար, բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են Ցեղասպանութեամբ կամ Ցեղասպանութեան 100ամեակով համաձայն պիտի ըլլան, որ այդ առթիւ աշխարհին ներկայանանք Միաձայնութեամբ: Հետապնդենք յստակ մէկ նպատակ: Մեր հիմնական թիրախը Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը պիտի ըլլայ, թէ Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած անարդարութեանց վերականգնումը, որ խտացուած է Պահանջատիրութիւն բառին մէջ: Եկէք խոստովանինք որ այս շփոթը տիրապետող է շատերուս միտքին մէջ:
Նպատակի միասնականութեան հասնելու համար, անհրաժեշտ է գոյացնել աւելի քան ազգային միասնականութիւն: Ըստ իս այսօր ազգային միասնականութիւն ալ չունինք: Այս մասին եթէ քիչ մը պարզ խօսիմ, ներողամիտ եղեք:
«Մէկ ժողովուրդ, մէկ մշակոյթ, մէկ պայքար» արտայայտութիւնը բաղձանք է միայն, ոչ իրականութիւն. բաղձանքները ընդհանրապէս տարբեր են իրականութենէն: Մեր ժողովուրդը այսօր բաժնուած է երկու գլխաւոր մասերու.
ա. Հայաստան
բ. Սփիւռք կամ Արտասահման
Հայաստանը իր կարգին բաժնուած է 4 մասերու.
1.- Երեւան
2.- Ծայրամասեր
3.- Արցախ
4.- Ներքին սփիւռք

Սփիւռքը կամ Արտասահմանը ինքն իր մէջ ունի նախ տեղական (Յունահայ, Իրաքահայ, Սուրիահայ եւ այլն) բաժանումներ, որոնք այնքան ալ տարբեր չեն իրարմէ իբրեւ սովորութիւն, կենցաղ, բարոյական հասկացողութիւն (լեզուական տարբերութիւնը ցայտուն է. Եւրոպայի հայը ֆրանսախօս է ընդհանրապէս, Ամերիկայինը՝ անգլիախօս, եւ այլն): Սփիւռքի վտանգաւոր բաժանումները քաղաքական են. նախ կան մեր ազգային երեք կուսակցութիւնները՝ իրենց քաղաքական տարբեր հայեցողութեամբ, յաճախ տարբեր կը դիրքորոշուի օրինակ Հայկական համագումարը, տարբեր կը մտածեն մասոնական օթեակները:
Նախ այս բոլոր հոսանքները 100ամեակի հետապնդելիք վերջնական նպատակին շուրջ համաձայնին եւ անկէ վերջ, աշխատանքի բաժանումով, համակարգող յանձնախումբի մը հովանիին տակ, աշխատանքի լծուին: Անտարբերներու ամբոխը գլխաւոր գործելադաշտը կրնայ դառնալ թուրքի «սիրալիր», «եղբայրական» խանգարիչ գործելաձեւին:
Հայաստանի չորս բաժանումներուն մէջ տարբերութիւնները աւելի կենցաղային, ընկերային, տնտեսական են: Քաղաքական տարբերութիւններ գրեթէ չկան. հոն պետութիւնը՝ իմա նախագահը, կը ճշդէ քաղաքական ուղղութիւնը եւ միւսները կը հետեւին, աւելի ճիշդ, կը համակերպին՝ մինչեւ երջանիկ օր մը Ամերիկայէն կամ Եւրոպայէն վիզա մը ձեռք ձգեն ու հեռանան…
Հիմնական տարբերութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի հասկացողութիւններուն մէջ է:
Աւա՜ղ, այսօր Հայաստանի մէջ չկայ 1965ի երիտասարդութիւնը, որ 100 հազարներով լեցուեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ արհամարհելով բանտն ու աքսորը աղաղակեց՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը»: Չկայ նաեւ 1988ի երիտասարդութիւնը որ ձիւն ու ձմրան աներեւակայելի թիւերով յորդեցաւ մեծ քաղաքներու փողոցներուն մէջ ու աղաղակեց՝ «Ղարաբաղը մերն է, Ղարաբաղը մերն է», եւ ծով արիւն թափելով տիրացաւ իր դարերու երազին, տիրացաւ իր պապերու ժառանգին գրկաբաց ընդունելով արտասահմանէն իրեն օգնութեան փութացող եղբայրական ձեռքը: Այս բոլորին վկաներն են Եռաբլուրը, Արցախի պանթէոնը, այլազան գերեզմանատուներու մէջ, երբեմն նոյնիսկ բնութեան ծոցին մէջ յաւերժութիւնը գրկած ննջող մեր մարտիկները:
Այս բոլորը ինչո՞ւ այսքան շուտ, այսքան յեղակարծօրէն փոխուեցան. տեղին չէ խորանալ: Բայց կարելի չէ նաեւ չարձանագրել, որ անկախութեան առաջին օրերէն իսկ Հայաստանի իշխանաւորներն ու մտաւորականութիւնը սկսան վերէն նայիլ, չըսելու համար արհամարհանքով, Սփիւռքի իրենց եղբայրներուն վրայ, անոնք դարձան «նարինջ ուտող» կամ «կթան կով»: Ինչպէս ատեն մը Յ. Քաջազնունին գրեց «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի», այնպէս ալ Հայաստանի իշխանաւորներն ու մտաւորականութիւնը կը կարծեն, որ Հայաստանի անկախացումէն ետք Սփիւռքը այլեւս ինքնանկախ գործունէութիւն պէտք չէ տանի, այլ պարզապէս պէտք է հետեւի Հայաստանէն եկած ցուցմունքներուն: Ըսածս հաստատելու համար գտէք (թուականը չեմ յիշեր, անկախացման առաջին տարիներուն էր) այնքան յարգուած մտաւորական Զօրի Բալայեանի ճառը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ եւ ճշդեցէք, թէ ինչ պատգամեց: Նոյն յուշարձանին առջեւ ի՞նչ պատգամ բերաւ մեզի գրագէտ Պերճ Զէյթունցեանը: Իսկ ամէնէն անընդունելին, նորին վսեմութիւն հանրապետութեան նախագահ պր. Սերժ Սարգիսեանի ելոյթն էր, որ մինչեւ այսօր դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնայ մեր ճակատագիրին, մեր ապագային վրայ: Ան անձնական շրջապտոյտով փորձեց Սփիւռքին ընդունելի դարձնել իր թրքանպաստ ֆութպոլային քաղաքականութիւնը եւ երբ ձախողեցաւ, Սփիւռքը Հայաստանի պոչին կապելու պարտականութիւնը յանձնեց նորաստեղծ Սփիւռքի նախարարութեան:
Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ Յ. Քաջազնունին սխալ էր իր մտածումին մէջ. նոյնպէս սխալ է Հայաստանի այն մտածումը, որ Սփիւռքը պարզ հետեւորդ պէտք է ըլլայ վերէն եկած ցուցմունքներուն:

Եթէ չընդունինք որ Սփիւռքը առանձին ինքնորոյն միաւոր մըն է գործակից Հայաստանին, եթէ չընդունինք որ այսօրուան Հայաստանը մեր գոյութեան, մեր գալիքի հիմնաքարն է, որուն ծաղկումին ու ծաւալումին պէտք է յանձնառու ըլլայ ողջ հայութիւնը, դժուար թէ կարելի դառնայ ազգային միասնականութիւնը եւ միջազգային հանրութեան մէկ բերանով ներկայանալը:
Հայաստանի մէջ թուրքը կամ Թուրքիա կ՛ընդունուի իբրեւ սովորական դրացի երկիր, որուն հետ պարզապէս տարակարծութիւն ունինք Ցեղասպանութեան գծով, որ ապագային լուծելիք խնդիր մըն է: Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք չէ խանգարէ, որ այսօր մենք սիրաբանութիւն ընենք մեր դրացիին հետ, որովհետեւ «Միջազգային ընտանիք» կոչուած իշխանախաւ մը այդպէս կը փափաքի, այդպէս կը պահանջէ:
Սփիւռքը, որ ձեռքէ ելած Արեւմտեան Հայաստանի (մինչեւ աշխարհի յետին անկիւնները ցաք ու ցրիւ եղած) մնացորդացն է, ինքզինք ժառանգորդը եւ իրաւատէրը կը նկատէ աւելի քան 3000 տարուան իր հողերուն, ուր հանճարներ ու սուրբեր թաղուած են եւ որ այսօր կը տրորուի թշնամիին կամ թուրքին կրունկին տակ, որուն երեսը ամէն օր, ամէն ժամ կ՛այլափոխուի, որպէսզի կորսնցնէ իր պատմական, իր հայկական դիմագիծը: Սփիւռքը չի կրնար հանդուրժել, որ բարի դրացնութիւն խաղցուի այն ժողովուրդին հետ, որ ամբողջ ազգ մը տեղահան ընելէ ետք, սուրիական անապատները անոնց գերեզման դարձուց: Սփիւռքը չի կրնար, պէտք չէ կարենայ իր ձեռքը երկարել այն ձեռքին, որ տակաւին չէ մաքրուած իր պապերու արիւնէն: Չի կրնար գործակցիլ այն ժողովուրդին հետ, որ մինչեւ այսօր պետականօրէն յանցանք կը նկատէ եւ պատեհ առիթին՝ պատրաստ է զինք ոչնչացնելու. վկա՞յ կ՛ուզէք, տանք նորագոյնները՝ Հրանդ Տինքը, Սեւակ Պալըքճին, Պոլսոյ հայ ծերուկ մամիկները: Սփիւռքը չի կրնար քանի մը արծաթի գնով ծախել իր պատմութիւնը, իր յիշողութիւնը, իր իրաւունքը:
Մինչեւ չհամաձայնեցուին (չեմ ըսեր նոյնանան) այս հակադիր բեւեռները, մինչեւ յստակօրէն չճշդուի հարիւրամեակի մեր թիրախը, մինչեւ չյստականայ մեր պահանջը մեր դրացիէն կամ թշնամիէն եւ «Միջազգային ընտանիքէն», մենք երկար պիտի շարունակենք երգել «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա» կամ «Երթամ ննջիլ զիմ Կիլիկիա»:
Անցնինք աննշան թուացող, բայց կարեւոր մանրամասնութիւններու.
ա. Հայոց Ցեղասպանութիւն. «Մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով գիտաժողով Երեւանի մէջ, («Ասպարէզ», Մարտ 22).
Գիտաժողովին հիմնական նպատակն է.
«ա. Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեան եւ թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման հետագայ հեռանկարներն ու ուղղութիւնները
բ.- Ժխտողականութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու աշխատելաոճերն ու հրամայականները
գ.- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու իրաւայաջորդներուն փոխհատուցման ու անոր կապուած խնդիրներու իրաւական հիմնաւորումներու քննարկումը»:
Ըստ Յ. Սասունեանի զեկուցման («Ասպարէզ», Մարտ 29) ձայն առած են 9 հոգի, որոնցմէ միայն երկուքը խօսած են հատուցման մասին: Վլատիմիր Վարդանեան առաջարկած է «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծել մշտապէս գործող պետական մարմին՝ իրաւական հիմնաւորումներու հետազօտութեան եւ մշակման ուղղութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած Թուրքիայէն պահանջները միջազգային դատարաններուն մէջ հետապնդելու համար»: Թէեւ պահանջները կան բայց յստակ չեն:
Յ. Սասունեան այսպէս կ՛ամփոփէ իր ելոյթը. «Ելոյթս աւելի շատ «արդարութեան հետապնդման» մասին էր քան՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման», զոր արդէն յաջողութեամբ իրագործած ենք: Արդարութեան հայեցակարգը կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդի բոլոր պահանջները Թուրքիայէն՝ բարոյական, նիւթական եւ տարածքներու վերադարձ»:
Այս պայմաններուն մէջ, շուրջ 40 հոգի կը մասնակցին քննարկումներուն, 9 հոգի զեկոյց կը ներկայացնէ եւ միայն մէկը տարածքներու վերադարձի պահանջ կը դնէ: Այս իրավիճակին առջեւ կ՛արժէ անգլերէնով ըսել. «But where is the beef»:

Իմ կարծիքով այսպիսի գիտաժողովներ անպայման օգտակար են, սակայն պէտք չէ մնան ընդհանրութիւններու, բանաձեւումներու մթնոլորտին մէջ, այլ պէտք է առնուին որոշումներ, նշանակուին անձեր կամ յանձնախումբեր այդ որոշումները գործադրելու եւ կազմակերպիչ մարմինին հաշիւ տալու պայմանաւ:
Անշուշտ նեղացուցիչ, անհանգստացնող շատ այլ երեւոյթներ կան, բայց կարելի չէ բոլորին մասին խօսիլ: Այն մէկը, որուն մասին կ՛ուզեմ խօսիլ անպայման ընդվզեցուցիչ է ինծի համար: Հայաստանէն «Նարեկավանք Թուր» (կարծես դրամ շահելու համար ուրիշ անուն չկար, որ կ՛օգտագործուի սուրբին կամ սրբատեղիին անունը, որովհետեւ սուրբը ապրած է, եւ սրբավայրը կը գտնուին Վասպուրական աշխարհին մէջ) գործակալութիւնը, գործակցաբար թրքական Պորանճիթ օդանաւային ընկերութեան եւ Վանի Այունիս զբօսաշրջական գործակալութեան, օդանաւային նոր գիծ մը կը բանայ Երեւանէն Վան: Կարծես Երեւանէն Պոլիս գիծը բաւարար չըլլար: Մենք երբ Երեւանէն Ստեփանակերտ օդային գիծ չենք կրնար բանալ Ատրպէյճանի ճնշումներուն պատճառով, այս օրերուն ի՞նչ գործ ունինք Վանի հետ: Լուրին յուսալից բաժինը այն է որ Թուրքիան «որոշած է անորոշ ժամանակով յետաձգել Ապրիլ 3ին սկսելիք Երեւան-Վան թռիչքները»: Կը մաղթեմ որ շուտով գոցուի նաեւ Երեւան-Պոլիս թռիչքը: Հերիք է, որ Թուրքիան մեզի հետ խաղայ՝ ինչպէս կատուն՝ մուկին հետ:
***
Ցեղասպանութեան 100ամեակը Հայ Դատի հետապնդման վերջակէտը չէ ի վերջոյ. թերեւս անոր երրորդ փուլին սկիզբն է. մինչեւ Յիսնամեակ տեղաւորուելու, ինքզինք գտնելու, որոշ չափով մեր կորուստները սգալու շրջանն էր. Յիսնամեակէն Հարիւրամեակ ճանաչման շրջանն էր, իսկ Հարիւրամեակէն յետոյ կը սկսի Պահանջատիրութեան շրջանը: Մարդկային կեանքին մէջ բոլոր երեւոյթները, իրադարձութիւնները մարդը կը տանին այն եզրակացութեան, որ արդարութիւն ըսուածը ոչ թէ չկայ, այլ ինկած է մեծերուն, հզօրներուն ձեռքը. արդարութիւնը մեծերուն քաղաքական հաշիւն է. անոնց հանումին ու գումարումին, անոնց բազմապատկութեան ու բաժանումին արդիւնքն ու քանորդն է: Այդ այդպէս ըլլալով հանդերձ, մեր Դատին, մեր պահանջատիրութեան հիմնաքարը, խարիսխը անժամանցելի արդարութիւնն է, յոյսը՝ անոր հասնելու, կամքը՝ անոր տիրանալու, հաւատքը՝ զայն կարենալ իրագործելու ամէնէն անյուսալից, ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ իսկ:
Յիշեցէք որ այդ անկարելին կարելի դարձաւ մեր Արդարահատոյցի պարագային, զոր այսօր անջիղ, աշխարհաքաղաքացի, աղքատ, աղտոտամռութ, վայբերան մարդիկ կը փորձեն նսեմացնել: