ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Երբ Երեքշաբթի, 19 Մարտի «Ասպարէզ»ը ստացայ, անմիջապէս բացի եւ սկսայ կարդալու: Սկսայ կարդալու եւ ուրախացայ: Ուրախացայ, որովհետեւ խորագիրները տեսնելով, զիս գոհացնող նիւթեր գտայ այդտեղ:
Այո՛: Սկիզբը ուրախացայ: Բայց քիչ մը թերթատելէ ետք՝ յուսախաբ եղայ: Որովհետեւ անդրադարձայ, որ փոխանակ գործս դիւրացնելու, թերթին այս թիւը զիս պիտի շփոթեցնէ:
Նպատակս Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի «Բացառիկ»ին համար նիւթեր հաւաքելն էր: Բայց, խորագիրները կարդալէ ետք, տեսայ որ ինծի օգտակար չեն վերոյիշեալ յօդուածները: Ընդհակառակը: Անոնք մտքիս մէջ աւելի շփոթ կը ստեղծէին, զայն տանելով դէպի աւելի յաւելեալ մանրամանութիւններու:
«Ասպարէզ»ի վերոյիշեալ թիւը կը սկսէր հետեւեալ առաջնորդող յօդուածով. «Հայերէն պէտք է ներողութիւն խնդրել»: Յօդուածը կը սկսէր այսպէս. «Թուրք նախկին դիւանագէտ, Թուրքիոյ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան մնայուն անդամ Վոլքան Վուրալ կրկին պնդած է, թէ «Թուրքիան առանց ընդունելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ պէտք է հայերէն ներողութիւն խնդրէ տեղի ունեցած ողբերգութեան համար:» Երախա՞յ կը խաբեն արդեօք: Մէկը պէտք է հարց տայ այդ թուրքին որ, եթէ հայ մը կանխամտածուած ձեւով անոր ծնողքը կամ զաւակը սպաննէ, ի՞նչ կ՛ըլլայ իր հակազդեցութիւնը: Կը բաւէ՞, որ այդ ոճրագործը միայն ներողութիւն խնդրէ:
Նոյն օրուան «Ասպարէզ»ը «Լուսարձակ» սիւնակին տակ կը խօսէր «Սամաթիոյ Յարձակումներ»ուն մասին, եւ կը լուսաբանէր անոր հետեւեալ օրերու զարգացումները, զորս Պոլսոյ ոստիկանութիւնը կը վերագրէր իբրեւ թէ Մուրատ Նազարեան անունով հայ երիտասարդի մը:
Ցեղասպանութենէն ի վեր, թուրքը միշտ առիթ մը կը գտնէ զանազան ոճիրներ բարդելու համար հայերուն վրայ, կարծելով որ իր յանցանքը կը նուազի այդ ձեւով: Վերջին հաշուով սակայն, իրականութիւնը երեւան կ՛ելլէ: Թէեւ, ատիկա ոչինչով կը պակսեցնէ թուրքին խանադավառութիւնը իր ստեղծագործ երեւակայութիւնը գործածելու մարմաջէն: Գիտենք, որ Սամաթիոյ ոճիրին զոհը եղած էր տարեց հայ կին մը՝ Մարիձա Քիւչիւք, որուն սպաննութենէն ետք, «գող մը Մարիձա Քիւչիւքի դրացիին խանութը մտած էր եւ պահարանի մը վրայ թողած էր գրութիւն մը, որ կ՛ըսէ. «Ես սպաննեցի»: Կարծէք բուն ոճրագործը հպարտառիթ դէպքի մը մասին կը խօսի:
Երկրորդ յօդուածը իբրեւ խորագիր ունի. «Քիւրտ Գրողներու Միութեան Նախագահը Ծիծեռնակաբերդ կ՛այցելէ»: Եւ կը շարունակէ. «Երեւանը եւ Տիարպեքիրը շուտով պիտի դառնան քոյր քաղաքներ եւ համագործակցութիւնը առաջին հանգրուանին մշակութային մակարդակի վրայ պիտի ըլլայ. այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Գրողներու միութեան հրաւէրով Հայաստան այցելող Քիւրտ գրողներու միութեան նախագահ Իրֆան Պապաօղլու: Անոր կ՛ընկերանայ նաեւ քիւրտ անուանի գրող, հրապարակախօս Շեխմուս Տիքեն:» Կը հասկնանք նաեւ, թէ Իրֆան Պապաօղլու հայկական հարցին նուիրուած հինգ գիրքերու հեղինակ է: Ընդունինք, որ բացառութիւններ միշտ կան եւ պիտի ըլլան:
Բայց, այս գրութիւնը քիչ ջիղերուս դպաւ, կամ այդ ջիղերս շոյեց: Կամ՝ երկուքը միասին: Տիգրանակերտցի հօր զաւակ ըլլալով, յանկարծ յիշեցի, որ երբ հօրս գիրքերը կը ստուգէի, հոն գտայ քրտերէն լեզուով համայնագիտարանի պրակներ: Շատ զարմացայ, երբ մտահոգութիւն բարձրացուցի այս գիւտին առիթով, աւելի բանգէտ տարեց տիգրանակերտցիներէ իմացայ, որ գրեթէ ամէն տիգրանակերտցի հայ՝ քրտերէն լեզուին ծանօթ է: Ինչո՞ւ հարցումիս պատասխանուեցաւ, որ Տիգրանակերտը (կամ Տիարպեքիրը) մեծամասնութեամբ բնակեցուած է քիւրտերով, մանաւանդ՝ այսօր:
Ուրեմն, մտածեցի թէ արդար չէինք երբ կատարեալ «տգէտ» մարդոց համար «քիւրտ է» կ՛ըսէինք: Ըսել կ՛ուզէինք «լեռնցի», «գիւղացի» կամ «անուս» մարդ: Հիմա, ատիկա չէ կարեւորը: Կարեւորը այն է, թէ Տիգրանակերտը ապագայ Քիւրտիստանի մէկ մասն է: Եւ մենք անմեղօրէն կը կարծէինք, թէ Տիգրանակերտը ամբողջութեամբ հայկական է: Չէ՞ որ մեծն Տիգրանի դաստակերտն է:
Շփոթահար վիճակս կը շարունակուի: Քիւրտը ի՞նչ գործ ունի Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Չէ՞ որ ինքն ալ ձեռք ունի ջարդերուն մէջ: Իսկ հիմա, ամէն առիթով անմեղ եղանակով կը յայտարարէ «որ մենք միասին ապրած քաղաքացիներ ենք (երանի՜ միասին ալ սպաննուած ըլլայինք)»: Ան ըսած է նաեւ, թէ Ծիծեռնակաբերդէն յուզուած վերադարձած է: Ըստ իրեն՝ «հաւանաբար 25 տարի առաջ տեղի պիտի չունենային Հալապճայի (Իրաքի մէջ քրտական շրջան մը) ջարդերը, եթէ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատուները արդար պատիժ ստանային»: Շարունակենք. «Որոշեցինք համագործակցութիւնը սկսիլ մշակոյթէն: Քիւրտերը Իրաքի եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ արգելքներ կը դիմագրաւեն, մինչդեռ Հայաստանի մէջ մեր լեզուն ծաղկում կ՛ապրի: Հայ եւ քիւրտ ժողովուրդները իրարու թեւ-թիկունք դարձած՝ պէտք է յառաջանան, որովհետեւ ունին միեւնոյն ճակատագիրը», եզրակացուցած է Պապաօղլու: Իսկապէ՞ս: Մենք գիտենք, թէ մեր Աքիլլեսի կրունկն է մեր մշակոյթը:
Հապա՞ Արցախը: Բայց մինչեւ մեր հոն հասնիլը, անդրադառնանք փոխան խմբագրականի պոլսահայ Բագրատ Էսդուքեանի յօդուածին՝ «Կոտրել Պատեանը» խորագիրով: Անոր նիւթը «քաղաքացիական արիութիւն»ն է:
Տարիներ շարունակ անտեսելով իրականութիւնը, պոլսահայ մեր հայրենակիցները վերջապէս անդ-րադարձան իրենց գլխուն ալ վրայ տարուբերող սուրին: «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր՝ Սարգիս Սերովբեան Լիբանանէն հաղորդուող «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին կ՛ըսէ, թէ «այսօր պոլսահայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած է բազմաթիւ հարցերու, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ քաղաքացիական արիութիւն ցոյց տալը…»:
«Ասպարէզ»ի խմբագրականը՝ «Կոտրել պատեանը» ստորագրուած Բագրատ Էսդուկեանի կողմէ եւ նոյն օրը երեկոյեան «Հորիզոն» հեռուստացոյցով ցուցադրուած Պոլսահայ միութեան ատենապետին մէկ ելոյթը, մօտաւորապէս նոյն միտքը կը յայտնէին. «Քաղաքացիական արիութիւն». հասկացողութիւն մը, որմէ առհասարակ ետ կեցած ենք: Ընդհակառա՛կը, թելադրած են մեր հաւաքականութեան խորհրդատուները: Անոնք փորձուելով բազմաթիւ փորձանքներէ՝ ամբողջ հանրապետութեան շրջանին ապահով գտան հաստ պատեանի մը մէջ գոյատեւելը: Կարծեցին, որ այդ պատեանին մէջ անտեսանելի մնալով՝ աւելի քիչ կը վնասուինք: Հետեւանքը ցոյց տուաւ, որ բնազդաբար մեր վրայ քաշուած այդ պատեանը այնքան ալ ապահով չէր: Չէր՝ քանի որ իշխանութեան չար միտքը գիտէր, թէ ի՛նչ կար այդ պատեանին տակ, եւ ամէն առիթով կը փորձէր վնաս հասցնել անոր տակ «ապաստանածներուն»: Ուրեմն, այսպէս, սովորութիւնը կը շարունակուի:
Թուրքիայէն ետք կարգը կու գայ Ատրպէճանին: Եւ այդ ճամբով անշուշտ՝ Արցախին, որ մեր ժողովուրդին դէմ գործուած երկրորդ եւ երրորդ Ցեղասպանութեան վայրն էր: «Ասպարէզ»ի նոյն թիւի անմիջապէս երկրորդ էջին վրայ կ՛երեւի գրող հրապարակագիր Ստեփան Թօփչեանի «Դանակը Ոսկորին…» խորագիրով երկարաշունչ մանրամասն յօդուածը կամ ուսումնասիրութիւնը, որ կը սկսի այսպէս. «Արցախեան շարժման սկզբից իսկ Բաքուի բութ եւ վայրագ քաղաքականութեան՝ սադրանքների, բռնութիւնների, սանձազերծած պատերազմի, հայերի Ցեղասպանութեան համար, մեր ժողովրդի մեծ, ծանր զոհաբերութիւններով հանդերձ, երախտապարտ պէտք է լինենք դաժան ճակատագրին: Բաւարար ճկունութիւն ու տարրական իմաստութիւն հանդէս բերելով՝ Բաքուն եթէ խաղաղօրէն յանձնէր ԼՂԻՄը, հայ-ադրբեջանցի տոկոսային յարաբերութիւնը տարեցտարի թեքուելու էր արագ բազմացող Ադրբեջանցիների կողմը եւ նրանցից ազատուել չէր լինի»: Եւ, հակառակ իրենց ամօթահար պարտութեան, ազերիները տակաւին կը յոխորտան:
Մենք չենք անդրադառնար, թէ ընդհանրապէս որքա՜ն փոքր եւ աննշան դէպք մը մեզ կը խանդավառէ, եւ նոյն տրամաբանութեամբ նոյն փոքր եւ աննշան դէպքը մեր աչքերէն արցունք կը խլէ: Ուրեմն, մենք նուազագոյնով գոհացող հաւաքականութիւն մըն ենք: Ատոր համար է, որ Աստուած մեր պահանջները լիովին չի գոհացներ, ոչ այսօր, ոչ ալ վաղը կրնանք յուսալ, որ բան մը պիտի փոխուի այս իրավիճակէն: Որովհետեւ, երեւի մենք քիչ կը ստանանք, որովհետեւ աւելին չենք ուզեր կամ չենք պահանջեր: Եւ, այս մէկ երեւոյթը մեզի դաս չ՛ըլլար: Պիտի չըլլայ նաեւ ապագային, որովհետեւ այս մէկը մեր բնաւորութեան յատկանշական գիծերէն մէկն է: Բնաւորութիւն եւ խառնուածք չեն փոխուիր մէկ օրէն միւսը: Թերեւս փոխուին մէկ դարէն միւսը, եթէ շատ ուշ չըլլայ:
Ամէնէն նշանակալից դէպքը, մեր վերջին դարու կեանքին մէջ, Ցեղասպանութիւնն էր: Ատոր համար է որ այդպէս ամուր կը կառչինք այդ թուականին: Անդադար կը գրենք անոր մասին, որովհետեւ այնպէս կ՛երեւի, թէ ո՛չ հայ գրողները կը ձանձրանան Ցեղասպանութեան մասին գրելէ, ո՛չ ալ հայ ընթերցողները՝ կարդալէ: Եւ, կը սպասեն որ բան մը պիտի պատահի ի վերջոյ:
Միեւնոյն ժամանակ, մենք անդադար մեր հողը կը փորենք ի խնդիր կաթիլ մը քարիւղի, որպէսզի մեր ճակատագիրը գէթ մէկ սանթիմեթր փոխուի: Անդրադարձած ենք վերջապէս, որ մէկ կաթիլ քարիւղը աւելի կ՛արժէ, քան մեր տարիներով հոսեցուցած արցունքները: Ուրեմն, կը շարունակենք գետինը փորել, փորփրել, յուսալով որ գոնէ այս ձեւով, քարիւղ գտնելով, կրնանք կաշառել մեր թշնամիները, եւ թշնամիներուն բարեկամները, քանի որ պատրաստի գումարներ չունինք մեր ակնկալած արդիւնքին հասնելու համար:
Քիչ մը վերը յիշեցինք, որ թուրք դիւանագէտը՝ Վոլքան Վուրալ, կը թելադրէր թուրքին հայերէն ներողութիւն խնդրել, առանց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու, որպէսզի փոխհատուցման հարց ալ չըլլայ: Չեմ գիտեր, դուք ալ կը յիշէ՞ք արդեօք, որ տարիներ առաջ, մենք եւս կ՛ընդունէինք այդպիսի լուծում մը, որպէսզի սայլը քիչ մը շարժի: Եւ, թերեւս մեր ժողովուրդին մէկ տոկոսը տակաւին համաձայն ըլլայ անոր, որովհետեւ բան չի կորսնցնէր, եթէ ընդունի այդ դաւաճանութիւնը ընել: Իսկ, եթէ յանկարծ իրականանայ հայուն երազը, այն ատեն յաղթանակը պիտի վերագրէ Աստուծոյ: Մեր բոլոր նահատակները՝ ոչինչ: Արդէն մինչեւ այս թուականը անոնք, այսպէս կամ այնպէս, մեռած պիտի ըլլային անշուշտ:
Վերադառնալով յօդուածիս սկզբնաւորութեան, պէտք է ըսեմ, որ յիշուած գրութիւնները զիս շփոթի մատնեցին, ո՛չ անոր համար որ անոնք իրարու կը հակասէին, այլ որովհետեւ, իրականութիւններ ըլլալով հանդերձ՝ մեզ տեղ մը չէին հասցներ: Գոնէ մեր ուզած տեղը չէին հասցներ, ոչ անպայման յօդուածագիրներուն պատճառով: Այլ՝ յստակ կը տեսնէինք որ այնպէս կ՛ըլլար որ մեզի կը պարտադրէին տեղքայլի մէջ մնալ, առանց Ցեղասպանութիւնը թուրքին ընդունիլ տալու: Որովհետեւ յօդուածները բոլորն ալ տեղական բնոյթ ունէին: Ամէն երկիր, ամէն հայ հաւաքականութիւն իր շահը ունէր եւ սայլը տարբեր ուղղութեամբ կը քշէր:
Օրինակի համար, Թուրքիոյ հայերուն քայլերը, ամբողջ հայութեան չէին կրնար օրինակ ծառայել կամ օգտակար ըլլալ: Որովհետեւ, անոնք բոլորն ալ իրաւամբ կը գանգատէին Ցեղասպանութեան հարցի ներկայ լճացումէն: Ոչ մէկը նոր ճամբայ ցոյց կու տար, կամ նոր գաղափար մը կը յայտնէր: Եւ այսպէս, մենք ալ մենք մեզ կը մխիթարենք, հաստատելով որ գէթ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ մոռացութեան չէ տրուած, գէթ հին եւ նոր սերունդները նոյն հոգեվիճակով կ՛ոգեկոչեն զայն: Բայց, մէկ բան որոշ է. անցնող ամէն տարուան հետ, քիչ մը նուազ խանդավառութեամբ կը յիշենք զայն, ինչ որ բնական է, բան մը յաջողցնելու անկարողութեան գիտակցութեամբ: Մանաւանդ երբ անդին կը տեսնենք նիւթական միջոցներու շնորհիւ թուրքին յառաջխաղացքը եւ մեր դատին կասեցումը կամ դանդաղեցումը:
Գալով ազերիներուն, անոնք եւս թուրքին պէս իրենց կառքը կապած են Ամերիկայի կառքին եւ, Հայաստանի հետ բարի դրացնութեան կամ եղբայրութեան պատրուակով, չեն վախնար կամ ամչնար բացէ ի բաց ստելու ամբողջ աշխարհին առջեւ: Քիւրտին նպատակը, որ նաեւ իր կառքը կապած է թուրքի կառքին, թալանին մասնակից դառնալու «անմեղ» փափաքն էր, որ զայն մղեց չմերժելու թուրքին առաջարկը, եւ հիմա ամէն առիթով կ՛ըսէ թէ ինք Ցեղասպանութեան չէ ուզած մասնակցիլ, բայց եւ այնպէս մասնակցած է անգիտակցաբար: Գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, մեզի համար նոյնն է: Մասնակցած է, եւ վերջ:
Իսկ ամէնէն զարմանալին եւ ողջունելին պոլսահայութեան զարթօնքն է:
Վերջապէս: Առանց մեղադրելու զիրենք, միշտ ալ կը յուսայինք որ օր մը անոնք ալ մեզի պիտի միանան, եւ մեր ձայնը աւելի զօրաւոր պիտի հնչէ: Հիմա անոնք կը խօսին «պատեանը կոտրելու եւ քաղաքացիական արիութիւն» ցուցաբերելու մասին: Ուշ՝ բայց եւ այնպէս գնահատելի դրական երեւոյթ:
Այսուհանդերձ մենք վստահ ենք որ, օր մը, մեր կառքը տեղ պիտի հասնի:
Ամէն տարի՝ այս օրերուն: