
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ճառը հայերէնով կատարուեցաւ: Ստորեւ՝ Շիֆի ելոյթը.
«Սիրելի հայ բարեկամներ՝ հոս եւ աշխարհի չորս կողմերը,
Այսօր՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 98 տարելիցի օրը, Ներկայացուցիչներու տան ամպիոնէն խօսքս ձեզի կ՛ուղղեմ՝ ձեր մեծ հայրերու լեզուով: Լեզու մը, որուն հետ անոնք արտայայտած են իրենց սէրը, յոյզերը՝ 1915 թուականին, երբ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տասնեակ հազարաւորներ կոտորուեցան: Կը խօսիմ այն երեխաներուն լեզուով, որոնք ականատես դարձան իրենց հայրերու սպանութեան: Հազարաւոր կանայք բռնաբարուեցան: Կը խօսիմ այն մայրերուն լեզուով, որոնք մահացան՝ իրենց նորածինները իրենց գիրկը: Կը խօսիմ այն վերապրածներուն լեզուով, որոնք Ամերիկա եկան նոր կեանք սկսելու եւ ազատութիւն վայելելու համար:
Արդէն մէկ դար է, որ Թուրքիա շարունակաբար կ՛ուրանայ Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա նաեւ կը փափաքի, որ ամբողջ աշխարհը մոռնայ այս Ցեղասպանութիւնը: Կը խօսիմ անոնց լեզուով, որոնք այլեւս չկան: Անոնք մեզմէ կը խնդրեն յիշել զիրենք: Անոնց ձայները տակաւին կը լսուին: Ես այս նահատակներէն ոեւէ մէկուն ժառանգորդը չեմ, սակայն ձեզի հետ կը խօսիմ իրենց գեղեցիկ լեզուով, քանզի այսօր բոլորս հայ ենք:
Ձեզի կը դիմեմ հոսկէ՝ Ներկայացուցիչներու տան ամպիոնէն, քանզի Ամերիկայի ժողովուրդը միշտ բաց ճակատով եւ քաջութեամբ նայած է բոլոր սարսափներուն եւ անոնց տուած է իրենց իսկական անունը: Կը սպասեմ այն օրուան, երբ անոր ղեկավարները եւս նոյնը պիտի ընեն, որովհետեւ վստահ եմ, որ այդ օրը պիտի գայ: Բայց կ՛ուզեմ, որ այդ օրը չուշանայ, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը վերապրածները կարենան լսել անոր յուզիչ ձայնը:
Աստուած մեր ձայնը լսէ»:
Յայտնենք, թէ Ապրիլ 18ին, Շիֆ նամակով մը կոչ ըրած էր նախագահ Օպամային, որ յստակօրէն ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: