ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման 98ամեակը ընձեռեց, ռազմավարական պատկերաւոր արտայայտութեամբ, աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերու վերաթարմացման, դիրքերու վերադասաւորման եւ թիրախներու վերասահմանման անխուսափելի, այլեւ՝ ուսանելի՛ պահը։
Հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ բերաւ, ոգեկոչական յաւուր պատշաճի ելոյթներէն անդին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական զօրաշարժին նորովի թափ տալու, հայկական ուժականութեան ցիրուցան պաշարները համադրելու եւ առաւելագոյնս արդիւնաւորելու մարտահրաւէրը։
Շեշտեց, վերջին հաշուով, թր-քական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծագոյն ոճիրի դարադարձին ազգովի՛ն նախապատրաստուելու հրամայականը։
Եկաւ ահազանգ հնչեցնելու, որ հայ քաղաքական միտքը տակաւին պէտք է կարենայ միասնականօրէն Ճշդորոշել, ծրագրել եւ կազմակերպել մեր ժողովուրդին պահանջատիրական այն մեծ գրոհը, որ Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակին, համազգային մեր հատու Պատասխանը պիտի տայ՝
– Հայոց Ցեղասպանութեան թուրք պետական 100ամեայ ուրացումին։
– Քսաներորդ դարուն մարդկութեան դէմ գործուած ցեղասպանական առաջին ոճիրը անպատիժ եւ անհատոյց լքելու մեծապետական ամօթալի վարքագծին։
Փաստօրէն երկու տարի ետք հարիւրամեակն է Մեծ Եղեռնի եւ դեռ ազգովին չենք ճշդած Հայ Դատի պահանջատիրութեան ու պայքարի ա՛յն ռազմավարութիւնը, որ՝
– Արդար հատուցում կատարելու քաղաքական պարտաւորութեան տակ պիտի դնէ Թուրքիան։
– Հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի կնճիռին արդար ու իրաւական լուծում մը գտնելու օրակարգը առաջնահերթ պիտի դարձնէ մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերուն համար։
Աւելի՛ն. տեղքայլի մէջ է Հայ Դատի համազգային հետապնդումը, որովհետեւ հայ քաղաքական միտքը իր ամբողջութեան մէջ դեռ չէ իւրացուցած Պահանջատիրութեան եւ Պայքարի տարրական Այբուբենը։
Հայաստանի վերանկախացումով պահ մը ազգովին խանդավառուեցանք այն լաւատեսութեամբ, որ Սփիւռքը այլեւս առանձին պիտի չմնայ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի ճակատներուն վրայ։
Հաւատացինք եւ ուզեցի՛նք հաւատալ, թէ հնչած էր ժամը, որպէսզի հայ ժողովուրդը նաեւ պետականօրէն տէր կանգնէր իրմէ խլուած հայրենի հողերուն վերատիրանալու պահանջին։
Յուսախաբութիւնը շատ արագ հետեւեցաւ։
Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, խորհրդային քաղաքականութեան որոշակի կաշկանդումներէն ձերբազատուելով հանդերձ, յայտնուեցաւ այս անգամ միջազգային պարտաւորութեանց պատանդի վիճակին մէջ։
Պատանդ՝ յատկապէս մեծապետական քաղաքականութեան այն ճնշումներուն, որոնք հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործած թրքական պետութեան հետ բարի–դրացիական յարաբերութեանց «նոր էջ մը բանալու» ծանրագոյն պարտաւորութեան տակ դրած են վերանկախացեալ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները։
Անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները անշուշտ կը փորձեն դիւանագիտականօրէն շրջանցել մեծապետական այդ ճնշումները – եւ ըստ ամենայնի պատանդի այդ վիճակէն դուրս գալու յուսադրիչ քայլեր կը նետուին Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ։
Բայց այդ քայլերը համապատասխան չեն մեծապետական ճնշումներուն, որոնք «Մեր Հողերը, մեր հողերը» պահանջով 1965ին Երեւանի փողոցները ողողած հայրերու զաւակներէն կը սպասեն այսօր բաւարարուիլ… թրքական պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով, դատապարտումով ու ներողութիւն խնդրելով։
Նոյնիսկ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը չկրցաւ հայրենի հայութեան մէջ մեռցնել պահանջատիրական պայքարի ոգին։
Մինչդեռ այսօր եւ մեր աչքերուն առջեւ, ազատ ու անկախ պետութիւններու իրաւական նոր աշխարհակարգին վարիչները ամէն ճնշումի կը դիմեն, որպէսզի Հայաստանն ու հայութիւնը սեփական իշխանութեանց ձեռամբ Թուրքիոյ «հողային ամբողջականութեան» անբաժան մասը հռչակող Արձանագրութիւններ… ստորագրեն եւ ցեղասպանին «զիջին» հայրենի մեր բռնագրաւեալ հողերը։
Պատահականօրէն չէ, հետեւաբար, որ Մեծ Եղեռնի 98ամեակին ոգեկոչումները յատկանշականօրէն վերադարձ կատարեցին Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի Այբուբենին։
Ինչպէս հայրերը շուրջ յիսուն տարի առաջ, այնպէս ալ որդիները աշխարհասփիւռ հայութեան՝ այսօր նորովի թափով իրենց շեշտը կը դնեն Հատուցման պահանջատիրութեան վրայ։
Ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ հողային հատուցում կը պահանջենք ցեղասպան թրքական պետութենէն, որ նիւթական թէ մարդկային հատուցման իր ուրացած պարտաւորութեանց այսօր իբր թէ տէր կանգնելու պատրանք ստեղծելով՝ վերջնականապէս թաղել կը փորձէ Հայկական Հարցը՝ իբրեւ գերազանցապէս հողային եւ քաղաքական պահանջատիրութեան դատ։
Մեծ Եղեռնի 100ամեակին նախապատրաստուող իրաւատէր հայութիւնը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու Պահանջատիրութեան եւ Պայքարի այս Այբուբենին։
Միւս բոլոր «իմաստութիւնները» ըստ ամենայնի անարգա՜նք են անթաղ մնացած մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներու յիշատակին։
Իսկ եթէ Հայաստանի անկախութեան համար մեծապետական աշխարհը իրաւական այդօրինակ «գին» կը պահանջէ իրաւատէր հայութենէն, Հարիւրամեակի մեր պատասխանը առաջին հերթին պիտի ուղղուի նորովի գործուող այդ Անարդարութեան դէմ։