
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակներեւ է, որ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ, դուրսէն թէ ներսէն, ամէն ճիգ կը թափուի մոռացման մատնելու հայ ազգային պահանջատիրութեան ու Հայ Դատի պայքարին Այբուբենը.– յատկապէս՝ անոր կիզակէտը, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ մեր հողերուն վերադարձն է հայ ժողովուրդին, կորուսեալ հայրենիքին իրաւական վերատիրացումով։
Հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը արհամարհող մեծապետական ճնշումի այդ վարքագիծը յառաջ կը մղուի ուղղակի թէ անուղղակի բոլոր միջոցներով.– Ամէն գնով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կը պարտադրուի մեծապետական աշխարհի խաղականոններով առաջնորդուող պետական կառավարման «հակակշռելի» համակարգ մը։
Որոշապէս Թուրքիան դարպասելու եւ սիրաշահելու մեծապետական հնաւանդ քաղաքականութեան նորօրեայ այս դրսեւորումը, այդուհանդերձ, անհրաժեշտ խորութեամբ եւ ծանրութեամբ դեռ չընկալուիր հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերուն կողմէ։
Տակաւին մեր մէջ կը յամենայ այն պարզամտութիւնը կամ կը քարոզուի այն «իրատեսութիւն»ը, որ «Մեծերու խաղ»ին մէջ Հայաստանն ու հայութիւնը այլընտրանք չունին եւ, կամայ թէ ակամայ, պարտաւոր են հետեւելու հզօրներուն պարտադրած քայլերուն…
Իբր թէ «պետական մտածողութեան» դիրքերէ աջ ու ձախ հրամցուող այդօրինակ «իմաստութիւններ»ը չեն անդրադառնար, որ «Մեծերու խաղ»ին բնորոշ են հզօրներուն արհամարհանքը թոյլերուն նկատմամբ։ Մանաւանդ այն տկարներուն հանդէպ, որոնք պարտուողականուութեամբ ու համակերպումի ոգիով կը փոխարինեն… իրաւունքի եւ արդարութեան, ազատութեան եւ իրաւահաւասարութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու մարտունակութիւնն ու յեղափոխական յանդգնութիւնը։
Բայց հայ ժողովուրդը մաս չի կազմեր «թոյլերու ընտանիքին»։ Ան ստեղծած է ազգային–ազատագրական պայքարի իր ուրոյն «դպրոց»ը, արիւնաքամ իյնալով եւ բարձրաճակատ վերականգնելով՝ վերապրումի իր ուղին հարթած է եւ, ըստ ամենայնի, սեփական արիւնէն եւ քրտինքէն ծանրագոյն գին վճարելով ելք գտած է՝ իրեն պարտադրուած ազգային եւ ընկերային ազատազրկումի ու իրաւազրկումի անարդար բոլոր հարուածները անվեհեր դիմագրաւելով։
Հետեւաբար, ինքնախաբէութեան զուր փորձերէ անդին չեն անցնիր վերանկախացեալ մեր հայրենիքի այսպէս կոչուած «ազգընտիր» իշխանութեանց բարձրագոյն դիրքերէն երէկ հնչած եւ այսօր կրկնուող այն «յանկերգներ»ը, որոնք յանուն «քաղաքական ողջմտութեան» պարզապէս կ՛արհամարհեն սեփական ժողովուրդին հաւաքական կամքը։
Քաղաքական հատուցման եւ բռնագրաւեալ մեր հողերու պահանջներուն փոխարէն՝ հրապարակ կը նետեն «Ցեղասպանութեան հետեւանքներու ամբողջական վերացման» տիպի դիւանագիտական ծամծմուած կարգախօսներ…
Ինքնախաբէութեան այդ փորձերը նաեւ վտանգաւոր կը դառնան, երբ Հայ Դատի պայքարին պետականօրէն զօրակցելու նմանակումի կը յանգին։ Երբ ազգային պահանջատիրութեան ճակատին վրայ զիջումներ կատարելով մեծապետական ճնշումներուն՝ կը փորձեն սեփական իշխանութեան դիրքերու ամրապնդման մէջ քաղել «պտուղներ»ը արտաքին «օրհնութեան»։
Թերահաւատները կրնան ուշադիր հետեւիլ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը այս օրերուն «կլանած» Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեանց, որպէսզի պարզ աչքով նկատեն մեր երկրի ու պետութեան նախագահական իշխանութեան «վերատիրացած» քաղաքական ուժին նմանակած «ժողովրդավարական» խաղաոճին ամբողջ կեղծիքն ու վտանգը։
Փաստօրէն կը կրկնուի Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին կիրարկուած պետական միջոցներու եւ կռուաններու առանձնաշնորհեալ օգտագործումը՝ ի սպաս իշխանաւոր ուժի վերընտրութեան։ Աւելի՛ն. չբաւարարուելով ժողովրդային բողոքի շարժման կամքին բռնանալու իր կամակորութեամբ՝ «ինքզինք վերարտադրած» նախագահական իշխանութիւնը նորովի թափով լծուած է Երեւանի քաղաքապետի աթոռին վրայ սեփական թեկնածուն ամէն գնով «վերընտրելու» իբր թէ «ժողովրդավարական» ընտրապայքարին։
Դժուար չէ բացատրել, թէ ընդդիմադրութիւնը ինչո՛ւ համակերպեցաւ օրակարգ փոխելու այսօրինակ խաղին։ Նախագահական ընտրութեան մեծ հանգոյցը չլուծած՝ յանուն Հայաստանի ժողովրդավարական վարկանիշի բարձրացման, ընդդիմադրութիւնը Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեանց օրակարգին մէջ տեսաւ կառավարման այս անյոյս համակարգի արմատական բարեփոխման առաջնորդող հնարաւոր քայլ մը։ Քաղաքապետական ընտրութիւնը նաեւ թէժ կրակի վրայ կը պահէ ժողովրդային բողոքի շարժումը…
Բայց մինչ ընդդիմադրութիւնը կ՛ապրի հոգը Հայաստանի պետական վարկանիշին բարձրացման, իշխանութիւնը անարգել կը չարաշահէ պետական լծակները՝ ի խնդիր մեծապետական խաղականոնի «յաղթականը կը շահի ամէնը» օրինաչափութեան… գործադրումին։
Ամէնէն հեգնականը այն է, որ մինչ ընդդիմադրութիւնը պայքարի դաշտ իջած է Երեւանի «Աւագանի» ընտրութեան օրակարգով, իշխանութիւնը «առօք–փառօք» իր ընտրապայքարին օրակարգ ընտրած է Երեւանի քաղաքապետին ընտրութիւնը։
Եւ դարձեալ պէտք է սպասենք մեր ժողովուրդի քուէին, եթէ անշուշտ պիտի չկեղծուի ժողովուրդի քուէն, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք եզրակացնել, թէ ի վերջոյ ո՞ր օրակարգով պիտի կատարուին Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները։
Բուն հարցը այդ չէ սակայն։
Ազգովին հայ քաղաքական միտքը տագնապեցնող մեծ հարցը մոռացումն է Ազատութեան, Արդարութեան եւ Իրաւահաւասարութեան Այբուբենին։
Իր վերանկախացումէն 22 տարի ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելիով աւազախրած է ներքին երկփեղկման ոլորապտոյտին մէջ։
Ծայրայեղ բեւեռացում մը իրարու դէմ հանած է մէկ կողմէ մեր ժողովուրդը, իսկ միւս կողմէ անոր անունով պետութիւնը սեփական ագարակի վերածած նախագահական իշխանութիւնը։
Արատաւոր ու խաթարուած կառավարման համակարգը ակռաներով պահող իշխանութիւն մը, որ յանուն «ինքնավերարտադրման»՝ չի վարանիր մէկդի նետելու Այբուբենը թէ՛ Ազգային պահանջատիրութեան եւ Հայ Դատի պայքարին, թէ՛ Ազատութեան, Արդարութեան եւ Իրաւահաւասարութեան։
Էապէս տկար ու թոյլ իշխանութիւն մը, որ հակակշռի ըլլալու իր հանգամանքին բերմամբ՝ աջէն ու ձախէն կը հովանաւորուի մեծապետական քաղաքականութեան կողմէ…